ԱԺ-ն ընդունեց պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտի կրճատման մասին օրէնքը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկրորդ եւ վերջնական ընթերցմամբ ընդունեց պարտադիր զինուորական ծառայութեան տեւողութիւնը վեց ամիսով կրճատելու օրէնքի նախագիծը։ Օրէնքը ընդունուեցաւ 65 կողմ, 4 դէմ եւ 20 ձեռնպահ ձայներով։

Արագացուած ընթացակարգով ներկայացուած փոփոխութիւնը կը վերաբերի բացառապէս այն զօրակոչիկներուն, որոնք զինուորական ծառայութեան պիտի մեկնին 2025 թուականի յունուարէն։ Օրէնքը չի վերաբերիր Ներկայիս ծառայող զինծառայողներուն, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հայկական ծառայութիւնը։

Առաջին ընթերցման ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սուրեն Պապիկեան պաշտպանած է փոփոխութեան ընտրողական կիրառումը՝ շեշտելով, որ ան արդար է։ Անոր խօսքով՝ զինուորներն ու անոնց ընտանիքները պէտք է հասկնան, որ փոփոխութիւնը կը վերաբերի ապագայ զօրակոչիկներուն։ Նախարարը նշած է, որ ծառայութեան ժամկէտի կրճատումը կարելի դարձած է վերջին տարիներուն պայմանագրային զինծառայութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճին եւ անոր ընդլայնման շնորհիւ։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրէնքի փոփոխութիւնը հիմնաւորած է արհեստավարժ բանակի ձեւաւորման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացով՝ նշելով, որ այսուհետեւ կարելի կը դառնայ կրճատել պարտադիր զինծառայութեան ժամկէտը։ Ըստ նախարարութեան՝ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը արդէն իսկ իրականացուած են։

Միեւնոյն ժամանակ ընդդիմութիւնը մտահոգութիւններ յայտնած է նախաձեռնութեան առնչութեամբ։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան փոփոխութիւնը բնորոշած է իբրեւ հնարաւոր նախընտրական քայլ։ Ան աւելի վաղ քննարկումներու ընթացքին նշած է, որ ծառայութեան ժամկէտի կրճատումը հիմնաւորող բաւարար ուղեկցող միջոցառումներ չեն իրականացուած։ Պատգամաւորը նաեւ կասկածի տակ առած է պայմանագրային զինծառայողներու ծառայութեան պայմանները՝ շեշտելով, որ Երեւանի կեդրոնին մէջ պարեկային ծառայութեան աշխատակիցը աւելի բարձր աշխատավարձ կը ստանայ, քան պայմանագրային զինծառայողը։