Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

«Կոչ կ՛ուղղեմ Եւրոպական Միութեան՝ զարգացնելու իր յարաբերութիւնները այս երկրին հետ, որուն Ֆրանսան շատ հաւատարիմ է, որպէսզի անգամ մը եւս կարենանք Հայաստանին տրամադրել այն աջակցութիւնը, զոր ակնկալելու իրաւունքը ունի վերջինս», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 16 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահի ռազմական գծով խորհրդական, յատուկ ռազմական շտաբի ղեկավար եւ բանակի զօրավար Ֆապիէն Մանտոնի հետ:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Խաչատրեան:

Քննարկուեցան Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Մանրամասնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն` ռազմական կրթութիւն, վարժողական ծրագիրներ, խորհրդատուութիւն եւ սպառազինութեան հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Կողմերը ներկայացուցին այդ հարցերուն շուրջ իրենց մօտեցումները:

Comments are closed.