Քանդուած Կամուրջը` Հայրենիք- Սփիւռք Միասնականութեան

Հրանուշ Յակոբեանի Գիրքին` «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան
Տասնամեայ Ուղին» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Անցնող աւելի քան եօթը տասնամեակներուն թերեւս  Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը չէ ունեցած այնքան բեղուն,  այնքան ազատ եւ ջերմ աշխատակցութիւն  եւ ո՛չ ալ այն տարողութիւնն  ու թափանցիկութիւնը,  հանգիստ ու ազատ գործելաոճը, որ ունեցաւ 2008- 2018 տասնամեակին:   Շատ մը ազդակներ եւ   հանգամանքներ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած նշումներուն համար ստեղծուած յանձնաժողովներու միացեալ գործակցութիւնը նպաստեցին այդ յարաբերութիւններու հանգիստ ու անկաշկանդ հաղորդակցութեան: Այսուամենայնիւ, գիրքին վերնագիրը կը հաստատէ ոգին, որ կ՛ընդգրկէր այդ տասնամեակին, արտայայտելով այն հոգեբանութիւնը, որ կը տիրէր ամէնուրեք:

Հայրենիք եւ սփիւռք կ՛որակէ հեղինակը վերնագիրը, եւ ո՛չ Հայաստան եւ սփիւռք եզրոյթը, որ տասնամեակներով  թիւրաբար պարփակեց մեր ժողովուրդը հերձող  հասկացողութիւնը: Առաջինին մէջ կը խտանայ սփիւռքահայուն հասկացողութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, որ է` հայրենիք եւ ոչ սոսկ Հայաստան  մը, որ պետութիւն է եւ պետական շահերով առաջնորդուած էութիւն մը: Իսկ սփիւռք հասկացողութիւնը այստեղ չի վերաբերիր Լիբանանի մը, Ամերիկայի մը, կամ Ֆրանսայի մը  մէջ գտնուող հայ համայնքներուն միայն, այլ` սփիւռք մը, որ մայր Հայաստանէն անճիտուած, կոտորածի եաթաղանէն ճողոպրած հազար հազարներով  տեղահանուած հայեր են տարածուած` աշխարհով մէկ` Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ աշխարհի տարբեր տարածքներուն ու վերածուած  լիբանանահայու, ֆրանսահայու, կամ  ամերիկահայու: Բայց բոլորին սրտերուն մէջ «Հայաստան ասելիս» հայրենիքն է, որ կը զարթնի, ա՛յն հայրենիքը, որուն ամէն մէկ սփիւռքահայ կը տենչայ, որ` պատկանելիութեան  հզօրութեան ամբողջ տարողութիւնը կ՛ընդգրկէ, որ` կը տանի զինք դէպի  իր պապենական հողն ու տունը` Վան, Մուշ, Վասպուրական, Խարբերդ, Զէյթուն, Մարաշ, Սվազ, Այնթէպ,  Կիլիկիա,  որ այսօրուան Հայաստանէն  արիւնով մասնատուած, խլուած  հող է,  տարածք է, իր պապերուն տունն ու կանչն է:

Ահաւասիկ այս նրբութեան խորապէս գիտակից մարդն է հեղինակը, որ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ, երբ «Հայրենիք եւ սփիւռք գործակցութեան  տասնամեայ ուղին»-ին կ՛որակէ իր գիրքին վերնագիրը:

Հեղինակը ՀՀ սփիւռքի նախարարն էր, որ սփիւռքի զանգուածներուն մէջ կրցաւ տեսնել հայրենիքի կարօտով բաբախուն սրտերը, եւ տասը տարի հեզասահ, հանգիստ ու անկաշկանդ,  հարազատ ու թափանցիկ գործեց ու կամրջեց  երկու անջրպետները` ըմբռնելով հոգեբանական խորունկ իրողութիւնը, որ տարիներով ընկճած էր հայը, եւ որ` ընդհանրապէս կը վրիպէր այլ պետական պաշտօնեաներու ուշադրութենէն:

«Հայրենիք եւ սփիւռք գործակցութեան  տասնամեայ ուղին» գիրքը կ՛ընդգրկէ ծաւալուն երեք հատորներ, գրեթէ` երկու հազար էջ, (1994 էջ),  իւրաքանչիւրը առանձին` շուրջ 670 էջ հաշուող տասնամեայ բեղուն ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ,   համահայկական  ժողովներուն, համագումարներուն, գիտաժողովներուն եւ բազմաթիւ Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող այլ  հարցերու առնչուող հանդիպումներուն ընթացքին հեղինակին արտասանած  խօսքերը, ելոյթներն ու նամակները:

Գիրքը խմբագրած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վլատիմիր Կատվալեան, իսկ յառաջաբանը ընդարձակ ծանօթութիւններով գրած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր,  ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալպերթ  Խառատեան:

Առաջին հատորին մէջ կ՛ամփոփուին ՀՀ պետական քաղաքականութիւնը Հայաստան-սփիւռք բնագաւառէն ներս,  համահայկական համաժողովներու ձեռնարկներու եւ մասնագիտական համաժողովներու արտասանուած ելոյթներուն մէջ:

Բ. հատորին մէջ` հայոց լեզուի եւ հայագիտութեան հիմնախնդիրներուն, համահայկական կառոյցներու հետ գործակցութեան եւ համայնքներու հետ հանդիպման առիթներով արտասանուած ելոյթները: Իսկ Գ. հատորը կը պարփակէ կարեւոր իրադարձութիւններու, սուրիահայերու, տօնական եւ յոբելենական հանդիսութիւններու առիթներով արտասանուած ելոյթները:

Այս ելոյթներէն կ՛արտացոլան` սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրները, կապերու ամրապնդման միջոցներն ու հնարքները, անդրադառնալով իւրաքանչիւր համայնքի, կառոյցի, կազմակերպութեան իւրայատկութեանն ու առանձնախնդիրներուն: Իր խօսքերը ուղղուած են առհասարակ երիտասարդ սերունդին` մեր ապագան, յոյսն ու ապաւէնը ամփոփող զանգուածին, եւ հայ կնոջ, որ դերակատար է ընտանիքի միջոցով պահել լեզուն ու հայ մշակոյթը` ազգի մը գոյութեան  խարիսխները:

Հեղինակը հիանալի կերպով կը դիտարկէ հայրենիք- սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ քաղաքական, ազգային, պատմական, հոգեւոր, մշակութային բոլոր հատուածներն ու հանգամանքները` անդրադառնալով Հայաստանի պետութեան քաղաքական վարքագծին եւ սփիւռքի ներուժին օգտագործման` յանուն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հզօրացման: Տասնամեակ մը  ամբողջ իւրաքանչիւր պահ ու վայրկեան  օգտագործած է բացայայտելու, արծարծելու,  լուծումներ որոնելու քաղաքական, ազգային, ինքնութեան խնդիրներուն, հայապահպանման, լեզուի եւ ինքնութեան հարցերուն, որոնց իրազեկ դարձած է սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ իր այցելութիւններուն, սփիւռքի կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ անհատներուն հետ հանդիպումներուն եւ շփումներուն ընթացքին:

Հեղինակը լաւապէս իրազեկ է համաշխարհայնացման ուժերու դէմ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու պայքարին, հոգեբանական եւ ազգային խնդիրներուն, որոնք բոլորը կը վերաբերին ինքնութեան հարցերուն, եւ որոնց հանդէպ խոր յարգանքով կը վերաբերի` արժանանալով սփիւռքի բոլոր ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն հիացմունքին ու յարգանքին:  Հեղինակը քաջածանօթ է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, հայոց պատմութեան. առ այդ, իր խօսքը` տէր կանգնելու անոնց,  պատմական յիշողութիւնը փոխանցելու  նոր սերունդին, սփիւռքի անգնահատելի դերին ազգային պահանջատիրութեան մէջ, ամէն մէկ ելոյթ կը վերածէ գոհարի մը, նոր գաղափարներու, մտքերու գործադրութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման առաջարկներով:

Բոլո՛ր ելոյթներուն մէջ ճոխ մտքերով ու գաղափարներով, բազմաբնոյթ տարբերակներով առաջարկներ կը ներկայացնէ` առաջնորդուելու    Հայաստան-սփիւռք ներդաշնակ համագործակցութեան: Հարուստ ու ճոխ գաղափարները ջրվէժի նման կը յորդին` գրիչին տալով անկաշկանդ սլացք, ըսելիքը բարձրաձայնելու յախուռն ու գեղարուեստական թռիչքով:

Իւրաքանչիւր ելոյթի մէջ կ՛արտացոլայ իր քաջածանօթ գիտութիւնը արծարծուած նիւթին ու համայնքին մասին, կ՛անդրադառնայ սփիւռքի եւ ՀՀ պետութեան յարաբերութիւններու ներքին ծալքերուն, քաղաքականութեան, եւ ապագայի գործակցութեան հնարաւորութիւններուն ու միջոցներուն մասին: Բոլորին մէջ շեշտուած են  ազգային արժէքներու, ինքնութեան պահպանման խարիսխները` ընդգծելով միշտ երեք հիմնախնդիրներ, որոնք կը պայմանաւորեն սփիւռքահայու, թէ՛ հայու գոյութիւնը առհասարակ, եւ որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ` մայրենի լեզուն, հայ մշակոյթը, հայ ընտանիքը եւ Հայ եկեղեցին:

Հրանուշ Յակոբեան մօտէն կը ճանչնայ` սփիւռքի հոգեբանութիւնը,  ցաւը, կարիքները, թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները, եւ այդ ճանաչողութիւնը զինք կը դարձնէ աւելի գիտակից, աւելի յանձնառու ու պատասխանատու Հայաստանի պետութեան  դերին ու պատասխանատուութեան նկատմամբ` յանուն ազգապահպանման համար կատարուած  աշխատանքներուն, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, գործակցութեան զարգացման, հայրենադարձութեան ծրագիրներու մշակման,  ապահովելու անոր գործակցութիւնը` միշտ համաձայն Հայաստանի սահմանադրութեան պահանջներուն:

Հրանուշ Յակոբեան վեց անգամ յաջորդաբար նշանակուած է սփիւռքի նախարար: 2013 հոկտեմբեր 22-ի հրամանագիրով սփիւռքի նախարարութիւնը կը հանդիսանայ` «Գլխադասային մարմին ՀՀ գործադիր իշխանութեան եւ տարածքային կառավարման մարմինների համակարգում` հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման բնագաւառում, համակարգում է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան իրականացումը, ամփոփում եւ գնահատում է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացմանն ուղղուած գործառոյթների  կատարման վերաբերեալ տեղեկութիւնները: Դառնալով ամենամեծ եւ գլխաւոր համահայկական ցանցը, որ կը գործէ հայկական աշխարհի մէջ` Հայ եկեղեցւոյ, կառոյցներուն` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ  եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հետ համատեղ, աշխատանքներ կազմակերպելու աւանդական կուսակցութիւնների, համահայկական կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների եւ անհատ գործիչների   հետ» (Ա. գիրք էջ 41):

Ուրկէ կը բխէր հարիւրամեակի առթիւ հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը: Եւ հանգիտաբար Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ միջազգայնացման  հարցին ու գործընթացին մէջ Հայաստանի պետութեան դերին  անփոխարինելիութիւնն ու հրամայականը: Այս ուղղութեամբ դերակատար եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան հռչակագրի գաղափարին ու պատրաստութեան, որ դարձաւ հիմնաքարը հայրենիք-սփիւռք տասնամեակներու կարծրատիպերը շրջանցելու եւ ազգային գաղափարախօսութիւն ձեւակերպելու նախաքայլերուն: Իբրեւ մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ, միացեալ ուղեգիծ ճշդելու շղթային ոսկէ  օղակը հանդիսացաւ Համահայկական հռչակագիրը, որ անքակտելիօրէն կը միացնէր Հայաստանն ու սփիւռքը` ամրապնդելով երկու կողմերու գործակցութիւնը, գիտակցելով եւ արժեւորելով երկուքին լրացուցիչ  դերին կարեւորութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի  գործունէութիւնը դարձաւ անկիւնաքարը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան: Նախարարին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ` կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային, առանց ներքաշուելու մէկուն կամ միւսին  կողմը, հաւասարակշռուած վերաբերումով ազգային կեդրոններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն հետ, հարցերու պարզաբանման, կազմակերպման եւ գործադրութեան մէջ եղաւ համակարգող եւ ունկնդիր` բերելով իր  ու պետութեան անվերապահ զօրակցութիւնը` իբրեւ նեցուկ, սատար  հանդիսանալով անոնց պատշաճ եւ արժանաւոր իրագործման:

Սփիւռքի նախարարութիւնը` որպէս պետական կառավարման մարմին, չէր նմաներ  այլ նախարարութիւններու, որովհետեւ սփիւռքը ենթակայ չէր ՀՀ կառավարութեան, կարելի չէր սփիւռքի հետ հրամաններով կամ հրահանգներով գործել, եւ ասոր շատ լաւ գիտակից էր սփիւռքի նախարարութիւնը. հետեւաբար սփիւռքը կը դիտէր որպէս գործընկեր, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած,  հարցերուն համատեղ, միասին լուծումներ գտնելու ճանապարհով առաջնորդուելու: Իսկ ծրագիրներու իրագործման մէջ պիւտճէի առիւծի բաժինը կ՛երթար սփիւռքի երիտասարդութեան` քաջալերելով անոնց հայրենիք տունդարձին, կ՛ըսէ Հ. Յակոբեան իր գրառումներուն մէջ: Հետեւաբար շատ բարձր գնահատելի էր իր կեցուածքը հարիւրամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ իբրեւ խորհրդատուի դիրքորոշումով ներկայութիւն մը  ըլլալու հանգամանքը, առանց հարցերուն մէջ պետութիւնը միջամուխ դարձնելու: Կարելի է ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած գործունէութիւնն ու սփիւռքի նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեան շրջանը եղաւ ոսկեդարը անցնող եօթանասուն տարիներուն հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան,   հոգ չէ թէ շատ բան կար սրբագրելի կամ կրկին անգամ արծարծելի, բայց, աւա՜ղ, տեւեց շատ կարճ:

Սփիւռքի նախարարը երախտագիտութեան խոր զգացումներով կ՛անդրադառնայ անցնող տասնամեակներուն` սկսած 1946-էն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածին, իւրաքանչիւր տասնամեակին սփիւռքի ունեցած ներդրումին, բարեգործական ծրագիրներով` նիւթական եւ շինարարական աջակցութեամբ, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման համար:

Բոլոր հանդիսութիւններուն, համագումարներուն, ցուցահանդէսներուն, տօնակատարութիւններուն,  աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ տեղի ունեցան անոնք,  հասաւ բոլորին: Վարար, համակող ու հայրենաշունչ խօսքերով  հրդեհեց գաղութները` բորբոքելով անոնց սրտերուն մէջ հայրենիք տունդարձի կրակը:  «Դարձաւ կամուրջ`  մահուան ափերէն դէպի գալիքը լուսաշող»  եւ «Մեսրոպի սուրբ հանճարով դարձաւ յոյս ու դրօշ»:

Պատմութիւնը չի կրնար ուրանալ այն հսկայ, ընդարձակ ու անկողմնակալ գործունէութիւնը, զոր ծաւալեց սփիւռքի նախարարութիւնը` յանձին Հրանուշ Յակոբեանին, որ ընդգրկեց ամբողջ սփիւռքը` Միջին Արեւելքէն, Եւրոպա  եւ Ամերիկաներ:

Համայնքներու բոլոր կողմերուն, բոլոր յարանուանութիւններուն ու  պատկանելիութիւններուն  հետ պահեց հաւասար հեռաւորութիւն եւ գիտցաւ բոլորը, անխտիր բոլո՛րը գոհացնել իր ներկայութեամբ եւ  մասնակցութեամբ:  Ի պատիւ իրեն` ճանչցաւ սփիւռքը եւ անոր հոգեբանութիւնը, ճանչցաւ  անոր կարիքները,  որոնք կը կիզակէտէին հայ ինքնութեան, լեզուի, հայապահապան գործընթացին վրայ, եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններով դարձաւ սփիւռքի խօսնակը Հայաստանի պետութեան մօտ: Դարձաւ «կռունկ,  որ ետ բերաւ բոլոր պանդուխտներին»:

«Արի տուն» ծրագիրով  իրականացաւ` «Գնա՛, կռունկ, հայոց արտից ծիլ տար կանաչ պանդուխտներին ու ետ դարձիր», բանաստեղծին  երազը:

Գնաց ամէնուրեք ու Մեսրոպի սուրբ բարբառով ու Սեւակի ու Չարենցի հանճարով  ոգեւորեց  զանգուածները ու «ետ բերաւ բոլոր պանդուխտներին»:

Պահեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` միշտ բարձր մակարդակի վրայ  պահելով Հայաստանի դիմագիծը յաչս սփիւռքին:

Հանգանա՞կը սփիւռքի նախարարութեան տասը տարիներու գործունէութեան: Եթէ չափելու ըլլանք, նոյնքան ստուար էջեր կը լեցնեն, ինչպէս եռահատոր գիրքերը` «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան», ուր տակաւին պետական զեկոյցներու թղթածրարները չեն պարփակուիր:

Կազմակերպեց` Հայաստան-սփիւռք համաժողովներ ու խորհրդաժողովներ, համահայկական գիտաժողովներ, մասնագիտական արհեստագիտական համագումարներ` իրաւագէտներու, պատմաբաններու, իրաւաբաններու, լրագրողներու, բժիշկներու, ճարտարագէտներու, տնտեսագէտներու հետ, ուր կ՛արտացոլան բազմաբնոյթ ու բազմակողմանի տաղանդը ձեռնհասօրէն վարելու նախարարութեան պահանջները` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտ գործակցութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան դժուարին ու խրթին գործունէութեան մէջ:

Կազմակերպեց  հայապահպանման փառատօներ` «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» տարազումով, որ դարձաւ աւելի մշակոյթի ներուժի համախմբում` մեծ աշխուժութիւն յառաջացնելով հայրենիքի եւ  սփիւռքի մէջ:

Գումարուեցան խորհրդաժողովներ եւ քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հիմնահարցեր,  կարելիութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ: Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք` ստեղծուեցաւ Սփիւռքագիտութեան կեդրոն, կայացան Հայաստան-սփիւռք համաժողովներ, Հայաստանի մէջ տարբեր-տարբեր արհեստագիտական խմբաւորումներու հետ հանդիպումներ,  ուր քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններով ձեռք ձգելիք դրական արդիւնքները` երկուստեք շահաւէտ ու օգտակար հանդիսանալու նպատակներով: Կազմակերպուեցան` ուսուցիչներու  պատրաստութեան եւ  վերաորակաւորման յատուկ աշխատանքային վարժութիւններ, դասագիրքերու պատրաստութիւն,  հայրենի գրականութեան առաքում, պետական անձնաւորութիւններու ուղեւորութիւններ` սփիւռքի գաղթօճախները այցելելու հայ համայնքներուն: Զարգացաւ եւ աշխուժացաւ գործակցութիւնը, ամրապնդուեցան կապերը, խթանուեցաւ հայրենադարձութիւնը, հզօրացան հայկական ցանցերը:  Քաջալերուեցաւ եւ պայմաններու դիւրութիւններ ընծայուեցան  քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եւ բազմահազար հայորդիք դարձան Հայաստանի քաղաքացի:  Երազ, որ ամէն մէկ սփիւռքահայ կը կրէր իր կուրծքին տակ, ունենալ` հայ ծնած ըլլալու պատկանելիութեան հաստատագիրը:

Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը կը զգենուր հետզհետէ աւելի կազմակերպուած, թիրախաւորուած ու համատարած տարողութիւն:

Ձեռնհասօրէն վարեց այս բոլորը եւ ներկայացուց նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրները` կապերու ամրապնդման հետամուտ ըլլալով իւրաքանչիւր հատուածի, համայնքի, կառոյցի, առանձնախնդիրներուն:

Հարիւրամեակի գործունէութիւնը դարձաւ անկիւնաքարը Հայաստանի  եւ սփիւռքի միջեւ գործակցութեան, հարցերու պարզաբանման ու լուծումներուն: Նախարարութիւնը յիրաւի  դարձաւ  հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած գործունէութիւնը համակարգող ազգային  կեդրոն:

«Հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւն»  եռահատոր գիրքերով պատմութեան կը յանձնուին ոչ անկարելի թուացող Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները, ինչպէս կը փորձեն ցոյց տալ նոր օրերու մունետիկները:

Այդ գործակցութեամբ եւ ամրապնդուող միասնականութեամբ տարուած հսկայական ճիգերով ու աշխատանքներով հետզհետէ կ՛անհետանային կարծրատիպերը:  Սփիւռքը սկսած էր վերջապէս գտնել իր ուղին դէպի հայրենական տուն, իր վերջնական ու յաւերժական կայքը, վերջ դնելով աստանդական ու յոգնաբեկ թափառումներուն, հոգին խաղաղեցնելով հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքներուն իր լուման բերելով:

Սակայն «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» տարածուած  լոզունգներով իշխանութեան եկած  պետական մարդոց սխալներուն, յանցանքներուն, թերութիւններուն  ու սայթաքումներուն անդրադառնալով` ըսենք, որ հրապարակ եկող «քայլողները» երազային Հայաստան մը պարգեւելու խոստումներով  զաւթեցին իշխանութիւնը եւ առաջին հերթին խզեցին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան պորտալարը` սփիւռքի նախարարութիւնը: Ապա իշխեցին` «ասֆալթին փռելով  սեւերն ու պետութիւնը կողոպտողները»: Եւ… ունեցանք` Արցախը` տէ ֆաքթօ ազրպէյճանական տարածքի մէջ ճանչցուած մարզ, նոր աւատապետներ, սնամէջ ու անբովանդակ դիւանագիտութիւն, ապաշնորհ քաղաքական գործիչներ, որոնք հաստատեցին իրենց անձեռնհասութիւնը` իրենց ուժը բանեցնելով միայն փակելով հայրենիքի դռները  իշխող պետական այրերուն դէմ բողոքարկողներուն, արգիլելով անոնց մուտքը հայրենական տուն:  Երբ  նոյն այդ սփիւռքի մէջ  քանի մը  տարիներ առաջ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ընթացքին համայն հայութիւնը  միահամուռ դէմ կանգնած էր  հանրապետութեան նախագահին որոշումին` չստորագրելու համաձայնագիրը, եւ սակայն անոնցմէ ոչ ոք ետ դարձուած էր «Զուարթնոց» օդակայանէն:

«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» մեր ժողովուրդին վիճակեց անստոյգ ու անսահմանելի ապագայ մը:

Այսօր ունինք Հայաստան եւ սփիւռք` կանգնած դէմ դիմաց, խորթացած, իրարու անհաղորդ ու անհաշտ: Կամուրջները քանդուած, յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը  խզուած` կը գրուին մեր նորագոյն պատմութեան տխուր ու ցաւալի էջերը` գարշելի լեզուագարութեամբ: Ինչպէս տասնամեակներով հերձեցին մեր ժողովուրդը` կիզակէտելով աւանդական նոյն թշնամիներուն վրայ, եւ ամլութեան մատնեցին մեր ներուժը, այսօր եւս կը գտնուինք միեւնոյն կացութեան մէջ: Թէ վերականգնումի համար քանի՞ տասնամեակ պիտի պահանջուի, եւ ինչպիսի՞ գերմարդկային ճիգ  պէտք է, կամ ինչպիսի՞ հրաշք մը պէտք է պատահի, կը մնան անպատասխան:

Բայց գիտենք վստահ, թէ`

«Եղկելի մարդիկ փոշի կը դառնան
Ձեր չար սրտերը, ձեր գործերը սին`
Եւ ժամանակի ձեռքը անտարբեր
կը սրբէ, կ՛աւելէ ձեր հետքերն արնոտ» (Ա. Իսահակեան)

«Հայրենիք-սփիւռք տասնամեայ ուղին» եռահատոր գիրքերով պատմութեան կը յանձնուին Հայրենիք-սփիւռք միասնական գործակցութեան լաւագոյն եւ անկրկնելի փաստերը, ուր կ՛արտացոլացնեն հայու անկոտրելիութիւնը ապացուցող հրաշալի իրագործումներ, որոնցմէ սարսափած թշնամին դիմեց իր նենգ ու վատ միջոցին` երեսուն արծաթով գնելու վարձկան մը  եւ փշրելու մեր միասնականութիւնն ու հզօրութիւնը` պառակտելով ու մասնատելով հայրենիքն ու սփիւռքը:

Ատելավառ քարոզչութեամբ կը շարունակուին  հայաքանդումն ու Հայաստանը վերացնելու անհրապարակելի գաղտնագրութիւնները, պարտադրելով Հայաստանի Հանրապետութեան` վերանայիլ իր սահմանները, սահմանադրութիւնը, հայոց պատմութեան դասագիրքերը եւ ջնջել Արցախն ու  Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը հայոց պատմութեան էջերէն, գրականութենէն`  հասնելու համար վերջնականապէս,  ջնջելու հայու հոգիէն այն ամէն ինչը, որ կը կապէ հայրենիքին հողին ու քարին, այն ամէն ինչը, որ կը կերպարէ հայը` ինքնութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, լեզու, ունենալու համար հայութենէ, ազգայնականութենէ դատարկուած, ոչնչացուած հայ ու անապագայ Հայաստան, հասնելու համար, վերջապէս, ներսէն խորտակելու հայը ու Հայաստանը: Հայաստան մը, ուր օրէ օր  թշնամին  ներս կը թափանցէ, իսկ պետութիւնը  անաղմուկ դէպի «խաղաղութիւն» կ՛երթայ:

* * *

Սակայն պատմութիւնը չի մոռնար իր ազգի ազնուագոյն զաւակները յաւերժութեան յանձնելու, գալիք սերունդներուն որպէս ներշնչման աղբիւր առաջնորդուելու անոնցմով, որոնք գիտցան պահու հրամայականէն թելադրուած սքանչելի գործունէութեամբ կամրջել հայրենիքն ու սփիւռքը, դարբնեցին ոսկեայ օղակը հայրենիքը սփիւռքին զօդող ամրակուռ շղթային` ստեղծելով  մէկ  ամբողջութիւն եւ մէկ բռունցք, որմէ մեր թշնամիները սարսափած միացան մեզ ճզմելու համար:

Պիտի շրջանցենք այս փուլը եւս եւ  վերականգնենք կրկին մեր միասնականութիւնը, ու պիտի երթանք կրկին Սարդարապատի պատի  տակ բոլորս միասին, ինչպէս 2007-ին Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ հայրապետներու, հանրապետութեան նախագահին ու ամբողջ պետական աւագանիին,  մեր մշակոյթի լաւագոյն եւ սքանչելի  կատարողներուն եւ համայն ժողովուրդին  հետ միահամուռ երգելու`

«Ու պիտ գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած… հազար  հազար լուսապայծառ հոգիներով վարարած…
Ու պոէտներ որ չեն պղծել իրենց շուրթերն անէծքով, պիտի գովեն  քո նոր կեանքը`  նոր երգերով, նոր խօսքով»:     

Թող այս խօսքերը հնչեն իբրեւ երախտիքի արտայայտութիւն անձնուրաց հայուհիին` Մեծ Տիկնոջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի առաջին  նախարարին` Հրանուշ Յակոբեանին  եւ իր խումբի վեհսիրտ ու վեհանձն, հայրենանուէր որդիներուն, որոնք դարձան ոսկեայ կամուրջը  հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան  եւ առհաւատչեայ ազգային միասնականութեան:

Comments are closed.