Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտի գլխաւորութեամբ «Հայկական ժառանգութեան ամիս»ը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Օնթարիոյի խորհրդարանէն ներս
Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Օնթարիոյի Նահանգի Խորհրդարանէն ներս՝ Օնթարիօ Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Հայկական ժառանգութեան ամիս» խորհագրով ձեռնարկը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Օնթարիօ նահանգի Վարչապետ Տակ Ֆորտ, 30-է աւելի Նախարարաներ, Երեսփոխաններ, Օնթարիոյի երեք Ընդիմադիր Կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի կրօնական, քաղաքացիական առաջնորդներ, Միսիսակա, Քամպրիճ, եւ Սանթ Քաթրինզի շրջաններու հայ համայնքներու նեկայացուցիչներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ականաւոր դէմքեր եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն։
Ձեռնարկին ներկայ էին Թորոնթոյի յոյն հիւպատոս Բանաիոթիս Անթօնաթոս, Լիբանանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի մօտ պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան եւ այլազան բազմամշակութային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Յոյն, Չինացի,Ղպտի, եւ Քլտան։
Հայկական տարազներով պարմանուհիներ ներկաները առաջնորդեցին դէպի սրահ, ուր ցուցադրուած էին հայ համայնքի հիմնադրութեան հանգրուաններուն մասին տեղեկութիւններ։ Հայկական զարդանախշի եւ ձեռարուեստի գործերով, գեղջկական իրերով, հայկական ազգային աւանդական տարազի պատկերներով եւ մանաւանդ Հայկական գորգերով զարդարուած սրահը պահ մը ներկաները տարաւ հայրենիք, իսկ միւս մասը՝ ճոխ էր հայկական խմիչքներով եւ համադամ ճաշերով։
Օրուան հանդիսավար Արիս Մովսէսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն բեմ հրաւիրեց Երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նաթարիոյի վարչապետ Ֆորտին եւ նախարարներուն, իրենց աջակցութեան ու օժանդակութեան համար, յայկապէս թիւ 105 օրինագիծին եւ այլ օժանդակաութիւններուն որոնք տրամադրուեցան հայ գաղութին։ Ապա բեմ հրաւիրեցուեցաւ վարչապետ Տակ Ֆորտը։
Վարչապետ Տակ Ֆորտ իր խօսքին մէջ ջերմօրէն գնահատեց Երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ անցնող վեց տարիներու ընթացքին իր գործունէութեամբ՝ սերտ յարաբերութիւններ մշակեց թէ՛ համայնքներու եւ թէ՛ պետական կառոյցներու հետ։ Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գործարարներու դերակատարութեան եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք գործ կը հայթայթեն հայ գաղութի զաւակներուն եւ Օնթարիոյի բնակիչներուն։ Իր խօսքի աւարտին՝ վարչապետը իր անսակարկ աջակցութիւնը յայտնեց Օնթարիոյի հայ համայնքին:
Հանդիսութեան մասնակից Օնթարիոյի Մշակոյթի եւ Քաղաքացիութեան նախարար Մայքըլ Ֆորտ իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց գանատահայ համայնքի ներդրումը Գանատայի մշակոյթի իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման կապակցութեամբ։ Նախարար Մայքըլ Ֆորտ նշեց, որ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ Հայերը մեծ շուքով կը տօնեն Մայիս 28-ը՝ Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակը։ Ան դիտել տուաւ, որ այս տարուայ տարեդարձը՝ հայ ժողուվրդի ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման խորհրդանիշն է: Նախարար Մայքըլ Ֆորտի խօսքին յաջորդեց Օնթարիոյի երեք ընդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու սրտի խօսքերը։
Հանդիսավար Արիս Մովսէսեան բացատրեց, որ թիւ 105 օրինագիծը՝ իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ որպէս «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս»։ Օնթարիոյի խորհրդարանի վերոնշեալ օրինագիծը իրականացաւ շնորհիւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի շնորհիւ: Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը Գանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունեց նման օրէնք՝ յարգելու եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու Օնթարիոյի մէջ բնակող հայերուն, իրենց գործօն դերակատարութեան ու ներդրումին Գանատայի մշակոյթի իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման կապակցութեամբ։
Այս առիթով երեսփոխան Պապիկեան պատրաստած էր գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէ հայերու Գանատա ներգաղթի ժամանակագրութիւնը, Օնթարիօ նահանգին մէջ Հայ համայնքի հաստատման պատմագրութիւնը, հայերու նշանակալի ներդրումը նահանգի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ արուեստի, գիտութիւններու եւ գրականութեան մարզերէն ներս։ Գրքոյկը կը ներառէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՃորՃթաունի հայ որբերու մարդասիրական առաքելութիւնը, գանատացիներուն աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Գանատայի նիւթական օժանդակութիւնը ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։
Ձեռնարկի աւարտին Երեսփոխան Արիս Պապիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքին եւ յաջողութեան, եւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց նուիրատուները. Հայկական ճաշեր հովանաւորուած էր Նազար Չաթալեանի կողմէ (Lavash Restaurant)։ Անուշեղենները հովանաւորուած էր Յարութ Սարգիսեանի կողմէ Ալ նճմէ ( Alnejmah Fine Foods)։ Համեղ տուրմեր, հայկական անուշներ եւ օշարակներ հովանաւորուած էր Անուշ Մարգէթի կողմէ ( Anush Market)։ Հայկական խմիչքները հովանաւորուած էր Վլատիմիր Կուզմանի կողմէ։ Տիկին Նուշիկ Թահթէճեան եւ երկու դուստրերը որոնք իրենց գեղեցիկ հայկական տարազներով փայլք տուին ձեռնարկին։ Տիկ․ Յասմիկ Խրլաքեանի՝ տոհմիկ հայկական կահաւորումն ու Արցախեան գորգերով։ Նոր Հայ Հորիզոնի անձնակազմին եւ վարիչ տնօրէն՝ Սիւզի Մելիտոնեանին։
Աւարտին՝ ներկաները բարձր գնահատեցին ձեռնարկը, որուն նպատակն էր հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը ծանօթացնել օտար շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ հայ համանքի ներկայացուցիչները մօտէն ծանօթացնել Օնթարիոյի պետական անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական գործիչներուն հետ։
Պէթթի Տողրամաճեան
Comments are closed.