Դեկտեմբեր 04, 2025
Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները
- (0)

28 Յուլիս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու յատկապէս Հայաստանը դիմագրաւող ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համազգային արժէքներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը` տագնապներով լեցուն մեր ազգին ու Հայրենիքին պատմութեան ներկայ հանգրուանին։