Անգարա Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Հարցը Կը Կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան Բանակցութիւններուն Հետ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան »Սապահ« օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին դարձեալ յայտարարեց, որ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները փոխկապակցուած են:
»Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հանդիպումները կը շարունակուին, եւ մենք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային պէտք է մեր բեմագրութիւնը նախապատրաստենք: Այժմ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Մենք կրնանք կեանքի կոչել դրական բեմագրութիւնը, այսինքն՝ բանալ սահմանը Հայաստանի հետ«, նշեց Ֆիտան։
Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան եւս խօսեցաւ այս մասին՝ դիտել տալով, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Մարգարա անցակէտը վաղուց պատրաստ է սպասարկելու երրորդ երկիրներիու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՛րբ նախատեսուած է անցակէտի սպասարկութիւնը՝ Բադասեան ըսաւ. »Չգիտեմ, քաղաքական որոշում պէտք է լինի«:
Միացեալ Նահանգները ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը՝ զայն անուանելով Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած դրական քայլ:
Թրքական »Անատոլու« գործակալութեան հարցումին իբրեւ պատասխան այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը։
Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման շուրջ ընթացող բանակցային գործընթացին՝ նախարարութենէն նաեւ յայտնեցին, որ երկու երկիրները կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հարցին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգները վճռական է՝ աջակցելու այդ գործընթացին:
Comments are closed.