Փաշինեանն Ամէն Գնով Երկարաձգեց Իր Իշխանութիւնը Յաւելեալ Հինգ Տարիով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Դժբախտաբար, յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան հերթական կեղծուած Ազգային ժողովի ընտրութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ի գործ դրաւ օրինական եւ անօրինական ամէն միջոց՝ բաւարար քուէներ ստանալու եւ Փաշինեանը հինգ տարի եւս վարչապետի պաշտօնին համար վերընտրելու նպատակով։

Փաշինեան խախտած է Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան բազմաթիւ դրոյթներ։ Ան իր քարոզարշաւին համար օգտագործած է պետութեան հսկայական միջոցները՝ այդպիսով չարաշահելով վարչապետի իր պաշտօնը։ Ան հրամայած է ձերբակալել ընդդիմութեան հարիւրաւոր անդամներ՝ անոնց ուղղելով ընտրութիւններուն միջամտելու շինծու մեղադրանքներ։ Ան սպառնացած է ձերբակալել ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները՝ այդպիսով ալ ոտնահարելով դատարաններու անկախութիւնը։ Ան այս սպառնալիքները կրկնած է նոյնիսկ ընտրութիւններու օրը՝ իր յաղթանակի ելոյթին ժամանակ։

Մէկ տարի առաջ Փաշինեանը հրամայեց ձերբակալել յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որ քանի մը ամիս անօրինական կերպով բանտարկուելէ ետք, այժմ կը գտնուի տնային կալանքի տակ։ Այսպիսով, Փաշինեանը զրկեց իր հիմնական ընդդիմադիր մրցակիցը խորհրդարանական ընտրութիւններուն քարոզարշաւ կատարելու կարելիութենէն։

Վարչապետը, հաւանաբար, շինծու մեղադրանքներով պիտի ձերբակալէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը՝ շարունակելով իր վրէժխնդրական յարձակումները Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ վրայ։ Անոր հրամանով բարձրաստիճան քանի մը հոգեւորականներ ամիսներ շարունակ անարդարօրէն բանտարկուեցան, թէեւ անոնցմէ երկուքին խափանման միջոցը վերջերս փոխարինուած է տնային կալանքով։

Փաշինեանը նաեւ ընտրական իրաւունքէն զրկած է տասնեակ հազարաւոր արցախահայեր, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Հայաստանի քաղաքացիներ, վախնալով, որ անոնք պիտի քուէարկեն իր կուսակցութեան դէմ։

Երբ Մոսկուայի մէջ բնակող հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ որոշեցին մեկնիլ Հայաստան՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար, Փաշինեան հրամայեց «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եւ Վրաստան-Հայաստան սահմանին արգելափակել անոնց տեղաշարժը՝ իբրեւ պատրուակ օգտագործելով 25-օրեայ զինուորական վարժողական հաւաքներուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Ասիկա իրականութեան մէջ ակնյայտ փորձ էր՝ խոչընդոտելու Հայաստանի քաղաքացիներուն ընտրական իրաւունքի գործադրութիւնը։

Այս բոլորէն ետք, ըստ հաղորդումներու, ընտրողներուն շուրջ 50 տոկոսը (աւելի քան 700.000 քաղաքացիներ) քուէարկած է Փաշինեանի կուսակցութեան օգտին՝ անտեսելով անոր ձախողած կառավարումը, որ պատճառ դարձաւ 2020 թուականի պատերազմին արձանագրուած կործանարար պարտութեան՝ խլելով հազարաւոր զինուորներու կեանքեր եւ աւելի  մեծաթիւ վիրաւորներ պատճառելով։

Այնուհետեւ ան թոյլ տուաւ, որ 2023-ին Ազրպէյճան բռնագրաւէ ամբողջ Արցախը՝ 2019 թուականին իր կատարած՝ «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ» յայտարարութենէն ետք։ Ան անտեսեց Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի հայ ղեկավարներու ծանր վիճակը, չսատարեց 120.000 արցախահայերու՝ իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին, եւ ձախողեցաւ իր պարտականութեան մէջ՝ ազատագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի այն հատուածները, որոնք 2021 եւ 2022 թուականներէն ի վեր կը գտնուին ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ։

Փաշինեան Հայաստանի հասարակութիւնը բաժնեց «սեւերու» եւ «սպիտակներու»՝ իր համակիրներուն եւ ընդդիմախօսներուն։ Ան երկրի բոլոր հարցերուն համար կեղծ կերպով մեղադրեց նախկին ղեկավարները, թէեւ արդէն ութ տարի է, որ ինք կը վարէ վարչապետի պաշտօնը։ Ան պառակտեց արցախահայութիւնն ու հայաստանցիները եւ թշնամութիւն սերմանեց սփիւռքի նկատմամբ։

Անոր կործանարար քայլերը կը շարունակուին։ 2020-ի պատերազմէն ի վեր ան կատարած է այն բոլոր զիջումները, զորս պահանջած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Ան համաձայնած է փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ կը քննարկէ նախկին չորս ազրպէյճանական անքլաւներու փոխանցումը Ազրպէյճանին։

Ընդդիմադիր այն փոքր կուսակցութիւնները, որոնք չունէին անցողիկ 4 տոկոսի շեմը յաղթահարելու իրատեսական կարելիութիւն, պէտք չէր մասնակցէին ընտրութիւններուն, քանի որ անոնց ձայներուն 50 տոկոսը, Հայաստանի արտառոց ընտրական օրէնսդրութեան համաձայն, պիտի վերաբաշխուի Փաշինեանի կուսակցութեան։ Տասնվեց կուսակցութիւններու եւ երկու դաշինքներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն չափազանց շատ է Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար։

Յունիս 7-ին, երբ քուէներուն դեռ միայն չնչին մասը հաշուարկուած էր, Փաշինեան շտապեց յայտարարել ընտրութիւններուն իր յաղթանակին մասին՝ այդպիսով ճնշում գործադրելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ՝ իր կուսակցութիւնը յաղթող հռչակելու համար։ Ասիկա բացայայտ միջամտութիւն էր ընտրական գործընթացին։

Փաշինեան յաջողեցաւ մոլորեցնել հայ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը՝ խոստանալով գոյութիւն չունեցող խաղաղութիւն: Ալիեւը չի շտապեր ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը, քանի որ կ՛ակնկալէ նորանոր զիջումներ կորզել Փաշինեանէն: Նոյնիսկ 8 օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ կայացած հանդիպումը Ատրպէյճանի ղեկավարի համար չհանդիսացաւ այնպիսի ճնշում, որ ստիպէր զինք, ստորագրել պայմանագիրը։

Այնուամենայնիւ, ամէն բան չէ կորսուած։ Հայ ժողովուրդը Փաշինեանէն ձերբազատելու երկրորդ կարելիութիւն մը ունի. յառաջիկայ ամիսներուն, երբ ան հայ ժողովուրդին դիմէ հանրաքուէով հաստատելու կամ մերժելու Հայաստանի նոր սահմանադրութեան իր, աւելի ճիշդ՝ Ալիեւի տարբերակը, պէտք է գործադրել բոլոր ջանքերը զայն տապալելու համար, թէեւ Փաշինեանը պիտի ընէ կարելի ամէն ինչ՝ անոր հաստատումը ապահովելու։

Քանի որ Ալիեւը խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը պայմանաւորած է նոր սահմանադրութեան որդեգրմամբ, Փաշինեան քաղաքականապէս կործանած պիտի ըլլայ, եթէ չստանայ ժողովուրդին համաձայնութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ ան մերժէ այդ պահուն հրաժարական տալ, բայց եւ այնպէս, պիտի դառնայ հայ ազգի ծաղրի առարկան, եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ պահանջները բաւարարելու անոր մեծ ծրագիրները պիտի անհետանան։

Վերջապէս, անոնց համար, որոնք անդադար կը կրկնեն մեզի՝ Փաշինեանը քննադատողներուս, թէ հայ ընտրողները արդէն ըսած են իրենց խօսքը, եւ մենք իրաւունք չունինք միջամտելու Հայաստանի ներքին գործերուն, ահա իմ հետեւեալ պատասխաններս.

1.- Ես չեմ միջամտեր Հայաստանի ներքին գործերուն։ Ես պարզապէս կ՛օգտուիմ իմ կարծիքը ազատ արտայայտելու իրաւունքէն։

2.-  Իբրեւ լրագրող եւ ազատ երկրի մէջ ապրող քաղաքացի՝ ես իրաւունք ունիմ արտայայտելու իմ կարծիքս որեւէ նիւթի շուրջ, յատկապէս՝ Հայաստանին առնչուող կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ։

3.- Ինչո՞ւ երբ կարծիք կը յայտնեմ Չինաստանի, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ կամ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ, ոչ ոք զիս կը մեղադրէ միջամտութեան մէջ, բայց երբ կ՛անդրադառնամ հայրենիքիս, Փաշինեանի կողմնակիցները անմիջապէս կը փորձեն լռեցնել զիս։

4.- Իբրեւ Հայաստանի երկքաղաքացի՝ ես ունիմ բոլոր իրաւունքները՝ արտայայտելու իմ կարծիքս եւ ներգրաւուելու Հայաստանի ներքին գործերուն մէջ։

5.- Ի վերջոյ, Փաշինեանի կողմնակիցներուն իրական խնդիրը ոչ թէ այն է, թէ արդեօք ես Հայաստանի մասին խօսելու իրաւունք ունի՞մ, այլ այն փաստը, որ ես կը քննադատեմ Փաշինեանը։ Եթէ ես գովաբանէի զայն, անոր աջակիցներէն ոեւէ մէկը չէր պնդեր, թէ ես այդ իրաւունքը չունիմ։

Փաշինեանի աջակիցները պէտք է աւելի մտահոգ ըլլային գործողութիւններով օտարերկրեայ ղեկավարներու, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ, որոնք միջամտած են Հայաստանի ընտրութիւններուն։