Ամերիկացի Նշանաւոր Փաստաբանը Կը Գտնուի Երեւան՝ Եկեղեցին Պաշտպանելու Համար

Ամերիկացի նշանաւոր փաստաբան Ռապըրթ Ամսթըրտեմ 10 Օգոստոսի ուշ երեկոյեան հասաւ Երեւան։ Լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտարարեց, թէ իր այցելութեան նպատակը Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանելն է։ 69 տարեկան իրաւաբանը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ բացատրեց իր այցելութեան նպատակը. «Հայաստան կը գտնուիմ գլխաւոր առաքելութեամբ մը՝ եկեղեցին պաշտպանել, ինչպէս նաեւ՝ անօրէն կերպով բանտարկուած տղամարդիկը՝ Քրիստոսի զաւակները։ Երբ Սամուէլ Կարապետեանի պէս հաւատացեալ մը, իրենց հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ նուիրուած մարդիկ ու անոնց գործարարութիւնները կը դառնան յարձակումներու եւ յափշտակութեան թիրախ, ուրեմն լրջօրէն բան մը  սխալ է»։

Ամսթըրտեմ իր գործունէութեան ընթացքին վարած է միջազգային հնչեղութիւն ունեցող դատեր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ Վենեզուելայէն մինչեւ Քոնկօ եւ Թայլենտ։ 2000ականներուն ան եղած է Ռուսիոյ ամէնէն հարուստ գործարարներէն մէկուն՝ Վլատիմիր Փութինի ընդդիմախօս Միխայիլ Խոտորքովսքիի փաստաբանը։ Վերջին տարիներուն, ան կը պաշտպանէ Մոսկուայի պատրիարքարանի ուքրանական ուղղափառ եկեղեցին։

«Շատ յաճախ, իշխանութեան վրայ գտնուող մարդիկ կը փորձեն եկեղեցին քաղաքական նպատակներու ծառայեցնել՝ իբրեւ պաշտամունքի վայրի վերաբերելու փոխարէն։ Ասոր դէմ կանգնիլը ինծի համար թէ՛ գործ է, թէ՛ առաքելութիւն»։

Ամսթըրտեմ նաեւ անդրադարձաւ Ուքրանիոյ գծով իր գործունէութեան՝ շեշտելով. «Ես Ուքրանիոյ մէջ կը պաշտպանեմ եկեղեցին։ Դժբախտաբար, այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ եկեղեցին կը գտնուի յարձակումներու տակ։ Ըստ իմ համոզումին՝ չկայ աւելի սրբազան գործ, քան եկեղեցւոյ եւ օրէնքի գերակայութեան պաշտպանութիւնը»։

Ըստ Ամսթըրտամի՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն–եկեղեցի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի երկխօսութեամբ։

«Ես հոս եմ՝ յոյս ունենալով, որ պիտի կարենանք սկսիլ բաց երկխօսութեան մը, մեղադրանքները կասեցնել եւ երաշխաւորել եկեղեցւոյ ապահովութիւնը։ Եկեղեցին Հայաստանի մէջ առանցքային դեր ունի՝ ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն կեանքին մէջ»։

Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ իշխանութեան կողմէ ճնշումներէ չի՞ վախնար՝ Ամսթըրտեմ ըսաւ․ «Ես շատ վարժուած եմ կառավարական ճնշումներուն։ Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած եմ, եօթը երկիրներ մուտքս արգիլուած է։ Ճնշումը արդիւնք պիտի տայ միայն այն ատեն, երբ մէկը կը կռանայ անոր տակ։ Մենք չենք կռանար»։