Ամրագրենք պետականութիւնը ժողովրդավարական բարձրագոյն արժանիքներով

«Պառակտումը, կամազրկութիւնը հասել են այնպիսի վտանգաւոր սահմանի, որ արդէն կասեցնում են ազգի վերարտադրուելու ձգտումը, բթացնում ինքնապաշտպանական բնազդը»:

Վահան Յովհաննիսեան

Նոր ժամանակներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ մեր անկախութեան ամրապնդման, ժողովրդավարութեան ամրագրման եւ պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէր մը: Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Ապրիլեան քաղաքացիական շարժումով նոր էջ կը բացուի։

Անկախութեան սեփական կռուաններուն ամրապնդումը Հայաստանի եւ հայութեան ուղղուած մեծագոյն մարտահրաւէրն է այսօր: Շրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ դասաւորումները դիմագրաւելու տարբեր ելք չունի մեր հայրենիքը: Այս խորապատկերին մէջ, այսօր ազգովին ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունինք ներազգային ճակատի վրայ համերաշխութեան եւ համախոհութեան: Պատմութիւնը մեզ սորվեցուցած է, որ ներքին համերաշխութեան նախապայմանը կայունութեան ապահովումն է` քաղաքական ծիրէն ներս ժողովրդավարութեան ամրագրումով, իսկ տնտեսական մարզի մէջ ընկերային արդարութեան պահպանումով:

Համազգային մեր գոյատեւելիութեան կիզակեդրոնը՝ մեր նորանկախ պետականութիւնն է, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններով։ Աշխարհաքաքաղաքական բախումներու եւ մրցակցութեանց յարաշարժ յորձանուտին մէջ մենք այսօր իրաւունք չունինք ժամանակ վատնելու անօգուտ ու իմաստազուրկ ներքին վէճերու եւ կամ ծայրայեղ բեւեռացումներու մէջ մխրճուելու այլընտրանքով ընթանալու։ Մենք այսօր ունինք պայծառ նոր սերունդ, որ մտաւոր իր ներուժով եւ այլ դրական յատկանիշներով օժտուած հայութեան ճակատագրին պատասխանատու հայրենակերտման անփոխարինելի բաղադրիչ գործօն է։

Չափակշռելով վերանկախացումէն ետք փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութիւնեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարի արդիւնքը՝ այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել նորանկախ պետութեան կազմաւորման առաջին քայլերը:

Պատերազմի պատճառով հայութեան վրայ պարտադրուած է «ամրոց պետութեան» վերածուելու այլընտրանքը, որուն զուգահեռ, տնտեսական ճգնաժամն ու անգործութեան պատճառով ծաւալ առած հայրենալքումն ու արտագաղթը, ասօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դնեն կացութիւնը լրջօրէն վերաժեւորելու, ուժերը համախմբելու եւ համընդհանուր զօրաշարժի ենթարկելու հարկադրանքին տակ:

Իրերու դրութեան նման ենթահողին վրայ հայ քաղաքական մտքին առջեւ սուր կերպով կը դրուի սեփական տունը կարգի բերելու հրամայականը եւ պետականութեան կայունութիւնը նախապայման դաւանելու առաջնահերթութիւնը: Ազգի եւ Հայրենիքի վաղուան պայծառ օրը կերտելու եւ Հայ Դատի պայքարը իր արդար լուծումին առաջնորդելու երկարաշունչ երթին նախապայմանն է պետականութեան հզօրացումը:

Քաղաքական եւ ազգային բոլոր ուժերը ի մի բերելով, աղէտի համազօր արտագաղթի ճգնաժամէն ու տնտեսական անել դրութենէն դուրս գալու համար, համայն հայութեան անհրաժեշտ է այսօր ազգային փրկութեան համալիր ծրագրի մը իրագործումը։

Կացութիւնն ու ճգնաժամը յստակ են։ Ի գին բազում զոհողութիւններու մեր վաստկած յառաջխաղացքներն ու նուաճումները աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ պահպանելու համար, անհրաժեշտ է ամուր եւ կայուն պետականութիւն։ Իսկ այսօրուան պայմաններով, նման պետականութեան մը երաշխիքը կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարաբնոյթ ներուժի համադրումը եւ այն հաստատ գիտակցութիւնը, որ ազգային մեր գոյատեւման ճանապարհը այսուհետեւ մենք է որ կը տնօրինենք, սեփական մեր կամքով եւ միասնական անխորտակ շարքերով։

Այսօր պահն է ինքնաճանաչման ու ինքնասրբագրութեան, ա՛յն պահը, երբ ի մի բերելով նախկին մեր արձանագրած թերացումներն ու վրիպումները, հաշուետուութեան կարգով, քննարկման ենթարկենք մեր անցած ճանապարհը:

Ամրագրել պետականութիւնը. այս է օրուան հրամայականը։ Օժտել զայն ժողովրդավարական բարձրագոյն արժանիքներով։ Ախտազերծել զայն անօրինականութեան տարբեր ձեւաչափերէ, յատկապէս հովանաւորչութեան, ընտրակաշառքի, մենաշնորհային եւ փտախտի համազօր այլ բացասական երեւոյթներէն։

Պէտք է գիտակցինք, որ տնտեսութեան բնագաւառէն ներս, ազատ մրցակցութենէ զուրկ եւ մենաշնորհուած տնտեսութիւնը այլեւս լուրջ սպառնալիք է Հայաստանի համար: Պէտք է հասկնանք, որ անօրինական են ե՛ւ ընտրակաշառք բաշխողը, ե՛ւ ընտրակաշառքը ընդունողը, իսկ իշխանութեան միանձնադաւանութիւնը՝ ժողովրդավարական սկզբունքներուն խոտոր համեմատուող ճանապարհ է։

Այսօր ժամանակն է որ կերտենք ժողովրդավար ու արդար Հայաստանը, որպէսզի ապագայ սերունդները, իրենց կարգին, խորին պատասխանատուութեամբ տէր կանգնին ազգային մեր գերագոյն իղձերը իրագործելու անկորնչելի տեսլականին:

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համախումբ ու միասնական ջանքերով կերտենք վաղուան նուաճումները: Իսկ այդ ապագայ նուաճումներն ու յաղթանակները կÿիրագործուին, երբ կը սնանինք պատմական մեր գոյամարտերու՝ սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն, եւ երբ այլոց կողմէ մեր վրայ պարտադրուող ճնշումներուն դիմաց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ անխորտակ ու ամրակուռ թումբ ու պատնէշ կը դառնանք:

Պահն է, որ ստեղծենք կայուն զարգացումով՝ համերաշխ ու արդար Հայաստան:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.