Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեան բանակին ուղարկուած օգնութիւնը իւրացնելու յանցանքով կ՚ամբաստանուի եւ կը ձերբակալուի

Horizon Weekly Newspaper

Հիմնաւոր կասկածներ կան, որ դպրոցականներու՝ զինուորներուն ուղարկած ուտելիքը ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ Մանուէլ Գրիգորեանը գողցեր ու անով կերակրեր է իր արջերն ու վագրերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները, յանցաւորութեան դէմ պայքարին ուղղուած իրենց գործառոյթներու իրականացման շրջագիծին մէջ, 16 յունիս 2018-ին  Էջմիածին քաղաքին մէջ իրականացուցած են գործողութիւն։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներուն հիմամբ տուեալներ ստացուած են, որ  Հայաստանի Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ)  նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով ձեռք բերած եւ պահած է զէնք եւ ռազմամթերք:

Դէպքին առիթով ԱԱԾ քննչական վարչութիւնը  յարուցած է  քրէական գործ եւ խուզարկութիւններ իրականացուցած Մանուէլ Գրիգորեանի տան, ամարանոցին եւ անոր պատկանող այլ տարածքներու մէջ: Յայտնաբերուած է ապօրինի կերպով  պահուող մեծ քանակով զէնք եւ ռազմամթերք:

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը բերման  ենթարկուած եւ ձերբակալուած է` նախատեսուած յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով, Ազգային ժողովի պատգամաւորը ազատութենէ զրկելու մասին տեղեկացուած է Ազգային ժողովի նախագահը:

ԱԱԾ-ն յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած է, թէ քրէական գործերու  նախաքննութեան ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին յառաջիկային պիտի տրամադրէ մանրամասն տեղեկատուութիւն:

Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ)  խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալման առիթով ՀՀԿ-ն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ «Արցախի հերոս Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալութիւնը պետական ճնշող քաղաքականութեան գործադրման հերթական ահազանգն է: Մենք (ՀՀԿ-ն, «Ա.») մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի պահենք այս հարցի լիարժէք եւ անաչառ քննութիւնը եւ պիտի պայքարինք Մանուէլ Գրիգորեանի իրաւունքներու ամբողջական պաշտպանութեան համար»:

Դիմատետրի ուղիղ եթերի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ Մանուէլ Գրիգորեան պատասխանատու է շարք մը լուրջ յանցագործութիւններու հարցով, որոնց կարգին է նաեւ բանակին ուղարկուած օգնութիւնը իւրացնելը։

«Կասկածներ կան, որ Մանուէլ Գրիգորեանը գողցեր է Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ստացուած օգնութիւնը։ Հիմնաւոր կասկածներ կան, որ դպրոցականներու՝ զինուորներուն ուղարկած ուտելիքը Մանուէլ Գրիգորեանը գողցեր է ու անով կերակրեր է իր արջերն ու վագրերը», ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով․ «Նաեւ կասկածներ կան, որ Մանուէլ Գրիգորեանը իւրացուցած է բանակին համար նախատեսուած տեխնիկայ, օրինակ՝ ինքնաշարժներ»։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պնդմամբ՝ իրաւապահներու խուզարկութիւնները ցոյց տուած են, որ կասկածները հիմնաւոր են։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.