ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը փետրուարի 9-ին պիտի ժամանէ Հայաստան

Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս Հայաստան պիտի ժամանէ փետրուարի 9-ին եւ յաջորդ օրը պիտի մեկնի Ատրպէյճան։

Նախատեսուած է անոր հանդիպումը Հայաստանի վարչապետին հետ, սակայն այցելութեան ամբողջական օրակարգը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած։ Խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակցութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ ԱՄՆ փոխնախագահին հետ հանդիպման հրաւէր չեն ստացած։

Այցելութեան մասին տեղեկութիւնը առաջին անգամ հրապարակուած էր յունուարի վերջաւորութեան՝ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կողմէ, նշելով, որ այցելութիւնը կապուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ջանքերու խթանման եւ TRIPP ծրագիրի ամրապնդման հետ։

Առկայ տեղեկութիւններու համաձայն՝ TRIPP-ի վերաբերեալ նախատեսուած է ստեղծել հայ-ամերիկեան ընկերութիւն մը՝ համապատասխան ենթակառուցուածքները կառավարելու համար։ Ընկերութեան բաժնետոմսերուն մեծամասնութիւնը պիտի պատկանի Միացեալ Նահանգներուն, իսկ փոքրամասնութիւնը՝ Հայաստանին։ Հայաստանը պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու երթուղիին վրայ անխոչընդոտ տարանցում, որ պիտի գործէ Հայաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ։

Այցելութեան օրակարգին մէջ ընդգրկուած կարեւոր հարցերէն են նաեւ միջուկային եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին երկու երկիրները քննարկումներ վարած են քանի մը համաձայնագիրներու շուրջ, որոնք կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու միջուկային արհեստագիտութեան փոխանցման եւ գործածութեան հնարաւորութիւններուն Հայաստանի մէջ։ Այցի ընթացքին այս ուղղութեամբ նոր փաստաթուղթերու ստորագրում եւս հնարաւոր կը նկատուի։

Այցելութեան նախօրէին հայ եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքեր եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ կոչ ուղղած են ԱՄՆ փոխնախագահին՝ տարածաշրջանային հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացնելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը։ Թէեւ այս խնդիրը փոխանցուած է ամերիկեան կողմին, առայժմ յստակ չէ, թէ որքանով ան կը զբաղեցնէ առաջնային տեղ այցելութեան օրակարգին մէջ։

Այս պահուն ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ Ուաշինկթընը պաշտօնապէս չեն հրապարակած այցելութեան մանրամասնութիւնները։