ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ… ԾՆԱՒ ՁԵՐ ՓՐԿԻՉԸ
Քրիստոնէական սիրոյ ամենաջերմ ու քաղցր զգացումներով դարձեալ կ’ողջունենք ձեզ՝ բոլորդ անխտիր, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան բարեբաստիկ տօնին առիթով։
«Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ,
որ ամբողջ ժողովուրդին
մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10)։
Հրեշտակներուն կողմէ հովիւներուն ուղղուած էր այս խօսքը, որովհետեւ հովիւները անակնկալի եկան ու պահ մը վախցան, երբ ականաես եղան Տիրոջ փառքի լոյսի ծագման։ Սակայն հրեշտակները հանգստացուցին զանոնք ըսելով. «Մի վախնաք…ծնաւ ձեր Փրկիչը…»։
Որքա՜ն յուզիչ է հովիւներու անմիջական անդրադարձը։ Անոնք ձայն կու տան իրարու, պահ մը կը ձգեն իրենց խնամքին յանձնուած ոչխարները եւ դէպի մսուր կը վազեն՝ տեսնելու Փրկիչին, եւ այնտեղ կը դառնան իսկական ոչխարներ։ Եւ այդ պահուն իրենց վախը կը փարատի եւ սարսափը միանգամընդմիշտ կը հեռանայ։ Անոնք օրօրոցին մէջ քնացած մանուկ Յիսուսի առաջին ժպիտին մէջ իսկ կը գտնեն Աստուծոյ հայրութեան ամենաքաղցր զգացումը։
Հովիւները տեսնելով խաղաղութեան Իշխանը, հրեշտակներուն կը միանան ու ցնծութեամբ կ’երգեն՝ «Փա՜ռք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ…»։ Անոր, որ եկաւ Իր մարդեղութեամբ, Իր յայտնութեամբ տիեզերքը փրկելու։
Ամէն տարի եւ բոլոր դարերուն, եկեղեցին ձայն կու տայ ամբողջ աշխարհին, որ մարդիկ չվախնան Բեթղեհէմի Մսուրէն, այլ ցնծութեամբ վազեն Աստուծոյ փարախը՝ մեծ ուրախութեան փրկութեան աւետիսին բաժնեկիցը դառնալու։
Եկեղեցին կոչ կ’ընէ իր հաւատացեալներուն՝ չվախնալու Բեթղեհէմի լուսաւոր աստղէն, առաջնորդուելու դէպի պարզ ու համեստ մսուրը, Աստուածորդիին խոնարհելու ու երկրպագելու, այնպէս ինչպէս մոգերը արեւելքէն եկան ու լուսաւոր աստղին առաջնորդութեամբ հասան Բեթղեհէմ։ Այո՛, մոգերը եկան ամբողջ աշխարհին հետաքրքրութիւնը ցոյց տալու, սպասումը՝ Փրկչի մը, որ պիտի գար իրենց կեանքերը ընծայելու, Աստուծոյ ձօնելու։ Այդ սպասումը նաեւ իրենց երկրպագութիւնը, սկիզբէն խորհրդանշականօրէն արտայայտումն էր այն ապագայ ճանաչման, որ աշխարհը պիտի տար այդ Փրկիչին, զԱյն ընդունելով, ճանչնալով եւ անոր առջեւ խոնարհելով ու երկրպագելով, որ ձեւով մը նաեւ կատարումը պիտի ըլլար այն մարգարէութեան, որ կ’ըսէ՝ «երկրի բոլոր թագաւորները Անոր առջեւ պիտի խոնարհին եւ երկրպագեն»։ Հետեւաբար մոգերը եկան Բեթղեհէմ ու վերստին տեսան լուսաւոր աստղը եւ շատ ուրախացան։ Հասան այն վեհավայրը, ուր ծնած էր Նորածին Թագաւորը եւ փառաբանեցին Աստուծոյ, երկրպագեցին Տիրոջ եւ ամէնէն խորհրդանշական ու թանկագին նուէրները ընծայեցին՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։
Հերովդէս թագաւորն էր, որ սարսափի մատնուեցաւ։ Իր հանգիստը եւ քունը փախաւ ու սկսաւ փնտռել անհետացումը մանկան։ Սակայն մանուկը պարզ, համեստ մսուրի մը մէջ ծնած էր, «որովհետեւ պանդոկին մէջ անոնց համար տեղ չկար» (Ղուկ. 2.7)։ Ղուկաս Աւետարանիչի այս հաստատումը ցոյց կու տայ, որ այդ ժամանակ մարդոց հոգիները խամրած ու թմրած էին, քարացած էին մարդոց սրտերը, չկար մէկ հոգի, գոնէ մէկ անձ, հարուստ կամ աղքատ, որ տաքուկ անկիւն մը տրամադրէր Մարիամին՝ ծնելու իր անդրանիկ Որդին։ Շատ անձնասէր էին մարդիկ…։
«Տեղ չկար»…այո՛, ոչ ոք իր դուռը բացաւ տեղ տալու Անոր։ Կ’երեւակայէք, որ մեր հարազահներէն եւ կամ բարեկամներէն մէկը մեր տան դուռը թակէ եւ ուզէ իջեւանիլ, արդեօ՞ք դուռը պիտի չբանանք, տեղ պիտի չտա՞նք անոր եւ պիտի մերժե՞նք հիւրընկալել։ Կ’երեւակայէք նման մօտեցում մը մեր կողմէ, իմ կողմէս, քու կողմէդ մեր հարազատին եւ կամ բարեկամին նկատմամբ։
Այսօրուան աշխարհին մէջ բոլորս ալ գիտենք թէ ի՜նչ պատրաստութիւն կը տեսնուի ծնողներուն կողմէ երեխայի մը ծնունդի նախօրեակին։ Փառաւոր սենեակի, շլացուցիչ անկողինի, հագուստի եւ այլ կարիքներու ամբողջական պատրաստութիւն։ Նախապատրաստական ընդունելութիւն, նուէրներ, հիւրասիրութիւններ, այո՛, երբ երեխան չէ ծնած տակաւին։ Այո՛, այս բոլորը կ’ընենք ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ ծնողական հոգատար վերաբերմունքով եւ կամ հարազատի մը բնական ու գեղեցիկ զգացումով։
Սակայն, մարդը որքանով կ’անդրադառնայ այն լրջութեան եւ կամ կարեւորութեան, որ մեր Տէրը, երկնաւոր հայրը իր ամենաթանկը տուաւ մեզի համար, Իր Միածին Որդին տուաւ մեզի համար, մեզ փրկելու, մեղքերէն ազատագրելու։ Աստուածային առատ սիրոյ զեղումն էր, Աստուածային ողորմութեան գերագոյն դրսեւորումն էր, Աստուածային գթութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւնն էր։ Սակայն այդ բոլորին դիմաց մարդուն վերաբերմունքը, մարդուն կեցուածքը, ընդառաջումը ինչպիսին եղաւ, ՄԵՐԺՈՂԱԿԱՆ։ Մարդը փակեց իր դուռը սիրոյ դիմաց, իր իսկ Փրկիչին դիմաց, «Տեղ չկար»…Անոր համար եւ Ան աղքատիկ մսուրի մը մէջ ծնաւ կենդանիներու տաքուկ շունչին ներքեւ եւ արժանացաւ հովիւներու այցելութեան եւ մոգերուն խոնարհման։
Այսօր ալ աշխարհը՝ եւ ինչու չէ մենք, տարբեր չենք այդ ժամանակներու Բեթղեհէմի մարդոցմէ։ Այսօր ալ մանկացեալ Յիսուս կը թակէ մեր սրտերուն դռները, այնտեղ կրկին ծնելու համար։
Այսօր եւս մանկացեալ Փրկիչը իմ եւ քու խղճի դուռը կը թակէ, համբերատար եւ յուսալից։ Հիւրընկալելու տեղ ունի՞նք…
Ահա Ծննդեան այս առաւօտուն Ան դարձեալ կը թակէ մեր դուռը։ Տեղ ունի՞նք…
Այսօր մանկացեալ Փրկիչը կ’ուզէ մեր հոգիներու եւ սրտերու մսուրներուն մէջ խանձարուրով բնակիլ՝ Իր մեծ ու սքանչելի խորհուրդով։ Տեղ ունի՞նք…
Այսօր Ան կ’ուզէ մաքրել մեր սրտերն ու հոգիները ախոռային կեղտերէն, այնտեղ հաստատելու համար իմաստութիւնը եւ սիրոյ ջերմութիւնը։
Այսօր Խաղաղութեան Իշխանը կ’ուզէ ընթրել բոլորիս հետ, Իր կենարար մարմնի անարատ հացով եւ սուրբ արեան անապակ գինիով։
Եկէ՛ք այսօր դիմաւորենք եւ հիւրընկալենք Փառաց թագաւորը, մանկացեալ Փրկիչը, բանանք մեր սրտերն ու հոգիները ու մանկանանք Անոր հետ, սեղան նստինք ու ընթրենք Անոր հետ եւ ճաշակենք յաւիտենական հացը, որպէսզի երբէք քաղցած չմնանք։
Տեղ ունի՞նք…ահա գլխաւոր հարցումը, այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած։
Արդարեւ Ամենակալ Հայր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը ու Ս. Կոյսէն ծնունդը, խաւարին մէջ ապրող մարդկութեան ցոյց տուաւ լոյսի, ճշմարտութեան եւ յաւիտենականութեան ճամբան, որուն միջոցով միայն կրնանք հասնիլ Աստուծոյ։
Աստուծոյ գերագոյն սիրոյ անհերքելի փաստն է մարդեղութեան խորհուրդը, որովհետեւ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ՝ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ընդունի» (Յովհ. 3.10)։
Տեղ ունի՞նք…այս անգամ մեր մսուրներուն մէջ, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։
Երջանկութեան եւ ուրախութեան գերագոյն վայրկեանն է այս պահը, որովհետեւ դարձեալ ծագած է Բեթղեհէմի աստղը՝ մեզ առաջնորդելու սիրոյ եւ խաղաղութեան իշխանին մօտ։
Հետեւաբար, եկէ՛ք բարութեամբ աշխատինք, չարին ու անարդարութեան դէմ պայքարինք եւ ամբողջ սրտով նուիրուինք շինարար ու արդիւնաւէտ աշխատանքի։ Ապրի՛նք համբերութեամբ եւ յոյսով։
Ամէնէն թանկագին նուէրները ընծայենք Անոր՝ սիրող սիրտ մը, խաղաղ խիղճ մը եւ անարատ հոգի մը։
Եկէ՛ք այս նուէրներով դիմաւորենք մեր Փրկիչին Հրաշափառ Ծնունդը։
Աստուածորդիին ծնունդը իւրաքանչիւր հայու համար թող ըլլայ ճշմարտութեան եւ յաւերժութեան առաջնորդող ճանապարհ մը։
Օրհնաբեր Ս. Ծնունդ մը կը մաղթեմ ձեզի, աղօթելով, որ Մանկացեալ Փրկիչը խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, ի մասնաւորի մեր հայրենիքին. մարդոց միջեւ՝ հաճութիւն, հիմնուած արդարութեան եւ սիրոյ վրայ։
Ջերմապէս կը մաղթեմ, որ Տէրը Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք ու արեւշատ օրեր։
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի