Առաջնորդ Բաբգէն Սրբազան ներկայ գտնուեցաւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքի ընդունելութեան
Սեպտեմբեր 27-ին, Օթթաուայի Լիբանանի դեսպանատան մէջ կայացաւ պաշտօնական յատուկ ընդունելութիւն ի պատիւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որ հովուապետական այցելութեամբ մը Գանատա ժամանած էր Սեպտեմբեր 21-ին: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։
Պատրիարքի ժամանման նախօրեակին, Բաբգէն Սրբազան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զիատէի հետ եւ բարձրօրէն գնահատեց Դեսպանատուն-Առաջնորդարան երկարամեայ համագործակցութիւնը։
Ժամանելով Դեսպանատուն, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարք դիմաւորուեցաւ աւելի քան 250 հիւրերու, լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու եւ այլ քաղաքական պաշտօնատարներու կողմէ։
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի քաղաքական տագնապին եւ ահազանգ հնչեցնելով յայտնեց, թէ Լիբանանը ընկղմելու եւ ջրամոյն ըլլալու եզրին է։ Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն միաւորուելու եւ պետութեան նպաստելու առաքելութեան մղուելու։
Ընդունելութեան ընթացքին, Բաբգէն Սրբազան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ, որուն ընթացքին Լիբանանի զօրակցութեան եւ յարատեւման ի խնդիր իր մաղթանքները փոխանցեց։