«Տոհմիկ օր»-ուան ոսկեայ շղթային 31-րդ օղակը՝ նուիրուած Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ գաղութներուն
- (0)

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ անխոնջ նուիրումով կազմակերպուած «Տոհմիկ օր»-երու շքերթը արդէն երեսունմէկ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր ազգապահպան երթը՝ թորոնթոհայ համայնքի մշակութային կեանքին տալով յատուկ եռանգ։ Երեսունմէկ տարի առաջ կեանքի կոչուած «Տոհմիկ օր»-ուան բացարձակ յաջողութիւնը ապահոված իւրաքանչիւր յանձնախումբ իր ուսերուն առաւ մեծ ու պատասխանատու առաքելութիւն մը՝ տարուէ-տարի ներկայացնելով նախ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի պատմական շրջանները, ապա նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներ՝ անշուշտ իրենց պատմական ուղիով, մշակութային ժառանգութեամբ, ընկերային կենցաղով եւ հոգեւոր դիմագիծով։
Այս ձեռնարկներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը եղած է ո՛չ միայն տօնախմբական հանդիսութիւնը, այլ զուգահեռաբար կազմակերպուող դասախօսութիւնները, որոնք խորք ու գիտելիք կը հաղորդեն հանդիսատեսին՝ կապելու անցեալը ներկային եւ ապագային։
«Տոհմիկ օր»-ը տեղի ունեցաւ երկու օրերու ընթացքին՝ 22-23 նոյեմբեր 2025-ին եւ ընդգրկեց տօնական խրախճանք, գեղարուեստական յայտագիր, գիրքի հրատարակութիւն եւ խորագիտական դասախօսութիւններ։
Նախապատրաստական եռուզեռը սկսած էր մօտաւորապէս ինը ամիսներ առաջ։ Յանձնախումբերն ու ենթայանձնախումբերը մեծ նուիրումով եւ անսահման աշխատասիրութեամբ ստեղծած էին երկօրեայ մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին թորոնթոհայութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ ըմբոշխնելու Նեղոսի ափին գոյացած երեք պատմական հայ գաղութներու՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ ինքնատիպ դիմագիծը՝ իր ազգային, մշակութային ու պատմական բազմերես հարստութեամբ։
Այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան դիւանին եւ բծախնդրօրէն աշխատող յանձնախումբին հսկայածաւալ աշխատանքին արդիւնքը դարձաւ խորապէս տպաւորիչ եւ յիշարժան։ Երկու օրերու ընթացքին Հայ կեդրոնի սրահը լեցուեցաւ հոծ բազմութեամբ, որ համախմբուած էր վայելելու ամիսներու տքնաջան աշխատանքի արդար արգասիքը։ Ճաշկերոյթ, խրախճանք, երաժշտութիւն, ցուցահանդէս, լուռ աճուրդ, գեղարուեստական ներկայացումներ, երաժշտութիւն եւ պարգեւատրումներ, այս ամէնը միահիւսուած Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայկական բոյրով ու յիշողութիւններով յագեցած երեկոյի մը մէջ։
Գաղութներու պարագային առաջնորդող նշանաբանն է՝ «Սփիւռք՝ հայեացքով միշտ դէպի Երկիր», իսկ այս տարուան լոզունգն էր՝ «Հին քաղաքակրթութեան փարոս Նեղոսի ափին», որովհետեւ դարերու ընթացքին այս հին քաղաքակրթութիւնները եւ անոնց մէջ ծաղկած հայ գաղութները եղած են լուսաւորող փարոսներ։
Այդ օրը Հայ կեդրոնի սրահը վերածուած էր հնագոյն Եգիպտոսի կախարդական աշխարհին։ Այցելուները կը դիմաւորուէին Նշան Փափազեանի ջութակէն հնչող նուրբ ու հոգեթով մեղեդիներով։ Եգիպտական գունաւոր զարդանախշերով եւ քանդակներով պատրաստուած մուտքի սեմը, փարաւոններու շքեղ պատկերները, եգիպտական հիերոգլիֆ գրութիւններով զարդարուած պատերը եւ Եթովպիոյ ու Սուտանի անունները կրող խորհրդանշական կոթողը (Obelisk), կը ստեղծէին ժամանակի սահմանները ջնջող տպաւորութիւն մը։
Լուռ աճուրդի եւ ցուցահանդէսի սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին Եգիպտոսէն, Սուտանէն եւ Եթովպիայէն բերուած եզակի ու արժէքաւոր իրեր՝ պապիրոսով պատրաստուած պատկերներ, թանկարժէք զարդեր եւ արուեստագէտներու անգին գործեր, որոնք կը ներկայացնէին պատմական խորք եւ մշակութային վեհութիւն։
Ներքնասրահի մուտքի սեղանին վրայ եգիպտական բուրգերով եւ արմաւենիներով զարդարուած կարկանդակին շուրջը վառուող մոմերը կը լուսաւորէին «Տոհմիկ օր»-ուան հատորները։ Երեսուն տարիներու աշխատանքի արդիւնքը ներկայացնող հատորներու շարքին այս տարի աւելցաւ 31-րդը, որմէ մէկական օրինակ նուիրուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի։ Պատկերազարդ գիրքը կը ներառէ երեք գաղութներու հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու պատմութիւնը, ականաւոր դէմքերու կենսագրութիւնները եւ բազմաթիւ նուաճումներ ու յօդուածներ։
Մուտքին հրամցուած քաղցրեղէններէն սկսեալ մինչեւ ամենէն մանր ու աննկատ մանրուքը մտածուած ու մատուցուած էր բարձր ճաշակով եւ օրինակելի բծախնդրութեամբ։ Ներքնասրահի բեմը՝ Ցոլակ Աթանասեանի, Արա Տէր-Յարութիւնեանի եւ Զոհրապ Թաթիկեանի մասնագիտական ու նրբաճաշակ ոճով մշակուած, վերածուած էր Եգիպտական Կիզէյի հնութիւններու շնչառուչ վայրի մը․ բեմին կեդրոնը կը յիշեցնէր փարաւոններու դարաշրջանը, իսկ երկու կողմերուն տեղադրուած հզօրութեան խորհրդանիշ սֆինքսները կը հաղորդէին պատմական խորհրդաւոր մթնոլորտ։





Սեղանները լեցուն էին աւանդական, համեղ ու խնամքով պատրաստուած ուտելիքներով, կազմակերպուած էին հաճելի անակնկալներ եւ պարգեւատրումներ, իսկ սրահին մէջ կը տիրէր իսկական խրախճանքի ու ջերմ համախմբման մթնոլորտ։
Խրախճանքը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին տէր Բաբգէն արք․ Չարեան՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ, գաղութիս հայկական չորս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Մոնթրէալէն, Վանգուվըրէն եւ այլ քաղաքներէն ժամանած հիւրեր, պարգեւատրեալներ, նուիրատուներ, պատուարժան հիւրեր, բազմաթիւ հայրենակիցներ, ՀՕՄ-ականներ եւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի անդամներ։
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Մեծ եւ հաճելի անակնկալ մը հանդիսացաւ եգիպտահայ ընտանիքի մէջ ծնած ու մեծցած՝ Գանատայի մաշտաբով նշանաւոր հաղորդավար Արտա Զաքարեանի հանդիսավարութիւնը։ Ան ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ ըսաւ․ «Պատուենք եւ տօնենք սփիւռքի այն տարածքը, որ մշտապէս իր նայուածքը ուղղած է դէպի հայրենիք եւ միեւնոյն ժամանակ եղած է հին քաղաքակրթութեան փարոսը Նեղոսի ափին»։
Արտա Զաքարեան իր աւանդապաշտ եգիպտահայ ընտանիքին մասին պատմելէ ետք, կատարեց յուշագրաւ ու անկեղծ խոստովանութիւն մը՝ ըսելով, որ անմիջապէս կրնաս ճանչնալ այն հայը, որ Եգիպտոսէն, Սուտանէն կամ Եթովպիայէն է…։ Անոնք ունին հայկական սիրտեր, ափրիկեան ջերմութիւն եւ արեւի տաքութիւն։ Իրենց իւրաքանչիւր ընտանեկան հաւաքոյթը կը վերածուի Նեղոսի «Խամասին» փոթորիկի նմանող խանդավառ մթնոլորտի։ Այս երեք երկիրներու հայերուն հոգիներն ու սրտերը նոյն ձեւով կը բաբախեն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Նաճարեան, որ «Տոհմիկ օր»-երու հիմնադիրն ու երկար տարիներու պատասխանատուն եղած է։ Ան յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կանգնեցան յաջողութեամբ պսակելու այս հայաշունչ նախաձեռնութիւնը, որ 1994-ին ծնունդ առած եւ մինչ օրս մեծ դեր կը կատարէ հայապահպանման գործին մէջ։ Ան ըսաւ․ «Այս յարկին տակ համախմբուած, միասին բարձր կը գնահատենք հայկական գաղութներու շարունակական ճիգը՝ հայու ոգին ու հայու ստեղծագործ նկարագիրը կենսունակ եւ առոյգ պահելու հրամայականը առաջնահերթ նկատելով, պայքարելով ու գոյատեւելով»։
Հետաքրքրական էր ցուցադրուած տեսերիզը, ուր ներկայացուած էին Եգիպտոսի եւ Եթովպիոյ առօրեայ կեանքէն քաղուած պատկերներ՝ համադրութեամբ Նորհայկ Աթանոսեանի։
Գանատայի թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն արք․ Չարեան իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ շեշտեց․ «…Այս ձեռնարկը պատգամ մը ունի՝ մենք մեզ վերակենսաւորելու, զօրացնելու, որպէսզի կարենանք իրապէս մեր ժողովուրդին յաղթական գոյերթը շարունակել… յանուն վաղուան մեր ուժեղ սերունդներուն»։ Ան բարձր գնահատեց ազգապահպան այս նախաձեռնութիւնը, ապա կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ երգիչ Լեւոն Գարակիւլեան, որ իր բիւրեղ ձայնով ունկնդիրներուն մատուցեց «Իմ Հայաստան աշխարհում» եւ «Թամամ աշխարհ» երգերը։
Հասաւ պարգեւատրման յուզիչ պահը․ Զեփիւռ Տորնա ներկայացուց պարգեւատրելները, որոնք վաթսունական թուականներուն իրենց ջերմ ծննդավայրերէն հեռանալով նոր տուն ու տեղ հաստատեցին սառցապատ, բայց սրտեր ջերմացնող Գանատայի մէջ։ Անոնք իրենց անխոնջ աշխատանքով ու երազներու իրականացման ճանապարհով դարձան համայնքի յարգուած եւ ճանչցուած դէմքերէն։
Պարգեւատրուեցան Շաքէ Կէօնճեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Սարգիս Պալեան եւ տոքթ․ Ժիրայր Թռնամեան, որոնք մեծապէս գնահատեցին ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի փափկանկատութիւնը, հակիրճ ու յուզիչ խօսքերով վերյիշեցին անցեալէն այսօր երկարող եւ նուաճումներով լի իրենց կեանքի ճանապարհը։ Անոնք՝ մագաղաթի վրայ պատկերուած եւ շրջանակուած հայկական մանրանկարչութեան արուեստի գործերով պարգեւատրուեցան՝ ձեռամբ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի, յանձնախումբի ատենապետ Արշօ Զաքարեանի, փոխատենապետ Հուրի Նաճարեանի եւ յանձնախումբի ատենադպիր Սոնիա Գրաճեանի։
Այս առիթով ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլի բերկրալի յայտարարութեամբ մը յիշեցուց, որ այս «Տոհմիկ օր»-ուան հասոյթէն տասը հազար ամերիկան տոլար պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Յոյսի օճախներ» ծրագրին։
Յուզիչ պահեր առթելով ներկաներուն՝ եգիպտահայ հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Անուշքա Սէլիմի երգեցողութեան տեսերիզը ցուցադրուեցաւ պաստառին վրայ, որմէ ետք Մոնթրէալէն հրաւիրուած Վարդգէս Քիւփէլեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն սրտով» քերթուածը եւ իր արտայայտիչ առոգանութեամբ ու Շիրազի խօսքերով պայքարի դռներուն բանալիները ներկայացուց ունկնդիրներուն։
Եգիպտական մշակոյթէն երաժշտական ընտրանի մը ներկայացուցին երաժիշտներ՝ Նշան Փափազեան, Մատիանա Թորոսեան, Անթուան Ճորճի եւ Պարէթ Սանթուրճեան։
Կատարուեցաւ մուտքի տոմսերու վիճակահանութիւնը։ Երեք բախտաւորներ շահեցան արժէքաւոր նուէրներ՝ «Եթովպիացի աղջիկ» իւղանկարը, շրջանակուած «Եգիպտական Արմաւենի» պատկերը եւ «Սեւանայ լիճ» գծագրութիւնը։
Յանձնախումբի անդամներուն ձեռքի գործը հանդիսացող ապակեայ կեդրոնազարդ ծաղկամանները նուիրուեցան ամենէն մօտիկ թուականին տարեդարձ ունեցող սեղանակիցներէն մէկուն։ Յանձնախումբի անդամները շրջեցան սեղաններուն միջեւ, վիճակահանութեան տոմսերը բաժնեցին եւ թանկագին նուէրներով ուրախացուցին բազմաթիւ ներկաներ։ Ոմանք ալ մասնակցեցան լուռ աճուրդին եւ ուրախութեամբ ձեռք բերին իւրայատուկ իրեր։
«Բարեւ» նուագախումբը՝ գլխաւորութեամբ երաժիշտ Գէորգ Մանուկեանի եւ երգիչ Լեւոն Գարակիւլեանի, երաժիշտներ Արթիւր Թամազեանի, Սեւակ Աւագեանի, Յակոբ Առաքելեանի, Սուրէն Փինէճեանի եւ Պերճ Բարսեղեանի, երեկոն աւելի ճոխացուց հայկական երգերով։ Հայկական տարազներ հագած ընկերուհիներն ու ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ պարեցին ու երգեցին։ Սրահը լեցուած էր ծիծաղով, ջերմ զգացումներով ու անմոռանալի պահերով։ Այդ օրը դարձաւ ո՛չ միայն տօն, այլեւ գեղեցիկ յիշողութիւն եւ խորհրդանիշ՝ հայ գաղութներու մշակոյթներու համադրութեան, ուրախութեան եւ միասնականութեան։
***
Այս թղակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025 (#221) թիւին մէջ: Շարունակութիւնը՝ վաղը:
(լուսանկարները տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը)