Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ մեղադրանքները անհիմն են

Նոյեմբեր 28-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ նախատեսուած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի իրաւազօր նիստը տեղի չունեցաւ՝ շարք մը անդամ արքեպիսկոպոսներու բացակայութեան պատճառով։

Այնուամենայնիւ, ինչպէս կը հաղորդէ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգը, ներկայ անդամները անդրադարձած են նոյեմբեր 27-ին ինը եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ հրապարակուած խայտառակ յայտարարութեան՝ արձանագրելով, թէ ան ամբողջովին խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնէ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի խնդրով ստեղծուած յանձնախումբի աշխատանքը։

«Ակնյայտ է, որ յայտարարութեան մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած ամբաստանութիւնները բացարձակապէս անհիմն եւ շինծու են, իսկ Սրբազանի անձը թիրախաւորելը եւ կանխակալ կարծիքներու ձեւաւորումը՝ անթոյլատրելի»,— նշուած է Մայր Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Էջմիածնի այսօրուայ ժողովին մասնակցած հոգեւորականները դատապարտած եւ անընդունելի համարած են որդեգրուած կեցուածքը, ընդգծելով, որ եկեղեցականները պարտաւոր են վերադառնալ կանոնական դաշտ՝ իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնելու եկեղեցւոյ բարձրագոյն ժողովական մարմիններուն մէջ եւ չխաթարելու եկեղեցւոյ միաբանութեան միասնականութիւնը։

Բարձրաստիճան հոգեւորականներու յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ փորձաքննութեամբ հաստատուած է Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուած տեսանիւթերու «իսկութիւն»ը, եւ թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը փորձէ կոծկել Արշակ Սրբազանի վերագրուող արարքը։

Նախորդ ամիս նորատիպ թելեկրամյան ալիքի մը մէջ հրապարակուած էին խիստ անձնական բնոյթի կեղծ տեսանիւթեր, կցուած գրութեամբ, թէ անոնց մէջ երեւցողը Մայր Աթոռի դիւանապետն է։ Արշակ Սրբազանը նոյն օրը արձագանգած էր՝ այդ պնդումները որակելով յերիւրանք, իսկ Քննչական կոմիտէին մօտ յայտնած էր, թէ տարածուած տեսանիւթը իրական չէ եւ իր հետ կապ չունի։

Նոյեմբեր 27-ին, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցած էր յայտարարութիւնը տարածած եկեղեցականներուն հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած էր անոնց «սկզբունքային դիրքորոշման» համար։