Անյայտ Գաղափարի Մարտիկ՝ Վտարանդին (Արամ Չարըգ – Չարըգեան)

Բանաստեղծ, թարգմանիչ (31 Յուլիս 1874 – 11 Մայիս 1947)

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստան, Կարին (Էրզրում)։ Նշանաւոր է «Վտարանդի» ծածկանունով: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Կարինի Արծնեան ազգային բարձրագոյն նախակրթարանէն: Յետագայ տարիներուն՝ յաճախած է Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանը, նաեւ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոց։ Լայպցիգի համալսարանին մէջ հետեւած է գրականութեան ու պատմութեան դասընթացքներուն, ապա՝ գրականութեան, Փարիզ։ Ուսման տարիներուն մտերմացած է Աւետիք Իսահակեանի հետ: Նետուած է ուսուցչութեան ասպարէզ Ֆիլիբէի, Վառնայի (Պուլկարիա) եւ Կարինի մէջ (1909-11թթ): Աշխատակցած է «Ռազմիկ» եւ «Դրօշակ» պարբերականներուն 1902-1907:

1912-15 թուականներուն զբաղեցուցած է Կ.Պոլսոյ Օրթագիւղի ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք (1915 թ.) գտնուած է տարբեր երկիրներ եւ վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ։ «Մեծ առաւօտը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն նուիրած է Հայրենիքի ազատութեան: Անոր «Բանաստեղծություններ» (1900 թ.) ժողովածուն ամփոփումն է սիմպոլիզմի ազդեցութիւնը կրող քնարական երգերու՝ սիրոյ, բնութեան, խոհափիլիսոփայական, սոցիալական, հայրենասիրական եւ ազգային-ազատագրական թեմաներով։ Հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի օրերուն գրած է «Ս. Մեսրոպի տեսիլքը» (1913 թ.) պոէմը։ Ունի Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծություններ ու յօդուածներ («Խորհրդային մեծ Հայաստան», 1945 թ.)։ Թարգմանած է «Օմար Խայամի քառեակները», 1934 թ.։ 1946 թ. հրաուիրուած է Երեւան՝ մասնակցելու Հայաստանի գրողներու միութեան 2-րդ համագումարին։ Յաջորդ տարի, վերադարձի ճանապարհին, կը մահանայ Մոսկուա։

Պէտք է խոստովանինք, որ պատմութիւնը երբեմն ժլատ անդրադարձ կ’ունենայ ներկայացնելու պատմական դէմքեր, որոնք իրենց կարգին ուշագրաւ ներկայութիւն եղած են ատենոյ հանգրուանի մը, ըլլա՛յ քաղաքական, ազգային կամ գեղարուեստական ասպարէզներու մէջ, ըստ ամենայնի չարժանանալով համապատասխան արժեւորումի: Այդ մէկը, իրերու ընթացքի եւ զարգացման թոհուբոհին պէտք է վերագրել, որոնք աննկատ պարագաներու կարգին դասած են նման անձնաւորութիւններու ներդրումը:
Մեր այս օրինակով, ներկայացնելով Արամ Չարըգ, ազնիւ գրգիռ մը պիտի տանք հետաքրքրուողներուն, որովհետեւ դաշնակցական գրականութեան մէջ Արամ Չարըգ իր գրչի արտադրութեամբ, առատ հունձք մը չունեցաւ այլոց նման, բայց դաշնակցականօրէն ճոխ եւ առինքնող ներկայութիւն հանդիսացաւ, Սիամանթոյի կշռոյթով, եւ արժանի իր տեղը գրաւեց մեծ անուններու կողքին, ինչպիսիք են Ահարոնեան, Իսահակեան, Ակնունի…:
Այսպէս, Քրիստափոր Միքայէլեանի կազմակերպական տաղանդաւոր աչքէն չվրիպեցաւ Արամ Չարըգի վաստակը եւ զինք ներգրաւեց որպէս աշխատակից Դրօշակի ընտանիքին մէջ: Վտարանդի, Քրիստափորի բարոյական բարձրութեան ու հեղինակութեան առաջ, չէր կրնար խուլ մնալ: Այդ առաքեալի կանչին ընդառաջելը պատիւ էր իրեն համար: Քրիստափորի այնքա՜ն հոգատար ու փայփայիչ ներկայութեամբ, զինուորագրուեցաւ, որ դիւթէ մարտնչող հայորդիները՝ «Արդարութեան Յովազները», խթանելով անոնց պայքարի մարտնչող ոգին:
Վտարանդիի անունին շուրջ տեղեկութիւններ չեն յիշատակուած, ո՛չ Հրաչ Տասնապետեանի, ո՛չ Սիմոն Վրացեանի գործերուն մէջ: Աւելի ուշ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մամուլի մասին հրատարակած հանրագիտական գործին մէջ, կը հանդիպինք այն հաստատումին, որ Վտարանդի ստորագրութիւնը պէտք է պատկանած ըլլայ Արամ Չարըգի, որ Քրիստափորի նահատակութեան օրերեուն կը պաշտօնավարէր Պուլկարիոյ մէջ որպէս ուսուցիչ: Անշուշտ, աւելի հանրածանօթ ներկայութիւն է մեր գրականութեան մէջ նաեւ այլ Վտարանդիի մը ստորագրութիւնը, որ կը պատկանի Աւետիս Ահարոնեանին՝ իր այլ ծածկանուններուն կողքին. Ինչպէս՝ Ղարիպ, Գեղասէր, Կռան, Տարագիր, Վաստակաւոր եւ այլն: Պէտք է աւելցնել, որ Ե. Փամպուկեանի ծածկանուններու բառանին մէջ Վտարանդի ծածկանունները կը յիշատակուին ակնարկելով Ա. Ահարոնեանին եւ Ա. Չարըգին:
Վտարանդիի ստորագրութիւնը 1902-1907 անընդմէջ, Դրօշակի էջերով մեզի կը ներկայանայ 12 բանաստեղծութիւններով, որոնք կ’ամփոփեն օրուան մարտահրաւէրներու խորհուրդը՝ ազատութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի տենչանքով: Այս տեսլականները, մանաւանդ նոր ձեւաւորուած ազգային աշխարհայեացքի վերափոխման ծլարձակումները, ներկայացուեցան մտաւորական սերունդի մը գրիչներով, որոնք ճամբայ հարթեցին մարտնչող սերունդի «ազատութեան ճանպարհին»:
Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ատելութեան չափը հասած է իր գագաթնակէտին, ու իր մաղձոտ տողերով ՝ բրտօրէն, նախատինքներու շարանով արձագանգեց սուգ, արիւնահեղութիւն ու տառապանք նիւթողներու հասցէին, հաստատելով թէ՝ «ձեզի կը կառչինք, ո՜վ ատելութիւն»…

Ու այսպէս վայրագ, անհաշտ ու քինայոյզ
Վագրերու եւ յովազներու վոհմակներու նման
Քեզի հետ, ո՜վ ատելութիւն
Թափառինք ընդհարումներու ճամբաներուն վրայ

Մինչ որ կարող ըլլանք արգասաւոր ու բարեբեր ու հայրենի
Մեր դաշտավայրերուն ու սարահարթներուն վրայ
Խաղաղութեան տաղաւարներն ու վրանները տարածելու

Հայկական «Նոր ասպետութեան» խմորումներուն մէջ իր համեստ ներկայութիւնը ե՛ւս ապահովեց Արամ Չարըգ, հայ ազգի երկու հատուածներուն՝ արեւելեան եւ արեւմտեանը ի մի բերելու, Հ.Յ.Դաշնակցութեան յեղափոխական ճիգերուն խարսխումովը՝ ոմանց խամրած հոգիներուն մէջ, իր մարտաշունչ կոչերով՝ Դաշնակցութեան պատուանդանը ամրագրելով տառապեալ զանգուածներու փլփլած խլեակներուն մէջ: Ան, իր քերթողութեամբ դարբնելով յեղափոխական գաղափարախօսութեան կռուանները, հանդիսացաւ այն առաքեալներէն, որոնք գովերգեցին Ֆիտային ու Դաշնակցութեան սխրագործութիւնները, զայն համարելով «Վէմը հայրենի ազատութեան խորանին»:
Զի դու Վէմն ես անկեան հայրենի ազատութեան Խորանի՜ն,
Զոր մեծ Քարկոփնե՜րը տաշեցին դարերու անկործան Մարմարներէ՜ն,
Ու Մայր Երկի՜րը իր ազնիւ արեան Երանցներո՜վ խորհրդանշանած՝
Քեզ կանգնեցուց բռնութեան Պարիսպներո՜ւ յանդիման՝ ապառնիի Սէմի՜ն վրայ,
Որպէս Երդո՜ւմը մահառումի ու որպէս Առհաւատչեա՜ն իր վերյարնութեան…

Դու Ակո՜ւնքն ես անապակ, ուրկէ մեր Կեանքը կ’առուակէ,
Ու Խրախճա՜նքը մեր տուներուն, ուր Յուսահատութի՜ւնը կ’արտասուէ…
Դու Պատա՜նքն ես մեր մեռելներուն ու Նշխա՜րը անոնց բերանին,
Ու Աւազա՜նը մեր նորածիններուն ու Միւռո՜նը անոնց ճակատին,
Դու Սո՜ւրբն ես նորանշան եւ Ուխտատեղի՜ն հալածեալներուն,
Ու Զա՜նգը վերածնութեան եւ Ռահվիրա՜ն փառքի պողոտաներուն,

Դու Ե՜րգն ես մեր լեռներուն ու Արձագա՜նգը որբ ծործորներուն,
Ու Մռո՜ւնչը մեր ամպրոպներուն ու կորացնող Շանթե՜րը անոնց,
Դու Խառնարա՜նն ես վերաբռնկուած մեր նախնի Հերոսութեա՜նց,
Ու սպառազէն Հա՜յրը ազգին ու կուռ Կա՜մքը անոր…

Իր խանդոտ երիտասարդական նուիրուածութեամբ, բանաստեղծութիւններու երանգը կազմեց՝ ցասումը, վրէժը, ու իտէալ գաղափարներու ձգտիլը: Իր 6 տարուան ներկայութեամբ Դրօշակի էջերուն վրայ, կ’աշխատէր ջան ֆիտայիներու հաւատի ու յոյսի ջահերը վառ պահել, հաւատալով ու կառչելով հետեւեալ սկզբունքին` «կեանք պատկանում է նրան, ով ուժեղ է, ով գոյութեան կռւում յաղթանակելու է կոչուած»:

Երեք ծաւալուն մասերով «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» խորագրով նուիրուած իր քերթողութիւններով, կուսակցութեան փառքը հիւսող եւ ազգի ազատագրական զոհասեղանին մատաղներ խթանող ոգեշունչ տողերը՝ շռնդալից պատգամներ են, ուր կը բարձրաձայնէ ըսելով.

Որպէս Քո՜ւրմը սրբազան՝ արիւնլուայ հայրենիքի Յոյսի՜ն դարեւոր
Դու կանգնած ես հսկայօրէն մեր ճակատագիրներո՜ւ քառուղիին վրայ.
Քեզ ողջունելով՝ առջեւէդ կ’անցնին գունդերը Ուխտանուէրներո՜ւն
Ու երգելով կ’երթան մեռնելու հո՛ն, ուր քու Կա՜մքը կը սահմանէ…

Արեւը իր Բեհեզնե՜րը կը փռէ երկաթէ Գահիդ շուրջը,
Ու մայր գիշերը իր Վրաններուն տակ Բանակնե՜րդ կը պատրաստէ.
Մրրիկները Քայլերո՜ւդ ճամբայ կը բանան Առապարնե՜րն աւլելով,
Իսկ շանթերը Յաղթանակնե՜րդ կը քանդակեն Ապառաժներո՜ւ ճակատներուն…
Բազէները Երգե՜րդ կը կռնչեն Ամպերու վրայ,
Ու արծիւները Տատրակներո՜ւ պէս Ուսերո՜ւդ կը թառին,
Վագրերն ու յովազները Յարգա՜նքի կը կենան երբ վաշտե՜րդ կ’անցին,
Ու նժոյգները Սանձե՜րը կը կրծեն Արշաւանքներո՜ւդ մասնակցելու համար…
Դրօշակներուդ տակ Մա՜հը քաղցրութիւնն ունի Ծնունդի՜,
Ու հին Մեռելնե՜րը հողի խորերէն Զինուորներո՜ւդ կը նախանձին.
Իսկ ամէն Պատանի՜ երկու Երա՜զ ունի այս աշխարհի մէջ՝
Նախ Անո՜ւնդ հպարտ, եւ ապա գովեստի տեղ մը Պատմութեա՜նդ մէջ…

Անտարակոյս, Վտարանդին իր ստորագութիւններով արդարացուցած է Քրիստափորի սպասումները, ուր իր դերին մէջ, Երկրի ճակատներուն վրայ համազարկներու թնդիւնի կողքին, քերթողութեան կապարճէն արձակած ոգեշունչ ալեկոծող տողերը, բորբոքեցուցած են խամրացած հոգիներն ու առաջնորդած ազատատենչ ժողովուրդը մատաղ ընելու իրենց զաւակները «Ազատութեան Ճանապարհին»:
Վտարանդի, հանդիսացաւ բռնակալութեան ճանկերէն ազատելու փարոսներէն մին, եւ չվարանեցաւ նոյնիսկ ըմբոստանալու Աստուծոյ կամքին դէմ, բացականչելով.

Ո՞ւր ես Աստուած, ինչո՞ւ չես լսում
Հալածեալ հօտիդ աղերսը արդար
Որ սուրբ անուան համար այս կեանքում
Արիւն արցունք է թափել դարէ դար:

Մի՞թէ գթութեան անգամ մի նշոյլ
Զլանում է քո սիրտը գթառատ
Եւ մի՞թէ բաւ չէ, որ մնաց նա խուլ
Մարդկային արիւն արցունքի առաջ:

Վտարանդիի արժեւորումով՝ հերոսները «Մեռնող Արեւներ» են: Իր մէջ կոտտացող բողոքի զայրոյթով կը փորձէ ամոքել կացութեան չափը, եւ որպէս բալասան կ’ընդունի պահուըտած արշալոյսները մեռնող հորիզոնի ետին.
«Նորա համար այնքա՜ն արեւ մայր մտան
Որ զարդարեն Մեծ այգը նոր կեանքի»:

Քրիստափորի Հանդէպ տածած սիրոյ տոգորումը ակնյայտօրէն կը գտնենք նահատակութեան առաջին տարելիցին առիթով իր գլուխ գործոց Պոէմին մէջ՝ «Վիտօշի Բազէն» վերնագրուած.

Ի սպառ փառատուեց անյաջողութեան
Կասկածը մաշող բազէի սրտից,
Հպարտ ձագուկին համբուրած ուժգին,
Որոշեց ելլել բարձունք լերան,
Այնտեղ սպասել շանթոտ փոթորկին:

Այսպէս վերջացրեց իր երգը բազէն
Եւ նայուածքը շեշտ, մարգարէական
Նետեց սարերին հայոց ձիւնապատ
Ու խո՛ր հառաչեց ներկան յիշելով,
Քաղաքներ աւեր, գիւղերն անբնակ
Դաշտերի ծաղկունք արեամբ բորբոսած
Երգ ու պարի տեղ սահմանից սահման
Հալածուող հայի հեծկլտանքի հետ
Լսում է դահճի քրքիջն անվախճան:

Եթէ կը պարտինք «Մարդակերտ» Քրիստափորի կազմակերպական տաղանդին, զինուորագրելու Վտարանդիի նման ազատութեան ճանապարհի նուիրեալներ, բայց Արամ Չարըգ օրուան հրամայկաններուն իր համահունչ տողերով ու Դաշնակցութեան պատմա-փիլիսոփայական աշխարհայեացքին թարգմանը հանդիսանալով, արժանի եղաւ որ իր անունը անքակտելիօրէն դրոշմուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գրականութեան ոսկետառ էջերուն վրայ:

Հետեւաբար, Դաշնակցութեան օրուան առիթով, ծխենք յիշատակելի խունկը Դաշնակցական բոլոր ականաւոր եւ անյայտ գաղափարի մարտիկներուն, որոնք սխրագործեցին յանուն ազգի ու հայրենիքի:

Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ
25 Հոտկ. 2024

Աղբիւրներ.
– Դրօշակ 1902-1907 հաւաքածոյ-Վտարանդիի բանաստեղծութիւններ
– Ազգային ազատագրական պայքարի անդրադարձը Արամ Չարըգի բանաստեղծութիւններում – Արուսեակ Աբրահամեան

Comments are closed.