Անգարա-Պաքու Հակահայ Քարոզչութեան Առանցք
Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում, նա չարաչար սխալւում է
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Վեց տարի առաջ, մարտ 9-ին, Պաքուի մէջ կայացաւ թրքական եւ ազրպէյճանական պետութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող աննախընթաց համաժողով մը, որուն մասնակցեցան արտասահմանի 50 երկիրներէ ժամանած թուրք եւ ազերի աւելի քան հինգ հարիւր պատգամաւորներ: Պատմական այս համաժողովի կայացման ետին կանգնած էին Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան: Վեց տարի առաջ, այս համաժողովի ընթացքին, նախագիծը կը կազմուէր սփիւռքի հայկական լոպիին դէմ թուրքազրպէյճանական քարոզչական մարտավարութեան: Իրողութեան մէջ այդ հաւաքի մասնակիցներուն հասարակաց նպատակն էր համակարգուած ձեւով պայքար ծաւալել Հիւսիսային Ամերիկայի եւ եւրոպական ցամաքամասին վրայ տասնամեակներէ ի վեր գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն դէմ:
Եթէ մինչեւ 2007 Անգարա եւ Պաքու անջատաբար կը պայքարէին հայկական լոպիին դէմ, վերոնշեալ համաժողովը հանդիսացաւ երկու կողմերու համագործակցութեան նախասկիզբը: Հայկական կողմին աւելի ազդու ձեւով դիմադարձելու նորակազմ այս դաշինքին հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ թրքական եւ ազրպէյճանական սփիւռքները կազմակերպել եւ զանոնք մղել հակահայ բուռն քարոզարշաւի:
Պատմական այդ համաժողովէն ետք, յստակ պայմանաւորուածութեամբ, Արեւմուտքի տարբեր երկիրներու մէջ, թրքական սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու արտասահմանի մէջ գործող Թուրքիոյ պետական գերատեսչութեան ենթակայ կառոյցները յատուկ ջանադրութեամբ կը փորձեն միջազգային մամուլին, հանրութեան, պետական եւ ակադեմական շրջանակներու մօտ «Խոջալուի սպանդ»-ին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարել եւ Ցեղասպանութեան զոհ հայութիւնը ներկայացնել որպէս ցեղասպան: Փոխադարձաբար` ազրպէյճանական սփիւռքն ու Պաքուի իշխանութեանց հսկողութեան տակ գործող դեսպանատուները իրենց ներդրումը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութիւնը խեղաթիւրելու աշխատանքին մէջ: Այս գործընթացը յաջողցնելու համար, հակահայ այս դաշինքի ջանքերուն շնորհիւ, անցնող վեց տարիներու ընթացքին արդէն իսկ գոյացած է ազրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ օտար քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու եւ պատմաբաններու «պատկառելի» բանակ մը:
2012 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պետական իրենց քարոզչութիւնը տարածելու նպատակով, Անգարա եւ Պաքու իրենց կողմէ վարձակալուած օտար լոպիստական կազմակերպութիւններու աշխատանքը խթանելու համար տրամադրած են հինգ միլիոն տոլար. անշուշտ դժուար չէ կռահել, թէ ինչ եղած է լոպպիստական այդ կազմակերպութիւններու աշխատանքային «բնագաւառը»:
Այլ գետնի վրայ, հայ-թրքական արձանագրութիւններու ձախողութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու սկսաւ մշակել հայկական սփիւռքի հետ երկխօսութեան նոր ռազմավարութիւն, ուր սփիւռքը բաժնեց «գիտակից» եւ երկխօսութեան պատրաստ հայերու եւ «կարծր» դիրքորոշում ունեցող ու խաղաղ բանակցութեանց հակադրուած հայերու հատուածներու: Սփիւռքի հայկական միջնաբերդէն ներս սողոսկելու միտող Տաւութօղլուի «Տրովադայի ձիու» այս ռազմավարութիւնը կը նպատակադրէ բաժանարար սեպ խրել հայկական սփիւռքին մէջ եւ միջազգային ընտանիքին առջեւ ներկայանալ որպէս պատմական առճակատումներու եւ թշնամութիւններու պատճառով յառաջացած խոցերը դարմանող տարածաշրջանի խաղաղարար միջնորդ:
Այս ծիրին մէջ արեւմտեան կիսագունդի, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թրքական դեսպանութիւններուն յատուկ յանձնարարուած է երկխօսութեան պատրաստ հայերու հետ սերտ համագործակցութիւն սկսիլ: Արդէն իսկ արեւմտեան կիսագունդի հայկական կարգ մը գաղթօճախներու մէջ, Տաւութօղլուի «Տրովադայի ձիուն» ճանապարհ հարթող «գիտակից» հայեր ընդառաջած են թրքական կողմին:
Այս զարգացումներու լոյսին տակ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, հայաշխարհի համար յստակ պէտք է դառնայ այն իրողութիւնը, որ մեր հայրենիքը շրջափակման մէջ պահող թրքական պետութիւնը, բազում առիթներով արտայայտուած թշնամական իր կեցուածքներով եւ 1915-ի պատմական դէպքերը ուրանալու իր յարաճուն քաղաքականութեամբ, տակաւին չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը:
Կասկածէ դուրս է նաեւ, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումն ու սահմաններու բացումը Անգարայի կողմէ կապուած կը մնայ արցախեան հակամարտութեան լուծման հետ եւ լուծում ըսելով` Անգարա ի մտի ունի հակամարտութեան հանգուցալուծումը յօգուտ Պաքուի:
Աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերը այսօր կը գտնուին թուրք-ազրպէյճանական հակաքարոզչական ճակատումի նոր հանգրուանի մը սեմին, ուր բացորոշ ու զգալի է նաեւ, որ հակառակորդ կողմը սկսած է օգտագործել, կապկել եւ ընդօրինակել արեւմտեան կիսագունդի Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքային գործելաձեւը:
Դէպքերու նման ընթացքով, թրքական եւ ազրպէյճանական զոյգ քարոզարշաւներուն դէմ ստիպուած ենք ուժերը կրկնապատիկ լարել եւ Անգարայի ու Պաքուի քարոզչական խարդաւանանքներու յորձանքին դիմադարձելու համար ստեղծել հակաքարոզչական նոր մարտավարութիւն:
Մարտ, 2013