ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆԵՐԸ ԴԱՏԱՐԿ ԽՕՍՔ ԵՆ ԵՐԲ Կ’ԱՆՏԵՍՈՒԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Ցեղապաշտութեան դատապարտութիւնը, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, գաղթականներու օժանդակութիւնը, միջազգային զօրակցութեան զօրաշարժը կարիքաւորներու համար, պարզապէս յարակցուող գործադրութիւններն են համաշխարահային քաղաքացիութեան սկզբունքին:
ՅովհաննէսՊօղոս Բ. սրբազան քահանայապետ
Սրբազան Քահանայապետը հեղինակութիւն ունէր, բայց բանակ չունէր, իր խօսքը կեանքի իրականութիւն դարձնելու, որպէսզի յարգուի «համաշխարհային քաղաքացիութեան սկզբունքը»:
Այդպէս է ընդունուած կարգը: Աշխարհի ներկայ խառնակ կացութեան մէջ չարչրկուող բառեր կան: Կեղծիքները թաքցնող: Նորոյթ է խօսիլ ցեղապաշտութեան մասին, զայն դատապարտելով վարկ ապահովելու ճապկումներ կ’ընեն ե՛ւ զայն դատապարտող ցեղապաշտները ե՛ւ անզօր զոհերը:
Ի՞նչ են ցեղապաշտութեան յատկանիշները:
Բայց նախ պահ մը շարունակենք յուզուիլ ճանաչումներու հոգեպարար խօսքերով, ապա հասկնալու համար անոնց տարողութիւնը՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի ներկային եւ ապագային համար:
Հայաստան կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը ըրած էր կարեւոր յայտարարութիւն մը, խօսելով հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ըսած էր. «Այս ողբերգութիւնը, այս ցեղասպանութիւնը դժբախտաբար յատկանշեց նախորդ դարու ահաւոր աղէտներու տխուր շարքը»: Օրին ըսուեցաւ, որ նախապէս բաժնուած թուղթերուն վրայ այդ յայտարարութիւնը չկար: Նախապէս, 2015ին, Վատիկանի մէջ, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը գործածած էր ցեղասպանութիւն եզրը, եւ ի հարկէ Թուրքիան զայրացած էր:
Այլ առիթով, սրբազան քահանայապետը, խօսելով ցեղասպանութիւններու մասին, ըսած էր. «Նախորդ դարու այդ սարսափելի աղէտները կարելի եղաւ իրականացնել ցեղային, գաղափարախօսական, կամ կրօնական մոլորանքներու պատճառաբանութիւններով, որոնք խաւարեցուցին դահիճներու միտքը այն աստիճան, որ անոնք ամբողջ ժողովուրդներ բնաջնջելու ծրագիր յղացան»:
Յիշենք, որ ՅովհաննէսՊօղոս Բ սրբազան քահանայապետը եւս, Գարեգին Բ կաթողիկոսին հետ ստորագրած էր ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Եւ ի հարկէ, հետեւելով իր աւանդական փաստարկութեան, Թուրքիան կը ժխտէ հայոց ցեղասպանութիւնը, արդարանալով, որ պատերազմի ընթացքին մեռած էին միաժամանակ հայեր եւ թուրքեր:
Ամերիկայի նախագահն ալ ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին: Ըսաւ. « «Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնք, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` կանխելու նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը»:
Յետո՞յ: Յետոյ ի՞նչ: Կանխել, բարի: Բայց եղածի հետեւանքները ինչպէս պիտի սրբագրուին: Բերանները խուփ են:
Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ եւ դատապարտել… Յետո՞յ: Յետոյ ի՞նչ: Դրական ի՞նչ կայ ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու ժառանգներուն համար:
Ո՛չ ոք կը խօսի գլխագրուած Իրաւունքի եւ Իրաւունքներու մասին:
Սրբազան քահանայապետերը հեղինակութիւն են, բայց իրենց խօսքին կշիռ տուող ուժ եւ բանակ չունին: Բայց ուժ ունեցողներն ալ ճանաչումներու բարոյական մշուշներէն դուրս չեն գար: Այն վայրկեանէն սկսեալ, որ նպատակ դարձուցինք ճանաչումներով բաւարարումը, որ կ’անհանգստացնէ ցեղասպանը, բայց Իրաւունք չի վերականգներ, ինկանք ինքնագոհութեան թակարդին մէջ: Իսկ Թուրքիան անուղղակի կերպով կը քաջալերուի, քանի որ թուղթի կապարճէն ինչ որ կ’արձակուի դատապարտուած է անհետեւանք ըլլալու:
Իրեն հակադրուող անզէն խօսքերը ճիշդ գնահատելով, ցեղասպանը կը շարունակէ իր սկսած գործը, զայն լրումի հասցնելու համար: Կովկասի մէջ իր միջամտութիւնը, Արցախի անկման մէջ իր դերը պայրաքտարներով, զինուորներով, սպայակոյտով եւ վարձկաններով մասնակցութիւնը, ցեղասպանական իր հետեւողական քաղաքականութեան փաստն են: Հարցումը պէտք է ուղղել ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերականգնեն ԻՐԱՒՈՒՆՔը, զոհերու ժառանգներուն Իրաւունքը, հայ ժողովուրդի Հայրենիքի Իրաւունքը: Առանց այս ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐու վերականգնման, ճանաչումները մեռելներու տէրերուն յայտնուած քաղաքավարական ցաւակցական խօսքի թատրոն են:
Այս խաղքութիւնը նախ մենք պէտք է հասկնանք, մերժելով միամիտ զոհերը ըլլալ կեղծ համակրանքներու եւ միջազգային անբարոյութեան: Այլ ձեւով չի բացատրուիր ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԷՆ ԽՈՒՍԱՓՈՒՄը, որ ճանաչումներով կեղծ արդարները կը դարձնէ ցեղասպանին առարկայական մեղսակիցը: Այդ հին եւ նոր մեղսակիցներուն հասցէները գիտենք, բայց զանոնք մենք վարժեցուցած ենք, որ մեզ կրնան ոտքի քնացնել բարոյական պարգեւներով:
Եւ մեր գլխուն վրայ կախուած դամոկլեան սուրը հեռացնելու պարտք չեն զգացած եւ չեն զգար:
Որպէսզի կանխուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վերջնական փլուզումը, աւելի քան երբեք ցեղասպանութեան ճանաչման պարգեւ շնորհողները պէտք է դնել իրենց պատասխանատուութեան առջեւ եւ պահանջել ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում: Ինչ որ կը կոչենք Հայ Դատ, պէտք է կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ:
Հայ Դատը բռնագրաւուած հայաշխարհի դատ է: Առանց հայաշխարհի հայ ժողովուրդին վերադարձնելու արդարութեան իրականացման Իրաւունքի, ցեղասպանութեան ճանաչումները պիտի չկասեցնեն ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութիւն ճանչցած ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, Ռուսիա, Ամերիկա, Եւրոպա բարոյական պարտք ունին Թուրքիոյ պարտադրելու հայոց բռնագրաւեալ հայրենիքի վերադարձը հայ ժողովուրդին:
Անկեղծ թող ըլլան մեզի հետ, անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ, եւ պատասխանենք պարզ եւ յստակ հարցումի մը. ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ: ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ: Նոյն պատճառով նացիները ներխուժեցին Ֆրանսա, եւ մանաւանդ՝ Ռուսիա:
Այս կացութիւնը նախ մենք ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատենք: Ապա՝ միջազգայնացնենք առանց ճապկումներու: Ցեղասպանութեան ճանաչումը այնքա՜ն ինքնանպատակ դարձուցինք, որ երբ Ֆրանսան քուէարկեց ճանաչումը, ազգային մը, համոզումով ըսաւ, որ «ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Հիմա հզօր Միացեալ Նահանգներն ալ ճանչցած են ցեղասպանութիւնը: Ո՞ր նպատակին հասած ենք, ի՞նչ ընելու համար:
Հայոց Ազգային Դատին ի՞նչ լուծում բերուած է:
Եթէ Հայոց Ազգային Դատին հիմնական լուծում չգտնուի, Թուրքիան պիտի շարունակէ իր համաթուրանական ծաւալապաշտութիւնը, որուն հետեւանքներուն դիմաց իրենք զիրենք պիտի գտնեն Հայոց Իրաւունքը վերականգնելու պատասխանատուութենէ խուսափող այսօրուան հզօր մսկոտները:
Բայց նախ մենք ազգային քաղաքականութեան ուղիղ ըմբռնումով, Հայ Դատը պիտի հետապնդենք ոչ որպէս մխիթարական պարգեւի ստացում, այլ ազգի գոյութենական հիմնահարց, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, ընդդէմ պարտուողականութեան եւ թրքասիրական հակահայ բանգէտներու ճապկումներու:
Եթէ այսօր արդէն ուշ չէ, վաղը անդառնալիօրէն ուշ կ’ըլլայ:
Առանց հողային պահանջի եւ այդ պահանջի բաւարարման, Հայ Դատը բեմերէն լսուող դատարկ կարգախօս կ’ըլլայ եւ կը մնայ:
Իր լրումին հասնելու համար կը շարունակուի համաթուրանական ցեղապաշտութիւնը, եւ ուրիշներ ալ, վաղ թէ ուշ, ծանր գին կը վճարեն, միամտօրէն կարծելով, որ իրենց վտանգ չի սպառնար:
Եւ ընթացքին մենք կը դատապարտուինք ըլլալու եւ մնալու յաւերժ եւ յաւերժի կուշտ գաղթականներ:
Յ. Պալեան