«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Կրկին Մերժեց Դատապարտել Հակահայ «Շուշիի Հռչակագիրը»

1 մարտ 2022-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի նիստը: Նիստին` «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն վաւերացուցած «Շուշիի հռչակագիր»-ին վերաբերող յայտարարութեան նախագիծը չընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յիշեցուց, որ յայտարարութեան նախագիծը յանձնախումբին մէջ մերժուած է քաղաքական մեծամասնութեան` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին կողմէ: «Ազգային ժողովի լռութիւնը այս նիւթով կը դառնայ համաձայնութեան նշան` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ նախաձեռնուած պատերազմին պարտութեան եւ հետագայ անյաջողութիւններուն®», ըսաւ ան:

Ըստ Օհանեանի, հաշուի առնելով քաղաքական մեծամասնութեան տեսակէտը, որ այդ յայտարարութիւնը կրնայ վնասել խաղաղութեան դարաշրջանի ձեւաւորման, ընդդիմութիւնը կը նշէ, որ ընդհակառակն` անիկա ամբողջութեամբ ազգային է, ուղղուած է պետական աջակցութեան:

Նախագիծը օրակարգի վրայ ընդգրկելու քուէարկութեան հարցը ստացաւ 26 թեր, 1 դէմ, 57 ձեռնպահ ձայներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.