Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները
- (0)

8 մարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամները` առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին համապարփակ տեղեկութիւններ ներկայացուցին ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասին:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչը եւ անդամները` կարեւոր նկատելով համազգային ներուժի ծառայեցումը յանուն հայրենիքի զօրացման, ազգի արժանապատիւ ու լուսաւոր գալիքի կերտման:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, անվտանգային սպառնալիքներուն եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր, առկայ խնդիրներու դիմագրաւման գործին մէջ ընդգծուեցաւ ազգային միասնութեան ու համախմբման անհրաժեշտութիւնը: