Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի կոչը
Ի Հետեւումն Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի արհաւիրքին, որ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին ցնցեց ամբողջ հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, մեր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութեան, գիտակցելով, որ ամոքիչ արտայայտութիւնները որքան որ ալ բարենպաստ անդրադարձ ունենան գէթ վայրկեան մը մխիթարելու մեր տառապեալ ազգակիցները, այնուամենայնիւ հարկաւոր է մարդկային օժանդակութեան ձեռք երկարել, մեղմացնելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամային ու ողբերգական կացութիւնը։
Ուստի, յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, կոչ կ՚ուղղենք զօրաշարժի ենթարկել մեր համայնական ջանքերը, համօրէն սատար հանդիսանալով սփիւռքի սիրտն ու ոգին հանդիսացող Լիբանանահայութեան։
Այս իմաստով, անսալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչին, մեր պատրաստակամութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք լիբանանահայութեան վերականգման համազգային ճիգերուն։
Այսու, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, որպէս գործնական առաջին քայլ՝ կը նուիրէ $10,000 տոլար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հիմնած Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւին։
Կո՛չ կ՚ուղղենք մեր Թեմի զաւակներուն, որ զօրակցական սրտաբուխ նուիրատուութիւններով անգամ մը եւս ներդրում բերեն Լիբանանի վերականգման ճիգերուն։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի
https://www.facebook.com/486318798169269/videos/424690788438189/