Ֆրանսայի Խորհրդարանը Եւս Որդեգրեց Հայաստանին Աջակցող Եւ Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

Ֆրանսայի խորհրդարանը 30 Նոյեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ի շարս այլ դրոյթներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի բանաձեւը.

– Կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձի.

– Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել անհատական պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը՝ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակումներու եւ բռնագրաւումի շարունակութեան պարագային.

– Կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ շարունակելու միջնորդական ջանքերու գործադրութիւնը՝ Արցախի հայ բնակչութեան ապահովական հարցի լուծման նպատակով՝ համաձայն խորհրդարանի 2020 թուականի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշուած բանաձեւով կառավարութեան կ՛առաջարկուի ճանչնալ Արցախը).

– Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնը.

– Կոչ կ՛ուղղէ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն Հայաստանի ու Արցախի՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Բանաձեւը ներկայացուեցաւ խորհրդարանի մեծամասնութեան՝ իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան անունով։

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանն ու դեսպանութեան անձնակազմը։

Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթ առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս որդեգրեց նոյնանման բանաձեւ մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.