Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ուինտզըրի Հայ համայնքին հետ
- (0)

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 4 Յունուար 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուինտզըրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար, տեղւոյն Մար Շարպէլ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան արարողութեան խորանին ծառայեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանն ու եկեղեցւոյ այցելու Հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանը։
Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Սուրբ Ծննդեան ջրօրհնէքը, ինչպէս նաեւ օրհնեց Հոգաբարձութեան կողմէ Տէր Հօր նուիրուած Պատարագի զգեստը։
Խաչի կնքահայրն էր՝ Պարոն Վարանդ Աշըգեան։
Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց հոգեպարար պատգամ մը։
Իր խօսքին մէջ, յատուկ կերպով գնահատեց Տէր Հրանդը իր անշահախնդիր ծառայութեան համար ինչպէս նաեւ Հոգաբարձական կազմը, Դպրաց Դասի անդամներն ու Սուրբ Խորանի սպասարկողները իրենց նուիրուածութեան համար։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ, որոնց հետ շրջապատուած անցուց մտերմիկ պահեր։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ