Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները. Եւրոպացիները Յանուն Արցախի
- (0)

Պատասխան 2025 թուականի Յունուար 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն
Եւրոպացիները Յանուն Արցախի հարթակը զարմացած եւ ցնցուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անընդունելի յայտարարութիւներէն: Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ’ենթարկեն հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ’անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ’ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրական աշխատանքներ, եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած այդ մեծ յանցագործութիւնը:
Որպէս եւրոպացիներ, վիրաւորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի կը մատնէ այս առաջընթացքը, որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին որեւէ ներքին կամ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի:
Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ տեսակէտերը կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշաւներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:
Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտում եւ պատասխանատուներուն պատժելիութիւն:
Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Ընդունուած վարկած է, որ երբ ոճրագործը չ’ընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կրնայ կրկնել այդ մէկը:
Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չ’ընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները:
Ցեղասպանութեան ուրացոմը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան:
Եւրոպացիները Յանուն Արցախի
10 Փետրուար 2025թ.