Ատրպէյճանական Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը Պէյրութի ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբ
8 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանին հետ, որ արցախեան պատերազմի օրերուն, 10 նոյեմբերին յայտնուած էր ատրպէյճանական գերութեան մէջ:
ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ կոմիտէն Մարալ Նաճարեանի` գերեվարութենէ ազատումէն ետք մօտէն հետեւեցաւ անոր բժշկական, ընկերային եւ նիւթական պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ առաջին օրերուն հիմնական մտահոգութիւնը շուրջ չորս ամիս գերութեան մէջ գտնուած Նաճարեանի ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վերականգնումն էր: Տէմիրճեան աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ համադրաբար կատարուեցան պէտք եղած քննութիւնները, եւ հետագային, նկատի առնելով պահանջները, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններու, նախարարի եւ բարերարներու ճիգերով հաւաքուեցաւ գումար մը, որպէսզի Մարալ Նաճարեան վերստեղծէ աշխատանքային նոր կարելիութիւններ` վերադառնալու բնականոն կեանքին: Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ կոմիտէի պարտականութիւնն է բոլոր միջոցներով զօրակցիլ իր շրջանի հայորդիներուն, եւ այս պարագային թշնամիին կողմէ գերեվարուած հայորդին բնականաբար առաւել եւս արժանի է յաւելեալ հոգատարութեան եւ գուրգուրանքի:
Իր կարգին, Մարալ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, պետական երեսփոխաններուն եւ նախարարին, որոնք իր վերադարձի առաջին օրէն նեցուկ կանգնեցան իրեն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, որ սկզբնական փուլին բոլոր միջոցներով եւ միշտ հետեւեցաւ իր առողջական վիճակին եւ ընկերային կարիքներուն, փորձեց ստեղծել հանգիստ եւ աղմուկէ անդին պայմաններ, որպէսզի ամէնէն արագ միջոցին ինքզինք վերագտնէ եւ վերադառնայ առօրեային: Նաճարեան ըսաւ, որ Լէյլաւանը իր հարազատ շրջանն է, ուր ակումբին հոգատարութեամբ ինք իր ընտանիքին հետ ապրած է հանգիստ պայմաններու մէջ: Մարալ Նաճարեան նշեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, տագնապներուն եւ անհատական վատ փորձառութիւններուն, Հայաստանը կը մնայ մեր հայրենիքը, եւ ինք անմիջապէս պիտի վերադառնայ Հայաստան:
Նշեալ հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ վերապրելու անցնող ամիսներու դժուարութիւնները եւ հաւաքական ճիգերը, ներկայացնելու գերութեան առօրեայէն յուշեր եւ մաղթելու, որ Հայաստանն ու Արցախը վերականգնին, իսկ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական հարցերը շուտով ունենան ժողովուրդին համար ընդունելի լուծումներ: