Այնթապի Մէջ Իսլամաց(ու)ած Հայերու Մասին Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Այնթապի մէջ «Նար» արուեստի միութեան եւ «Տէրսիմի նոր օր»-ի համագործակցութեամբ արդէն երրորդ անգամ կազմակերպուած կարճ ժապաւէններու փառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ նաեւ Նակեհան Ուսքանի «Գողտրիկ տուն Ատանա» («Sweet Home Adana») վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հիմնական նիւթը իսլամաց(ու)ած հայութիւնն է:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչ Նակեհան Ուսքան (լուսանկարը) պատասխանեց հանդիսատեսներու հարցումներուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնի նկարահանման աշխատանքներուն մասին: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ  ինք 27 տարեկան էր, երբ իմացաւ, որ մօրենական մեծ մայրը հայ է: Երբ առաջին անգամ այցելած է Ատանա, չէր մտածած նման վաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու մասին եւ հետաքրքրուած չէր իր անձնական պատմութիւնը ներկայացնելով, որովհետեւ այդ մէկը բարդ բան մըն էր: Հայկական հարցը իրեն համար միշտ քաղաքական կողմ ունեցած է: Ան ըսաւ, որ այս ժապաւէնին մէջ իր արեան կապը առաջին տեղը չի գրաւեր եւ, ըստ էութեան, այդ պատմութիւնը առանձնապէս գեղեցիկ ալ չէ, աւելցնելով, որ նմանատիպ բազմաթիւ պատմութիւններ կան, եւ կ՛ըսուի, որ այդպէս իսլամաց(ու)ած 4 միլիոն հայ կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ,  եւ ասիկա ոչ միայն իր, այլ միլիոնաւոր մարդոց պատմութիւնն է:

 

Comments are closed.