Լաթաքիոյ Մէջ Երկու Հայ Զոհ

Horizon Weekly Newspaper

Նախանցեալ օր, Լաթաքիոյ մուտքին, երկու հայեր` հայր եւ որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսներ կրակոցներու զոհ դարձած են: Այս մասին հաղորդեց «Գանձասար»:

Հանգուցեալներուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի գիշեր «ապահովական ուժերու ու զինեալներու միջեւ» բախումներու հետեւանքով աւելի քան հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուած են:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը ուրբաթ առտու հաղորդեց, որ զինուորական յաւելեալ ուժերու ժամանումէն ետք, Թարթուս եւ Լաթաքիա նահանգներու քաղաքներու, գիւղերու, գիւղաքաղաքներու եւ մերձակայ լեռներու վրայ խուզարկութեան լայն գործողութիւն շղթայազերծուած է:

ՍԱՆԱ նշեց, որ խուզարկութիւններուն թիրախը «Ասատի միլիսներու մնացորդները եւ անոնց օգնողներն ու աջակցողներն են»` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով «իրենց տուները մնալու եւ որեւէ կասկածելի շարժումի պարագային անմիջապէս լուր տալու»:

Միջազգային լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ հարիւրաւոր ալեւի խաղաղ բնակիչներ սպաննուած են բախումներու հետեւանքով։

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի զինեալներու, ապահովական ուժերու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միաւորներու աջակցութեամբ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջան մուտք գործելէն ի վեր զոհերուն թիւը հասած է 1018-ի, որուն 745-ը քաղաքայիններ են, «որոնք սպաննուեցան համայնքային ջարդերու ընթացքին»:

Դատապարտումներ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ աւելի քան հազար անձերու սպանութիւնը որակեց «ցնցիչ»:

«Փոխանցման կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է արգիլել յաւելեալ յարձակումներու կատարուիլը, հետաքննել դէպքերն ու անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկել», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Բուռն կերպով բոլոր կողմերը կը յորդորենք բռնութեան վերջ տալու»:

ՄԱԿ իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքին մէջ ամբողջ ընտանիքներու սպանութեան վերաբերեալ չափազանց մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը ստանանք»` կոչ ուղղելով` «բռնարարքը անմիջապէս դադրեցնելու»:

«Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը պէտք է անմիջապէս դադրի», հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ ՄԱԿ-ը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ դատապարտեց «Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուող ջարդերը»:

«Միացեալ Նահանգները կը դատապարտեն իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչները, ներառեալ օտար ժիհատականները, որոնք վերջին օրերուն Սուրիոյ արեւմուտքին մէջ մարդիկ սպաննեցին», յայտարարեց Ռուպիօ` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններուն կողքին կը կանգնին, ներառեալ քրիստոնէական, տիւրզի, ալեւի եւ քիւրտ հասարակութիւնները, եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն»:

«Սուրիոյ փոխանցման իշխանութիւնները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ այս ջարդերուն հեղինակները», աւելցուց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: