Ատրպէյճան Լաչինի մէջ օդակայան կը կառուցէ

Ատրպէյճան բռնագրաւուած Բերձորի մէջ (Լաչին) օդակայան կը կառուցէ։ Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները` շինարարական աշխատանքները նախատեսուած են աւարտել 2025 թուականին։
Օդակայանի թռիչքուղին պիտի ունենայ 3000 մեթր երկարութիւն եւ 60 մեթր լայնութիւն, իսկ օդակայանը մէկ ժամուան ընթացքին պիտի կարենայ սպասարկել մինչեւ 200 ուղեւորի։
Յիշեցնենք, որ այս օդակայանը կը դառնայ բռնագրաւուած Արցախի մէջ կառուցուած երրորդ միջազգային օդակայանը։
Տրամաբանական հարց կ’առաջանայ, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայեն Իրանի սահմանին կից կառոցուած եւ կառուցուող օդակայանները։ Ովքե՞ր պիտի օգտուին անոնց ծառայութիւններէն։

Comments are closed.