«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ը կ՚աջակցի արցախցի համալսարանական ուսանողուհիներուն
- (0)

«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ի (ԱՆՅՀ) հիմնադիր Րաֆֆի Արտալճեան ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց, որ ԱՆՅՀ բարեսիրական հիմնարկութեան «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»ը որպէս նպաստառու նկատի պիտի ունենայ նաեւ արցախցի ուսանողուհիները։
«Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»ը կը տրամադրուի Հայաստանի գիւղական բնակավայրերու այն ուսանողուհիներուն, որոնք նպատակադրած են իրենց մասնագիտութիւնը շարունակել Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի համակարգչային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս։
«Այսօր յուզիչ հանդիպում ունեցայ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի “Անի Արտալճեան կրթաթոշակ”ի առաջին ստացողին հետ։ Արցախէն ժամանած այս տաղանդաւոր երիտասարդուհին Մայիսին կ՚աւարտէ տուեալագիտութեան (data science) ուսումը եւ արդէն իսկ Հայաստանի մէջ գերազանց աշխատանք ունի։ Կոչ կ՚ուղղեմ Երեւան բնակող բոլոր արցախցի ուսանողներուն՝ դիմելու AUA եւ օգտուելու «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»էն։ Ձեր երազները կարեւոր են», ըսած է ԱՆՅՀ-ի հիմնադիր Րաֆֆի Արտալճեան:
«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ը հիմնուած է Րաֆֆի Արտալճեանի կողմէ, ի յիշատակ 1994 թուականին օդանաւային արկածի զոհ գացած իր կնոջ եւ դստեր: Հիմնադրամը իր կազմաւորման օրէն օգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին՝ իրականացնելով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի բարելաւման ծրագիրներ:
«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ի գլխաւոր ծրագիրներէն «Հայ մանուկներու հազարամեակի պատուաստումի հիմնադրամ (ՀՄՀՊՀ)»ի շնորհիւ Հայաստանի մէջ իրագործուած են երեխաներու պատուաստումի տաբեր ծրագիրներ։ ՀՄՀՊՀ շարք մը ծրագիրներ կատարած է UNICEF-ի, USAID-ի հետ համագործակցութեամբ։