Օսիպեանի հացադուլը կը շարունակուի, նախարարութիւնը կը խօսի խափանման միջոցի փոփոխութեան մասին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․- Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան յայտարարած է, թէ «խիստ ցանկալի» պիտի ըլլար, որ մայիս 21-էն հացադուլի մէջ գտնուող հասարակական գործիչ Արթուր Օսիպեանի խափանման միջոցը փոխուի։ Նախարարը նշած է, թէ ամէնօրեայ տեղեկութիւններ կը ստանայ անոր առողջական վիճակին մասին եւ կը վստահեցնէ, որ իշխանութիւնները կը փորձեն «ապահովել» անոր իրաւունքները։
Սակայն Օսիպեանի պաշտպան Դաւիթ Յովհաննիսեան կը զգուշացնէ, որ իր պաշտպանեալի առողջական վիճակը վատթարացած է եւ ան կը շարունակէ հրաժարիլ բժշկական քննութիւններէ։
Օսիպեանի դէմ իշխանութիւնները յարուցած են բազմաթիւ շինծու մեղադրանքներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին բռնութեան հրապարակային կոչեր հնչեցնելու, խուլիկանութեան եւ նախընտրական քարոզչութեան խոչընդոտման յօդուածներով։ Ան ձերբակալուած էր մայիս 18-ին՝ Փաշինեանին հետ հրապարակային վիճաբանութենէն ետք, երբ նախընտրական արշաւի ընթացքին մօտեցած եւ քննադատած էր անոր։
Դէպքը լայն արձագանգ գտած էր նաեւ այն պատճառով, որ երկրի վարչապետը հանրային վայրի մէջ Օսիպեանի հասցէին օգտագործած էր վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ՝ զինք կոչելով «համբալ», «տականք» եւ «թալանչի անասուն», հարց տալով՝ «դուն ինչո՞ւ ողջ ես»։
Օսիպեանի շարունակուող հացադուլին եւ առողջական վիճակի վատթարացման լոյսին տակ, իր խափանման միջոցի վերանայման հարցը կը դառնայ ոչ միայն իրաւական, այլ նաեւ քաղաքական եւ մարդասիրական խնդիր։