Օգնութիւն Համաճարակի Կիզակէտին Գտնուող Իտալահայերէն՝ Հայաստանին Ու Արցախին
Իտալիոյ Համահայկական հիմնադրամի կոմիտէն 4,600 եւրօ փոխանցեց «քորոնա» ժահրի դէմ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նախաձեռնած դրամահաւաքին: Այդ գումարը յատուկ հաւաքագրուած էր ու նախատեսուած էր Իտալիոյ հայերու միութեան կողմէ՝ գալիք Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ամենամեայ ոգեկոչման արարողութեան համար, որ հասկնալի պատճառներով այս տարի պիտի չի կայանայ:
Հիմնադրամի Իտալիոյ կառոյցը Պայքար Սվազլեանի ատենապետութեամբ, Գէորգ Օրֆալեանի եւ Արմինէ Պամպաքեանի անդամակցութամբ, հաւաքագրուած այդ գումարը կը փոխանցեն Հայաստանի իրենց հայրենակիցներու կեանքերը փրկելու համար:
Մեր սրտերն ու մտքերը Իտալիոյ ժողովուրդի եւ այնտեղ ապրող հազարաւոր հայերու հետ են, որոնք Իտալիան իրենց տունը կը համարեն:
Իտալիան կը միանայ աշխարհի միւս հայ համայնքներուն ու անհատներուն, որոնք կ՝աջակցին Հիմնադրամի դրամահաւաք արշաւին՝ ներառեալ, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Պրազիլը, Գերմանիան, Նիտըրլանտները, Իռլանտան, Ռուսիան:
Մինչեւ այսօր հաւաքագրուած է 125,091 ԱՄՆ տոլար, ուղարկուած է շուրջ 250 հազար տոլարին համարժէք բժշկական սարքեր եւ պարագաներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ են Հայաստանին ու Արցախին:
Միացէք COVID-19 համաճարակի դէմ համահայկական առցանց դրամահաւաքին https://bit.ly/2wsYuk9 յղումով:
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ