Փրակայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել-Մաքրոն Եւ Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպումներ
Հոկտեմբեր 7-ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հանդիպումի ընթացքին նշուած է Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ հանդիպումներու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար կարեւորութիւնը:
Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահին` միջնորդական առաքելութեան համար: Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի պրիւքսելեան ձեւաչափին:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած եռակողմ հանդիպումի օրակարգը: Յիշեցնենք, որ նոյեմբերին եռակողմ հանդիպում ունենալու համաձայնութիւնը գոյացած էր Պրիւքսելի մէջ 31 օգոստոսին Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ հանդիպումի ընթացքին:
Ալիեւ Հայաստանի, Ֆրանսայի, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու հետ քառակողմ հանդիպումէն առաջ արձագանգելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի` «Փաշինեան Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ` ուղղակի կերպով խօսելու Ղարաբաղի հետ, ի՞նչ է ձեր պատասխանը» հարցումին ըսած է. «Ղարաբաղի հայերը մեր քաղաքացիներն են: Անոնց հետ հաղորդակցութիւնը մեր ներքին գործն է, որ մենք չենք պատրաստուիր երրորդ երկրի հետ քննարկելու»:
Հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն միացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումին:
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի, Ազրպէյճանի ու Ֆրանսայի նախագահներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի քառակողմ հանդիպումը, որուն աւարտէն ետք Ալիեւ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Յոյսով եմ` աստիճանաբար կը մօտենանք խաղաղութեան»: Ան նշեց, որ ընթրիքէն ետք հանդիպումը պիտի շարունակուի:
«Մօտ ժամանակներս նախարարները պէտք է հանդիպին երկրորդ անգամ, եւ մենք առաջարկած ենք, որ անկէ ետք երկու երկիրներու աշխատանքային խումբերը հաւաքուին եւ քանի մը օր աշխատին խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը պատրաստելու համար: Այլ խօսքով` այս է մեր մտադրութիւնը», ըսած է Ալիեւ:
Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ նաեւ Փաշինեանի եւ Էրտողանի հանդիպումը:
«Փաշինեան եւ Էրտողան խօսած են շրջանային գործընթացներու մասին», կը հաղորդէ հայկական կողմը:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որուն մեկնարկը տրուեցաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ու այդ ուղղութեամբ հետագայ հաւանական քայլերը:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան, բաց սահմաններ չունեցող երկու դրացի պետութիւններուն ղեկավարները շեշտած են յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներուն հիմամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացման: