Ամէն Բերանը Բանալուն Փաշինեան Վնաս Կը Հասցնէ Հայաստանի Շահերուն

Horizon Weekly Newspaper

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամէն անգամ որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակային յայտարարութիւն կը կատարէ, ան վնաս կը հասցնէ Հայաստանի շահերուն:

Փաշինեանի վնասակար խօսքերու վերջին օրինակը 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցն է, զոր ան տուաւ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին, 22 նոյեմբեր 2024-ին:

Առաջին հարցումը կը վերաբերէր վերջերս Փաշինեանի կողմէ կառավարութեան վեց բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աշխատանքէ արձակման` կիրակի երեկոյեան անոնց հեռաձայնային հաղորդագրութիւն ուղարկելով: Լրագրողը հարցուց` ինչո՞ւ զանոնք աշխատանքէ արձակեցիք:

Փաշինեան յայտարարեց, որ անոնց «պաշտօնանկութիւնները ոչ թէ անձնաւորուած են, այլ աւելի շատ համակարգերու կապուած են»: Այնուամենայնիւ, ան ըսաւ, որ աշխատանքէ արձակուած պաշտօնեաները «լաւ կ՛աշխատէին»: Լրագրողը մատնանշեց, որ վարչապետը համակարգային փոփոխութիւններ չէ կատարած, այլ ուղղակի աշխատանքէ արձակած է անհատներ: Վարչապետը բացատրեց, որ այս պաշտօնեաները համակարգային ուշագրաւ բարելաւումներ կատարած էին, սակայն հետագային, ժամանակի ընթացքին դարձած են համակարգի մաս: Ան շարունակեց` խոստովանելով, որ` «Ինծի հետ ալ նման բաներ կը պատահին»:

Լրագրող Տաթեւ Դանիէլեան այնուհետեւ Փաշինեանին հարցուց Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեանի պաշտօնանկութեան մասին, «մարմինի մը, որ գործադիր իշխանութենէն լիովին անկախ է: Եղաւ այնպէս, որ վարչապետին, այսպէս ըսուած, յորդորով որոշած է հրաժարականի դիմում ներկայացնել: Հիմա ձեր ընդդիմախօսները կ՛ըսեն` ի՞նչ է ասիկա, եթէ ոչ` իշխանութեան մէկ ճիւղին ճնշումը միւսին նկատմամբ»:

Փաշինեան ոչ համոզիչ բացատրութիւն մը տուաւ, որ` «Վարչապետի յորդոր չէր, այլ վարչապետի խնդրանք»: Լրագրողը պատասխանեց. «Անկախ դատական համակարգին մասին գործադիրին յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն միջեւ ճեղք կայ»:

Իշխանութեան երեք ճիւղերուն միջեւ տարանջատում չկայ: Փաշինեան միանձնեայ կը ղեկավարէ երեք ճիւղերն ալ` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնը: Ան, որ կը շեղի իր փափաքներէն, կ՛արձակուի աշխատանքէ եւ կը փոխարինուի: Տարօրինակ է, ասիկա այն մարդն է, որ անդադար կը խօսէր ժողովրդավարութեան մասին, սակայն կը խախտէ ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները:

Այնուհետեւ Փաշինեանը սխալեցաւ` ըսելով, որ այն պաշտօնեաները, որոնց «խնդրած է» հրաժարական տալ, երկու ընտրանք ունէին` «Այդ խնդրանքը կատարել, կամ` այդ խնդրանքը չկատարել»: Լրագրողը ընդգծեց, որ եթէ պաշտօնեան մերժեր հրաժարական տալ, «հետեւանքներ» պիտի արձանագրուէին: Փաշինեան անտեղեակ ձեւանալով` հարցուց. «Ի՞նչ հետեւանք, օրինակ»:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք խորհրդակցեցա՞ւ խմբակիցներուն հետ, նախքան այս վեց պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելը, ան հպարտօրէն ըսաւ. «Ասիկա միանձնեայ որոշում էր»:

Այնուհետեւ լրագրողը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Փաշինեանի խնդրանքո՞վ իշխող խորհրդարանական դաշինքի անդամ Նարեկ Զէյնալեանը հրաժարեցաւ իր աթոռէն: Փաշինեան ըսաւ` այո՛: Զէյնալեանը հրաժարեցաւ պատգամաւորական աթոռէն, սակայն պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանը մինչ օրս կը մերժէ Փաշինեանին «խնդրանքը»: Փաշինեան ըսաւ. «Ես յոյս ունիմ, որ իմ խնդրանքս անարձագանգ չի մնար»: Այդ խնդրանքէն ետք Աղազարեան քանի մը անգամ հարցաքննուեցաւ իշխանութիւններուն կողմէ` խարդախութեան կասկածով: Ասիկա կառավարութեան ուրիշ ճիւղի մը` խորհրդարանի գործերուն վարչապետի անտեղի միջամտութեան այլ օրինակ մըն է:

Փաշինեան երկարօրէն քննարկեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը համոզելու իր յամառ ջանքերը` ստորագրելու այն, զոր ինք «Խաղաղութեան պայմանագիր» կը կոչէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ Ալիեւ ոչ միայն շահագրգռուածութիւն չի ցուցաբերեր ստորագրելու նման փաստաթուղթ մը, այլ նաեւ կ՛ընդարձակէ Հայաստանէն հետագայ զիջումներու իր պահանջները: Փաշինեան կարծէք չի հասկնար տարբերութիւնը ստորագրութեան թուղթի կտորի մը, զոր ինք «Խաղաղութեան պայմանագիր» կը կոչէ, եւ` իսկական խաղաղութեան միջեւ:

Այնուամենայնիւ, 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեանին մեծագոյն սխալը այն էր, որ ան հաւասարութեան նշան դրաւ Ալիեւի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխարէն կեղծ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի համար պահանջներուն եւ հայկական պահանջատիրութեան միջեւ` «Արեւմտեան Հայաստան»-ի պատմական տարածքի համար:

Այս մասին, առանց հարցումի, Փաշինեան ակամայ առաջարկեց. «Բան մըն ալ ըսեմ, լա՛ւ չըսեմ»: Սակայն, երբ լրագրողը յորդորեց անոր ըսել, ան ռումբի նման զգայացունց յայտարարութիւն կատարեց. «Լա՛ւ, ըսեմ: Հիմա մենք որքան կը նեղուինք եւ դժուար կը հանդուրժենք, հարց կը սեպենք, որ կարգ մը մարդիկ որոշ տեղեր կ՛օգտագործեն Արեւմտեան Ազրպէյճան եզրը, չէ՞: Ուրեմն երբ մենք կ՛ըսենք Արեւմտեան Հայաստան, չե՞նք մտածեր, որ կարգ մը մարդիկ կը գրգռենք: Ինչպէս որ երբ Արեւմտեան Ազրպէյճան ըսեն, մենք կը զայրանանք, այնպէս ալ երբ մենք  Արեւմտեան Հայաստան կ՛ըսենք, ուրիշներ կը զայրանան: Հիմա կրկին պիտի ըսեն` հերթական դաւաճանութիւն, ստոր տականքութիւն: Այսօր ես կը գտնուիմ այնպիսի կարգավիճակի եւ պատասխանատուութեան մէջ, որ պարտաւոր եմ մեր ժողովուրդին հետ խօսիլ եւ ցոյց տալ պատճառահետեւանքային կապերը, շղթաները: Եթէ ես ատիկա չընեմ, կը նշանակէ, որ ես գիտակցաբար մեր երկիրը կը տանիմ դէպի պետականութեան կորուստ: Ես չեմ կրնան նման բան արտօնել»:

Ասիկա շատ ամօթալի յայտարարութիւն է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին կողմէ: Նման պատասխան կարելի էր ակնկալել Էրտողանէն կամ Ալիեւէն, բայց ոչ` Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարէն: Անհաւատալի է, որ նոյնիսկ Էրտողանն ու Ալիեւը նման հակահայ յայտարարութիւն չեն ըրած:

Վերջին հարցումը, հաւատաք, թէ ոչ, հետեւեալն էր. «Կրնա՞ք մեզի ըսել իսկական պատճառը` ինչո՞ւ որոշեցիք ածիլել (մօրուքը)»: Փաշինեան հաւատարիմ մնալով հարցումներէն խուսափելու իր սովորական գործելակերպին` ըսաւ. «… Պարզ է, որ պատկերի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ… Ես կրնամ միայն մէկ բան ըսել, որ երբ որոշեցի ածիլուիլ, որոշեցի օրը` աւագ դստերս ծննդեան օրը, հակառակ անոր որ հիմա, երբ հարցազրոյցը սփռուի, միւս դուստրերս հարց պիտի տան, թէ ինչո՞ւ անոր տարեդարձին եւ` ոչ մեր: Աշոտը (որդին), համոզուած եմ, որ այդ առումով, ոչ միայն այդ առումով, փառատենչ չէ եւ այդպիսի հարցում պիտի չուղղէ»:

Comments are closed.