Ամանոր, Սուրբ Ծնունդ եւ Արցախի պահանջատիրութեան օր Վանգուվըրի մէջ

Կիրակի, 4 յունուարին, Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Աստուածապաշտութեան օրը։ Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ համայնքային ճաշկերոյթ՝ Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ։

Տօնակատարութեան եւ ճաշկերոյթին ներկայ էր Գանատայի խորհրդարանի անդամ, պատգամաւոր Պրն. Փարմ Պէյնզը, որ մասնակցեցաւ արարողութիւններուն՝ փոխանցելով Գանատայի վարչապետ Տիար Մարք Գարնիի եւ Գանատայի կառավարութեան ջերմագին ողջոյնները հայ համայնքին։

Ներկաներուն մէջ էին նաեւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկերուհի Մարալ Քիւլահեան, ինչպէս նաեւ գաղութի զանազան յարակիձ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի (ANCC),  ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորին միջեւ տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնց ընթացքին ընկերներն ու ընկերուհիները անկեղծ եւ բովանդակալից զրոյց ունեցան կառավարութեան ներկայացուցիչին հետ։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Հայր Վարդան Թաշճեանն ու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին փոխանցուած ջերմագին ողջոյններուն համար եւ փոխադարձ ողջոյններ ուղղեցին Գանատայի վարչապետին ու կառավարութեան։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչները պատգամաւորին ներկայացուցին Հայաստանի առջեւ ծառացած ներկայ հիմնախնդիրները։ Ընկերուհի Լորիկ Քորաճեան մանրամասն անդրադարձաւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի տառապանքին, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալներու հարցին։

Ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան արձագանգելու այս ծանր եւ շտապ խնդիրներուն։ Երեսփոխան Պէյնզ, իր կարգին, խոստացաւ հետամուտ ըլլալ բարձրացուած հարցերուն։

Աւարտին, երեսփոխան Պէյնզ Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին նուիրեց Գանատայի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հռչակագիրի (Canadian Charter of Rights and Freedoms) հայերէն տարբերակը։