ԱՄՆ Քոնկրէսին ներկայացուեցաւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը սահմանափակելու օրինագիծ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ ներկայացուած է օրինագիծ մը՝ նպատակ ունենալով սահմանափակել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը եւ միեւնոյն ատեն ամրապնդել Հայաստանի անվտանգութիւնը։

Քոնկրէսի մէջ ներկայացուած երկկուսակցական «ARMENIA Security Partnership Act» օրինագիծը նախաձեռնած են Քոնկրէսի Հայկական հարցերով խմբակի համանախագահներ Կաս Պիլիրաքիսն ու Ֆրանք Փալոնը։ Օրինագիծը աշխոյժ կերպով առաջ կը մղուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն շնորհիւ։

Օրինագիծին նպատակը այն է, որ արգիլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին շրջանցել 907-րդ բանաձեւի Ատրպէյճանի նկատմամբ սահմանած սահմանափակումները, մինչեւ որ Ալիեւի վարչակարգը չիրականացնէ յստակ քայլեր՝ ուղղուած Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Այդ քայլերուն շարքին կը ներառուին՝
– բոլոր հայ գերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը,
– ատրպէյճանական զօրքերու ամբողջական դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն,
– արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացումը,
– հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան ապահովումը։

Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծած է, թէ օրինագիծը «կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւնները խրախուսող քաղաքականութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը կը հիմնաւորէ խաղաղութեան յստակ չափորոշիչներով եւ պատասխանատուութեամբ»։

Օրինագիծը նաեւ կը նախատեսէ Հայաստանի համար ամերիկեան անվտանգային աջակցութեան համապարփակ վերանայում՝ երկրի պաշտպանունակութիւնը եւ զսպման կարողութիւնները զօրացնելու նպատակով, եթէ Ատրպէյճանը չկատարէ նշուած պայմանները։

«ARMENIA Security Partnership Act»-ի համահեղինակներուն մաս կը կազմեն նաեւ քոնկրէսականներ Պրատ Շըրմընը, Տէյվիտ Վալատաոն, Քրիս Սմիթը, Կէյպ Ամընը եւ ուրիշներ։

Օրինագիծը կը ներկայացուի այն պայմաններուն մէջ, երբ փորձեր կը կատարուին վերականգնելու Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը՝ հակառակ Արցախի ամբողջական հայաթափման, հայ գերիներու կալանաւորման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման, միջազգային իրաւունքի շարունակական խախտումներուն եւ այլ փաստերու։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
22 Դեկտեմբեր 2025 թ․