Այս Տարուան «Հրանդ Տինք» Մրցանակները Յանձնուած Են Կնոջական Դատերու Պաշտպաններու
- (0)

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» հեղինակաւոր համերգասրահին մէջ` 15 սեպտեմբերին, լրագրողի ծննդեան օրը:
Հիմնարկին անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսքը արտասանեց «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի նախագահ Ռաքէլ Տինք: Ան ընդգծեց, որ աշխարհին այսօր բաժին ինկած աղէտալի վիճակէն միակ ելքն է հեռու մնալը այն գործիչներէն, որոնք բռնութիւն կը քարոզեն, եւ կոչ ըրած է զգօն գտնուելու այն մարդոց հանդէպ, որոնք բռնութեան մասին կը խօսին: Ան շեշտեց, որ կեանքի իրաւունքը բռնութիւն չէ, այլ` բազմազանութիւն:
Այնուհետեւ տեսանիւթով մը ներկայացուեցաւ 2024-ի «Լոյսեր»-ը, ուր յղուած էին պատգամներ, ողջունուած` անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն մարդկութեան վրայ, կը պայքարին մարդոց բարօրութեան եւ իրաւունքներուն համար, բայց նաեւ` ի խնդիր շրջակայ միջավայրի, անասուններու պաշտպանութեան: Այս տարուան «Լոյսեր»-ու բովանդակութիւնը կազմած էին` կնոջական իրաւունքները, ցեղապաշտութեան ու սեռային բռնաճնշումներու դէմ պայքարը, անարդարութիւնն ու չքաւորութիւնը:
2024-ի «Հրանդ Տինք» մրցանակի դափնեկիր դարձաւ Թուրքիայէն` «Մանիշակագոյն երդիք» կիներու ապաստարանը, որ տարիներէ ի վեր վճռականօրէն կը պայքարի կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ եւ ի խնդիր անոնց հաւասար իրաւունքներուն:
Իսկ արտասահմանէն դափնեկիր հռչակուեցաւ Սիերա Լէոնէէն Ռուճիաթու Նենեհ Թուրայ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` երկար տարիներէ ի վեր խիզախօրէն կը պայքարի աղջիկներու եւ կիներու սեռային գործարաններու խեղման դէմ:
Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ, որ եթէ Հրանդ Տինք ողջ ըլլար, պիտի նշէր իր 70-ամեակը:
Հանդիսութեան աւարտին կազմակերպիչները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մրցանակը կը շնորհուի անհատներու, հաստատութիւններու կամ խումբերու, որոնք կ՛ոգեշնչեն եւ յոյս կը ներշնչեն մարդոց շարունակելու պայքարը` աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը համար, մարդոց, որոնք կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն: