Ազատութիւն հայ գերիներուն․ բողոքի ցոյց ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղպալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ՝ այսօր, Դեկտեմբեր 10-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը։

Ցոյցի նպատակն էր միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ոտնահարուած իրաւունքներուն վրայ, պահանջելով, որ ՄԱԿ-ի պատասխանատուները գործուն քայլեր ձեռնարկեն հայ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ։

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղպալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Միրօ Սարգիսեան անգլերէնով ուղերձ մը հղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային կառոյցներուն։

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղպալեան» ուսանողական միութեան «Վահան Յովհաննիսեան» ազգային-քաղաքական դպրոցի պատասխանատու Տարօն Ղազարեան յայտարարեց. «Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր մեր հայրենակիցները Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը մնան, եւ մենք կը պահանջենք ՄԱԿ-էն եւ միւս միջազգային կառոյցներէն՝ իրապէս հետամուտ ըլլալ մարդկային իրաւունքի կիրարկման եւ պատանդառուած մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ ազատ արձակման»։

«Մենք հետեւողականօրէն կը շարունակենք հետապնդել այս հարցը, եւ սա մեր առաջին բողոքի ցոյցը չէ։ Մեր պահանջը միայն ՄԱԿ-ին ուղղուած չէ, այլ նաեւ բոլոր այն միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք ունին պատասխանատուութիւն։ Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ եւ պիտի շարունակուին։ Անոնք այն կառոյցներն են, որոնք ունին պատասխանատուութիւն եւ ամէն առիթով կը խօսին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, հիմնարար ազատութիւններու մասին, ունին բազմաթիւ լծակներ, որոնցով կրնան ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ»,— ըսաւ Տարօն Ղազարեան։

Ցոյցի աւարտին երիտասարդները իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ մը փոխանցեցին ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցչին։