Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարարը

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին, ընկերակցութեամբ իր խորհրդականներէն ժեներալ Փանոս Մանճեանի։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան բանակին դերը որպէս երաշխիք Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան ու միութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.