Փաշինեան՝ Ռազմագերիներու Հարցով․ «Խաղաղութիւնը Պիտի Լուծէ Շատ Հարցեր»
- (0)

Ազգային Ժողովէն ներս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին՝ նշելով, թէ կառավարութիւնը ամէնօրեայ ջանքեր կ՚ընէ անոնց վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ։
Անոր գնահատմամբ, կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը պիտի նպաստէ գերիներու հարցի լուծման։ Ան կը նկատէ խաղաղութիւնը երկարատեւ եւ փուլային գործընթաց, որուն ընթացքին կարելի է յառաջացնել մնացած խնդիրներու կարգաւորումը։ Ան նաեւ ակնարկեց, որ «նախ՝ բոլոր տարակարծութիւնները լուծել եւ ապա խաղաղութիւն հաստատել» տրամաբանութիւնը իրատեսական չի համարեր, դիտել տալով, որ խաղաղութիւնը ինքնին ընթացիկ գործընթաց մըն է՝ յարատեւ քաղաքական ճկունութիւն պահանջող։
Յիշեցնենք, որ 2023-ի սեպտեմբերին Արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք, Պաքուն ձերբակալեց Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ամենէ ականաւոր դէմքերը, որոնք ցարդ ապօրինաբար կը շարունակեն կալանաւորուած մնալ։ Ներքին ու միջազգային լայն շրջանակներու մէջ այս գործերը կը դիտուին որպէս քաղաքական մղումով իրականացուող կեղծ դատական գործեր, եւ անոնք կրնան հանգեցնել միջազգային օրէնքին խոտոր համեմատող դատավճիռներու։