ԱՌԸՆՉՈՒԻԼ ԻՐԱՒ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Յ. Պալեան

            Թուղթ, խօսափող եւ եթեր խճողող թեր ու դէմ աղմուկ,  դաշտահանդէս, պարախումբի ելոյթ, բարեսիրական անվաղորդայն ինքնագոհութիւններ, նիզակախաղեր… Այսպէս է հայ կեանքը, Հայաստան եւ բազմապատկուող Սփիւռք(ներ):

            Անոնց փոխարէն եթէ երբեմն լսենք, ետ դառնալով լսած ըլլայինք, անմիջականով չբաւաւարարուող հայ իմաստունները, նուազ կը պարտուէինք, մանրուքի ինքնահաստատում չէինք փնտռեր, «ես»երու դրօշ չէինք պարզեր, չէինք պառակտուեր:

            Ամէն օր քիչ մը աւելի գունագեղ դարձող Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայը, իրաւը խօսած եւ գրած անցեալի եւ ներկայի հայ մտաւորականները չի լսեր, չէ լսած: Հայութիւնը յոգնակի է: Քաղաքականութեան ասպետներ, թեր ու դէմ, համացանցի անդուռ բեմին վրայ սանձարձակ կ’արշաւեն, իւրաքանչիւրը կը հնչեցնէ իր փողը: Ամէնքն ալ, իրենք իրենց եւ զիրենք լսողներուն օգտակար կ’ըլլան, եթէ յիշեն ազգային հարազատի ճամբացոյց անխարդախ եւ  իրաւ մտաւորականներու խօսքերը, ընեն այնպէս, որ պատգամ եւ իմաստութիւն իրենք լսեն, եւ ընեն այնպէս, որ անոնք հասնին ժողովուրդին, որպէսզի անոր խնայուի դատարկաբանութիւններ լսելու եւ ընթերցելու անշահ զբաղումը:

            Կը սիրենք Չարենցը, առանց զայն իրապէս «լսել»ու, թութակաբար կը կրկնենք անոր հռչակաւոր խօսքը,  որ՝ «ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»… կը ծափահարենք եւ ապա բեմը կը դատարկենք: Չենք լսեր… Բայց օր մը նորէն, որպէս նորութիւն եւ գիւտ, պիտի կրկնենք:

            Ներսի եւ  դուրսի հայ կեանքի քաղաքական, գրական եւ մշակութային աղմուկին մէջ, տարիներէ ի վեր չեմ լսեր բեղուն  եւ ազգային իրաւութեամբ գրող Վիգէն Խեչումեանի անունը, ո՛չ ոք կ’անդրադառնայ անոր «լուսաւոր» ԳԻՐՔ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ազգային իմաստութեան հատորին: Համացանցի վրայ կայ գիրքին անունը, բայց գիրքը չկայ: Մոռացումները մեզ չեն անհանգստացներ: Այսօր ո՛չ ոք կը յիշէ պայծառ մտաւորական Ռաֆայէլ Իշխանեանը…  Անոնք դարձած են խոշոր             Անծանօթներ:  Անոնց միտքն ու խօսքը  վերտառութիւն չեն, կարգախօս չեն:

            Աշուն է: Պարտէզի արեւը կը դիտեմ փակ պատուհանի ապակիի ետեւէն, ինչպէս կը դիտեմ  հայ կեանքը եւ խառնուած աշխարհը: Պատերազմներու թատրոններ, որոնց  հանդիսատես ենք օրուան բոլոր ժամերուն:

            Մոլորակի, եւ անկէ անդին աշխարհներու մասին,  հեռատեսիլը տեղեկութեան հեղեղ է: Բոլորին վրայ կը ծփայ ուրուական նաւ դարձած, փոքրացած եւ միշտ մանրուող հայ ժողովուրդ մը, որ չի գիտեր ո՞ւր խարսխել, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Հէքիաթ ենք: Այդ կը պատմենք իրարու եւ մեզ լսողներու: Կ’ըսենք «Հայաստան», որ պատմութեան յուշի բեկոր է, կ’ըսենք Ազգ, որ անհասցէ անհատներու տեսական եւ տարածուած անլոյս աստղահոյլ է:

            Ազգ չենք կրցած ըլլալ, բայց երազելու իրաւունքով կ’ըսենք՝ որ ազգ ենք: Ինչպէ՞ս ազգ ենք, երբ բազմահասցէ եւ բազմալեզու ենք, բայց մեծխօսիկութեամբ կ’ըսենք որ «համաշխարհային ազգ» ենք: Գիտցող կա՞յ այդ համաշխարհային ազգին հասցէն: Այդպէս ըլլալու սնափառութեամբ գինովցողներ ալ կան: Այս մտորումները զիս տարին իրաւ մտաւորականներու պայծառ միտքերու վերյուշին, իրատեսներու՝ որոնք եղած են: Զանոնք չենք լսած:

            Մտածա՞ծ ենք, գործա՞ծ ենք, կը գործե՞նք ազգ ըլլալու համար:

            Սփիւռքացող հայութիւնը արժանապատուութեամբ եթէ լսած ըլլար հայ գրող Վիգէն Խեչումեանի անպաճոյճ իմաստութիւնը, ազգ ըլլալու ուղիի վրայ կը մնար:

            Ինչո՞ւ «մերը» կոչուած ղեկավարութիւնները, բեմերը, մեր միշտ քաղքենիացման հետամուտ ժողովուրդին չեն ըսած, օրինակ ըլլալով չեն ըսեր, Վիգէն Խեչումեանի  հետ բարձրաձայնելով որ՝  «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

            Արդարեւ, «ուրիշի դրանը» ազգ չենք, հանդուրժուած «հիւր» ենք, փողկապաւոր եւ կուշտ, փոխ առնուած բազմերանգ ինքնութիւններով, որոնք մեր ժողովուրդի ինքնութիւն չեն: Երբ շահերու բախում կ’ըլլայ, երբ հիւրը ինքզինք դրսեւորած է որպէս տարբեր, ըսած են. «Արմէնիա գնա՛, հոս քու երկիրդ չէ»: Այս հնարուած խօսք չէ: Շատեր եթէ չեն ըսեր անգամ, կը մտածեն:

            Հիւրի կարգավիճակը յաւերժական չի կրնար ըլլալ:  Հիւրը կամ կը հեռանայ, կամ հիւրընկալին ինքնութեան շապիկը կը հագնի, ընկերաբանները քաղաքավարութեամբ կ’ըսեն՝ կը համարկուի, կը մերուի, կացութին՝ որ ազգի տեսանկիւնէ այլացում է: Այլացողը կը դադրի հիւր ըլլալէ, կը ստանայ հիւրընկալի կարգավիճակ, կը դադրի շարունակութիւն եւ ինքնութիւն ըլլալէ, գոհունակութեամբ կը լսէ եւ կը ծափահարէ փաղաքշող խօսքը, որ «հայերը օրինակելի կերպով «համարկուած են», «մերուած» են: Կ’ըսեն՝ ի՞նչ եզրակացնելու համար: Փաղաքշուողը ինք ի՞նչ պէտք է եզրակացնէ:

            Նոյն վիգէն Խեչումեան գերութենէ վերադարձած հայ մը կը ներկայացնէ եւ կ’ըսէ, որ անոր լեզուն կտրած էին որ հայերէն չխօսի: Սփիւռքացման ահաւոր աղէտի նկարահանում՝ համաշխարհային ազգին եւ ծագում յիշեցնող բայց  բան չնշանակող շարականներու:

          Նոյնքան զուսպ եւ ահազանգող է Ռաֆայէլ Իշխանեան, երբ կ’ըսէ. «Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»… Պետութիւն եւ Սփիւռքի «էսթէպլըշմընթներ», յոգնակի, քանի որ անոնք բուսած են եւ կը բուսնին ամենուրեք՝ ուր հայեր կը զարնեն իրենց գաղթականի վրանները, իրենց անհետացող եւ անհետացած ինքնութիւնները կը շպարեն նոր լեզուներով:

          Վիգէն Խեչումեանի ներկայացուցած հայուն լեզուն կտրած էին, որպէսզի հայերէն չխօսի: Այդ ըրած էին, որպէսզի իր ինքնութեան յիշողութիւնը  չժ առանգէ:

            Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ:  Այսօր սփիւռքացած-սփիւռքացող անորոշութեան զանգուածներու ո՞ր տոկոսին ճշմարտապէս հաղորդակցական լեզուն հայերէն է: Դեռ ժամանակ մըն  ալ ծագումով հայ ըլլալու կամ եղած ըլլալու գիտակցութեամբ օրօրուելով, պարելով եւ երգելով, Խեչումեանի «լեզուն կտրած հայը» կրնանք մխիթարել եւ զուարճացնել: Յետո՞յ…

            Յետոյ կարգախօս-յանկերգ կրկնող Ազգէն ի՞նչ կը մնայ: Եւ քաղաքական, կեղծ հայրենասիրութեան եւ իշխանատենչական աղմուկ-իրարանցումին մէջ մոռցուած Ռաֆայէլ Իշխանեանի  հետեւութեամբ հարց կու տա՞նք. «Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ:»

            Վիգէն Խեչումեանի գիրքին մէջ կայ այլապէս խիստ կարեւոր, մեր ներկային եւ վաղուան վերաբերող քաղաքական միտք մը: Գիրքի հերոսներէն մին, մղուող ազգային-ազատագրական  պայքարի նպատակը կ’ամբողջացնէ եւ կ’ըսէ. «Մի քաղաքով ի՞նչ երկիր: Դու միաւորիր ամբողջը»… Ի՞նչ ըրինք եւ կ’ընենք ԱՄԲՈՂՋի եւ ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ համար: Ներկայ Հայաստանը, այնպէս որ կայ, գրեթէ ՄԻԱՔԱՂԱՔ երկիր է կացութիւն՝ որ տեւաբար կը շեշտուի: Հասարակաց ոչինչ ունին Երեւանի Կեդրոնի թաղերը եւ անոնց կպած Մասիսը,  Աշտարակէն Վանաձոր ձգուող ճանապարհի աջ եւ ձախ կողմի բնակավայրերը, նոյնիսկ Երեւանէն քարընկեց մը հեռու Աշտարակը, եւ մարդիկ կը շարունակեն խուժել Երեւան, ուր կը բազմապատկուին երկնաքերերը:

            Ամբողջացման համար նախ երկրի հաւասար զարգացումով ներքին միացում անհրաժշտ է: Այդ ընելու համար խօսքի զգացական հայրենասիրութիւնը գերանցող բնակեցում եւ եւ հայրենադարձութիւն պէտք է իրականացնել: Իրականացուած ըլլար: Եթէ Արցախի համար կենսագործուած ըլլար բնակեցման քաղաքականութիւն, երկիրը տէր կ’ունենար: Եթէ հոն բերուած ըլլային, գային, «ուրիշի դրանը հիւր» հայրենահանուածներու յետնորդ  սփիւռքացածները եւ հայրենիք լքող նոր սփիւռքացողները, այսինքն գործած ըլլայինք Խեչումեանի «դու միաւորիր ամբողջը» քաղաքական միտքի իրաւութեամբ, հայրենի տարածքներուն տէր կը մնայինք: Լոսէն, Նտերլենտէն, Բելգիայէն եւ ագեվազներու երկրէն հայրենատիրութիւն չի խաղցուիր: Այդ աշխարհներուն մէջ, բարեմտութեամբ, հիւր ենք: Բայց ա՞զգ ենք :

            Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք Լինելութեան»ը ինչո՞ւ չի վերահրատարակուիր Հայաստանի մէջ, ինչո՞ւ դասական ուղղագրութեամբ չի հրատարակուիր Սփիւռքի մէջ, ինչո՞ւ չի թարգմանուիր ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի, որպէսզի սերունդները երգէ, պարէ եւ խորվածէ տարբեր բան լսեն եւ տեսնեն, թերեւս այդ տարբերը լսելով ձգտին «ամբողջ»ին եւ «միաւորման», դէմ երթան իրենց հայրերուն եւ մերժեն ըլլալ «օտարի դրան հիւր կամ ծառայ»…

            Հայաստանի եւ Սփիւռքի հաղորդակցական միջոցները եւ բեմերը, փոխանակ անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած «էսթէպլիշմըթային» ասէկոսէներով զուարճանալու եւ զուարճացնելու, ինչո՞ւ Վիգէն Խեչումեանի «Դու միաւորիր ամբողջ»ի կամքը չեն սրսկեր իւրաքանչիւրին, որպէսզի վերջ գտնէ «օտարի դրանը հիւր ըլլալու» անինինքնութիւնացնող պարտութիւնը: Այսինքն ձգտիլ հոգեբարոյական եւ առարկայական «ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ», որ չկայ, կարծէք անոր չգոյութիւնը փափուկ բարձ է, որմէ չենք ուզեր հրաժարիլ՝ չանհանգստանալու համար:

            Ոչ մէկ հանգամանք ունիմ ամպագոռգոռ կոչ ընելու: Բայց ցանկութիւն ունիմ յուշելու, որ Հայաստանի Հրատարակչատուներէն մին, գեղատիպ հատորով վերահրատարակէ «Գիրք Լինելութեան»ը, ընելով այնպէս, որ ան հասնի իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ:

            Նոյնը ընել Սփիւռք(ներ)ի մէջ, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, նաեւ օտարալեզու թարգմանութիւններով:

            Այս ընել՝ ապրեցնելու համար «միաւորման» յոյսը, որ ըլլայ տեսակ մը հոգեբուժական «էլեկրոշոք», որպէսզի ազգը գիտակցութիւն նուաճէ եւ հասկնայ, Խեչումեանի ազգակերտման կենսական իմաստութիւնը. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Աւելցնեմ. կտրած լեզուով ծառայ:

            Այս ընելու եւ այս մասին խօսելու համար, եթէ արդէն ուշ չէ, վաղը ուշ պիտի ըլլայ, այս մասին խօսող ալ պիտի չըլլայ: Պիտի խօսուի «ծագումով» հայերու եւ «Պատմական Հայաստան»ի մասին: Հէքիաթներ եւ յուշամատեաններ…

            Հայաստանի հեռատեսիլէն դիտեցի հաղորդում մը: Հնդիկներ հասստատուած են Հայաստան: Գործարար հնդիկ մարդ կար: Հնդիկ ուսանողներ կան Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ: Հայաստանի դպրոցներուն մէջ  հնդիկ շակերտներ հայերէն կը սորվին: Գիտնական մը ըսած է, որ բնութիւնը պարապ չի սիրեր: Ի՞նչ կը մտածեն եւ կ’եզրակացնեն անոնք որոնք կը փքուին «համաշխարհային» ազգ ըլլալու սնափառութեամբ, Երեւանէն Մոսկուա, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ, Ճաբոն, ամենուրեք, ուր կը կարծենք որ հայեր կան : Վա՞ղը:

            Պիտի ունենա՞նք մեր աստուածաշնչական Մովսէսը եւ մեզի գրեթէ ժամանակակից պարտութեան ո՛չ ըսող Ուինսթըն Չըրչըլը կամ Շարլ տը Կոլը, եւ ի հարկէ անոնց ձայնակցող ժողովուրդը, որ չըլլանք ո՛չ հիւր ո՛չ ծառայ, ըլլանք իրաւութեամբ հայրենատէր:

            ԳԻՐՔ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆը պիտի գա՞յ հայոց տուները, որպէսզի հայը իմանայ իմաստութիւն: Ընթերցէ եւ հասկնայ. «Մի քաղաքով ի՞նչ երկիր, դու միաւորի՛ր ամբողջը»: Մի համայնք, մի քաղաք, մի, բազմապատիկ «մի»եր, բայց միշտ մի… զոր չես գիտեր ինչո՞ւ կը կոչենք ՄԵՆՔ»:

            Այսօր Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձի օրն է : Կ’ունենանք օր մը, մեր յետնորդները կ’ունենա՞ն, հայրենիքի եւ ազգի վերամիաւորման ՄԵԾ ՕՐԸ:            

Հրաժարա՞ծ ենք ՄԵԾ ԵՐԱԶԷն, որուն ճամբուն վրայ ըլլալու եւ այդ անով ապրողներ եղան: Ներսը եւ դուրսը կան «վերջին մոհիկան»ներ: Անոնք ազգի իրաւ ընտրանի են, օրինակ եւ անմիջականէն հեռու նայող գաղափարներու կրող: Անոնց պարկեշտութեան, զոհաբերութեան եւ անշպար յանձնառութեան տեսիլքը,  ամբոխային ընթացիկի եւ կարգախօսներու մերժումը, օրինակ եւ խթան ըլլալու համար ազգի հարազատութեան եւ իրաւունքի իրականացման: Անոնց միտքերը ամբոխավարական ճառ չեն, իրաւի եւ իրաւութեան գաղափարախօսութիւն են:

            Լսելու առաքինութիւն պէտք է ունենալ, որպէսզի էջ եւ էջեր փակելու համար չըսուի, չէին ըսած, չէինք գիտեր:

 

Comments are closed.