Քրիստինէ Վարդանեան. «Սեփական ժողովուրդին պատերազմով սպառնալը տկարութեան նշան է»

Մարտ 27-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ լրագրողներու ուշադրութիւն հրաւիրեց իշխանութիւններու վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւններուն։ Պատգամաւորը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հանրութիւնը պատերազմով վախցնելու հռետորաբանութեան՝ հարցադրում կատարելով, թէ արդեօք իշխող ուժի վիճակը որքա՞ն վատ պէտք է ըլլայ եւ ի՞նչ տուեալներու պէտք է տիրապետեն անոնք, որպէսզի դիմեն նման ծայրայեղ քայլի։ Ըստ Վարդանեանի, սեփական ժողովուրդին վախի մթնոլորտի մէջ պահելը քաղաքական տկարութեան ակնյայտ նշան է։

Շարունակելով իր խօսքը, Վարդանեան անդրադարձաւ երկրին սպառնացող «հիպրիտային» վտանգներու մասին պաշտօնական յայտարարութիւններուն։ Ան նկատել տուաւ, որ թէեւ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը կը խօսի պետութեան մը յատուկ ծառայութիւններու միջամտութեան մասին, սակայն իշխանութիւնները կը խուսափին տուեալ երկրի անունը տալէ։

Իր ելոյթի աւարտին Քրիստինէ Վարդանեան մատնանշեց իշխող ուժի հակասական յայտարարութիւնները «Հայաստան» խմբակցութեան վերաբերեալ։ Ան ընդգծեց, որ Քաղաքացիական պայմանագիրը մէկ կողմէ կը պնդէ, թէ ընդդիմութիւնը չունի ընտրական շեմը յաղթահարելու հնարաւորութիւն, իսկ միւս կողմէ կը սպառնայ «Գիւմրի 2» սցենարով։ Պատգամաւորը կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն կողմնորոշուելու իրենց պնդումներուն մէջ՝ շեշտելով, որ այս հակասութիւնները նման են խաղաղութեան մասին խօսելուն, երբ միաժամանակ կը յայտարարուի Ալիեւի կողմէ պատերազմի պատրաստուելու մասին։