Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան այցելեց Արցախի վերաբնակեցուած ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղ
Արցախի Հանրապետութեան մէջ գտնուող գիւղերը ունին սահմանափակ կարելիութիւններ եւ անմիջական օժանդակութեան կարիք, յատկապէս սահմանային դիրքի վրայ գտնուող գիւղերը, որոնք արօրեայ ապահովութեան հարցեր կը դիմագրաւեն:
Անցեալին Նոր Ղազանջի գիւղը, որ այժմ վերանուանուած է ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ անունով, կը գտնուի Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Արցախի հիւսիսային սահմանին մօտ։ Ան Արցախի ապահովութեան համար ռազմավարական խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան մըն է:
Արցախի Հանրապետութեան առաջադրանքով, ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման հովանաւորութիւնը ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մասնակցութեամբ կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմերուն:
ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղի վերաշինութեան եւ հայրենակերտման ծրագրին, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը մասնակցեցաւ $150,000 տոլարի գումարով, եւ վերջերս Տէր եւ Տիկին Ալպէր եւ Լէյլա Արոյեանները նուիրեցին $200,000 գիւղին մէջ կառուցելով չորս բնակարաններ։
13 Մայիս 2019-ին, Գանատայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին, այցելեցին ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղը եւ հանդիպեցան տեղւոյն բնակիչներուն հետ։