Քեսապի Էսկիւրան գիւղի հրթիռակոծման պատճառով վիրաւորուած են երկու հայեր
2747
0
«Գանձասար»ի Քեսապի աղբիւրը յայտնեց, որ այսօր՝ Երկուշաբթի, 6 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Քեսապի Էսկիւրան գիւղը հրթիռակոծած են։ Երեք հրթիռներ ինկած են Էսկիւրան։ Վիրաւորուած են քեսապցի երկու հայեր, որոնք անմիջապէս փոխադրուած են Լաթաքիոյ հիւանդանոց։ Վիրաւորներուն առողջական վիճակը կայուն է։