Առցանց Հանդիպում Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանին հետ

Horizon Weekly Newspaper
Կիրակի 14 Յունուար 2024թ. Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքի ընկերներու խուռն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հաւաք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանին հետ: Ներկայ էին աւելի քան 23 միութիւններէ եւ 15 երկիրներէ երիտասարդներ եւ ուսանողներ: Հանդիպումը առիթ էր զրուցելու Հայրենիքի ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցներուն մասին եւ մեր ընելիքները որպէս Հ.Յ.Դ. Երիտասարդներ Հայկական հարցի այս ճգնաժամային հանգրուանին, մասնաւորաբար Արցախի հիմնախնդրի մասով:
Հանդիպումը կրկին անգամ եկաւ հաստատելու, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքը աննահանջ կը մնայ իր խրամատներուն մէջ, պայքարը շարունակելու եւ մեր ժողովուրդին եւ ազգին իրաւունքներուն համար կռիւ տալու:
Արցախեան հարցը փակուած չէ եւ չի կրնար փակուիլ քանի դեռ վառ է ազգային ազատագրական պայքարի նուիրուած երիտասարդութեան կամքը եւ վճռակամութիւնը: