ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ երեք բանաձեւ՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի անվտանգութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն
- (0)

ԱՄՆ Քոնկրեսի ընթացիկ օրակարգին վրայ այժմ երեք բանաձեւեր կը գտնուին, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ Ատրպէյճանը ենթարկելու քաղաքական ու բարոյական հաշուետուութեան՝ անոր կողմէ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններուն համար։ Այս մասին տեղեկացուցած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Եղիսաբեթ Չուլճեան՝ ըստ «Փաստինֆօ»-ի հաղորդումին։
«Հայաստանի մէջ կայուն խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն այն պարագային, երբ ան հիմնուած ըլլայ արդարութեան վրայ։ Երբ դիմացդ պետութիւն մը կայ, որ կը շարունակէ ցեղասպանական քաղաքականութիւն վարել, Երեւանը կը ներկայացնէ որպէս ատրպէյճանական տարածք եւ կը շարունակէ բրնագրաւել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, երկարաժամկէտ խաղաղութեան մասին խօսիլը իրատեսական չէ»,– շեշտած է Չուլճեան։
Անոր բացատրութեամբ՝ շրջանառութեան մէջ դրուած այս բանաձեւերը միաժամանակ կը հետապնդեն քանի մը ռազմավարական նպատակներ՝ դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը, արագ ընթացք տալ հայ ռազմագերիներու վերադարձին, պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը եւ ուսումնասիրել Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հնարաւորութիւնը։
«Նշեալ նախաձեռնութիւնները աջակցութիւն կը ստանան թէ՛ դեմոկրատ, թէ՛ հանրապետական քոնկրեսականներու կողմէ»,– ընդգծած է մամուլի խօսնակը։
Այս ուղղութեամբ վերջին նշանակալից նախաձեռնութիւններէն մէկը 2025-ի Օգոստոսին Քոնկրեսի աւելի քան ութ տասնեակ անդամներու ստորագրութեամբ Սպիտակ Տուն ուղարկուած նամակն է, որուն մէջ կը պահանջուի, որ ռազմագերիներու հարցը առաջնահերթ տեղ զբաղեցնէ ԱՄՆ–Ատրպէյճան յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ։
«Սպիտակ Տունը իր պատասխանին մէջ ընդունած է, որ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը առաջնային խնդիր մըն է, ինչպէս նաեւ հաստատած է, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի հարցը պիտի ընդգրկուի շարունակուող բանակցութիւններուն մէջ։ Այս դիրքորոշումը կը նկատենք դրական քայլ, սակայն մեր աշխատանքը կը շարունակուի»,– նշած է Չուլճեան։
Ան նաեւ յայտնած է, որ ներկայ փուլին Քոնկրեսի մէջ հիմնական աշխատանքը կը կեդրոնանայ երեք ուղղութիւններու վրայ՝ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդում եւ Ատրպէյճանի յարձակողական քայլերու կանխարգիլում, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւն եւ 907-րդ բանաձեւի խստացում՝ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը սահմանափակելու նպատակով։ Այս բոլորին զուգահեռ, շրջանառութեան մէջ է նաեւ այլ նախաձեռնութիւն մը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման հարցին։
«Մօտակայ շաբաթներու ընթացքին մեր գործունէութիւնը աւելի լայն ծաւալ պիտի ստանայ»,– եզրափակած է ան։
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջին տարիներուն բարդացած է Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքը եւ գոյութիւն ունի՞ արդեօք նպատակաուղղուած արշաւ մը իր դէմ, Չուլճեան արձագանգած է, որ նման ճնշումներ միշտ ալ եղած են, սակայն վերջին շրջանին աւելի սաստկացած են։ Ան աւելցուցած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն սպասելի է յանձնախումբի դէմ յարձակումներու եւ քարոզչական արշաւներու աւելի աշխուժ փուլ։
«Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու պատճառով կը փորձուի հարուածել Դաշնակցութիւնը, իսկ անոր զուգահեռ՝ ուժգնացած է նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի դէմ ուղղուած արշաւը։ Այնուամենայնիւ, մենք կը շարունակենք յստակ ներկայացնել, թէ ինչ խնդիրներ կը նկատենք Հայաստան–Ատրպէյճան այսպէս կոչուած խաղաղութեան օրակարգին մէջ, ինչո՛ւ ունինք լուրջ մտահոգութիւններ, եւ անկախ դժուարութիւններէն՝ մեր աշխատանքը չի դադրիր»,– եզրափակած է Չուլճեան։