Յունուար 08, 2026
Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան 33 միլիարդ խորանարդ մեթր կազի մատակարարման համաձայնագիր ստորագրած են
- (0)

Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան 33 միլիառտ խորանարդ մեթր կազի մատակարարման համաձայնագիր ստորագրած են։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար։
Ան նշած է, որ համաձայն այդ համաձայնագրին՝ 15 տարուան ընթացքին Կասպից ծովու Աբշերոն հանքավայրէն տարեկան 2,25 միլիարդ խորանարդ մեթր կազ պիտի մատակարարուի։ Համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2029-ին եւ պիտի գործէ մինչեւ 2040-ական թուականները։
«Օգտագործելով գոյութիւն ունեցող ենթակառուցուածքները՝ մենք այդ կազը մեր երկիր պիտի հասցնենք Պաքու–Թիֆլիս–Էրզրում կազամուղով»,– ըսած է Պայրաքթար։