Քարվաճառը Ամբողջութեամբ Յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին
1993
0
9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան հետեւանքով երէկ` 25 նոյեմբերին, Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին:
Այսպիսով, հայկական զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Քարվաճառէն` վերջին անգամ ըլլալով լուսանկարուելով եւ հրաժեշտ տալով:
Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ, որ այսուհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործելն ու Հանրապետութենէն ելք կատարելը կարելի է միայն Բերձոր-Ստեփանակերտ մայրուղիով: