Ամերիկահայ Գործարար Գարօ Արմէնը Քաղցկեղի Դէմ Նոր Դեղամիջոց Ստեղծելու Համար Արժանացած Է WITSA-ի Մրցանակին
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (WITSA) տարեկան մրցանակը այս տարի շնորհուած է ամերիկահայ գործարար Գարօ Արմէնին:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնեց Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) նախագահ Ալեքսանդր Եսայեանը: «Մրցանակը կը շահին անոնք, որոնք մեծ ծառայութիւններ կը մատուցեն մարդկութեան կամ կը դառնան համաշխարհային նշանակութեան աշխատութիւններու հեղինակ: Այդ մրցանակին դափնեկիրներու թիւին մէջ է, օրինակ, Նելսոն Մանտելան: Այս տարի մեր ընկերութիւնը ներկայացուց Գարօ Արմէնի թեկնածութիւնը, եւ խորհուրդը հաստատեց զայն: Մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ տարբեր դասակարգերով, սակայն գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ մեր ամերիկահայ հայրենակիցը: Անոր գործունէութիւնը ինքնին ունի մեծ նշանակութիւն: Անոր հիմնադրած եւ ղեկավարած ընկերութիւնը` «Ակենըս Պիօ»-ն, կը զբաղի քաղցկեղի բուժման աշխատանքներով եւ մասնաւորապէս ստեղծած է դեղամիջոց, որ կ՛օգնէ աւելի քան հազար հիւանդներու, որոնք արդէն իսկ ապաքինած են:
«Դեղամիջոցի շնորհիւ` բուժուած են նոյնիսկ չորրորդ փուլի քաղցկեղով հիւանդները, որոնց մարմնին մէջ տարածուած եղած են մետաստազներ: Վեց շաբթուան ընթացքին հիւանդները ընդունած են «BOT/BAL» կոչուող դեղը, քաղցկեղը ամբողջութեամբ վերացած է», տեղեկացուց մեր զրուցակիցը: Եսայեանի խօսքով, արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ հայկական մեծ սփիւռք կայ, ուր կան յաջողած մասնագէտներ եւ հայկական ընկերութիւններ, որոնք ունին մեծ կապեր եւ կշիռ:
Ամէնէն յայտնիներէն է, օրինակ, «Սերվիս տիտան»-ը, որ հիմնադրած են Վահէ Կուզոյեանն ու Արամ Մահտեսեանը: Անիկա մեծապէս օգնած է հայաստանեան սթարթափներուն` հասանելի ձայն ունենալու անհրաժեշտ տեղերու մէջ: Եսայեան առանձնացուց նաեւ Ռազմիկ Յովակիմեանը, որ ունի վենչուրային դրամագլուխ եւ կատարած է ներդրումներ` օգնելով բազմաթիւ հայաստանեան սկսնակ ընկերութիւններու: Մեր զրուցակիցը շեշտեց, որ սփիւռքը մեզի շատ կ՛օգնէ, որուն շնորհիւ Հայաստանը` ի տարբերութիւն բազմաթիւ երկիրներու, դարձած է հասանելի եւ լսելի:
Comments are closed.