Տեսակէտ. Մինչեւ ե՞րբ… առանց ինքնաքննադատութեան. Անդրադարձ` Մկրտիչ Մկրտիչեանի «Մինչեւ ե՞րբ այսպէս» յօդուածին

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Օրեր առաջ, Հայաստանի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին իմ յօդուածիս մէջ փորձած էի բացատրել, թէ այս ընտրութիւնները միայն ներքաղաքական պայքար չէին: Անոնք նաեւ Հարաւային Կովկասին մէջ խորացող աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան արտայայտութիւնն էին, ուր տարբեր արտաքին դերակատարներ կը փորձէին ազդել Հայաստանի քաղաքական ուղղութեան վրայ: Այդ իրողութիւնը կարելի չէ անտեսել: Սակայն արտաքին դերակատարներու ռազմավարական նպատակներուն եւ մեր հասարակութեան խոր մտահոգութիւններուն անդրադառնալը մեզ պիտի չզրկէ ընդդիմութեան պատասխանատուութիւնն ալ քննարկելէ:

Այս լոյսին տակ կարդացի Մկրտիչ Մկրտիչեանի «Մինչեւ ե՞րբ այսպէս» յօդուածը, որ արժէքաւոր ներդրում մըն է ընտրութիւններէն ետք ծաւալած քննարկումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Վազգէն Գաւլագեանի` անոր յաջորդած «Օր վերանայումի»» յօդուածը:

Վերջինս ողջունելի փորձ մըն է, որովհետեւ կը համարձակի խօսիլ ընդդիմադիր դաշտի ինքնաքննադատութեան անհրաժեշտութեան մասին: Յատկանշական է նաեւ, որ խմբագրութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նախաբանով յիշեցնել ընտրական գործընթացին վերաբերող մտահոգութիւնները` իշխանութեան հռետորաբանութենէն մինչեւ վարչական լծակներու օգտագործումը, բռնաճնշումները, կալանաւորումները եւ դատական գործընթացներու նկատմամբ կասկածները: Այս բոլորը լուրջ հարցեր են եւ արժանի` խոր քննարկման: Սակայն անոնք չեն կրնար մեզ ազատել երկրորդ, նոյնքան կարեւոր հարցումէն. ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի ընդդիմութիւնը իր այս վիճակին համար:

Ժողովրդավարութեան մէջ այս երկու հարցումները իրարու հակասող չեն: Կարելի է ընդունիլ, որ ընտրական միջավայրը անհաւասար եղած է, եւ` միաժամանակ ընդունիլ, որ ընդդիմութիւնը պարտաւոր է հաշիւ պահանջել ինքնիրմէ: Իշխանութեան հաշուետուութիւնը պահանջելը ընդդիմութեան պարտականութիւնն է, իսկ սեփական հաշուետուութիւնը պահանջելը` քաղաքական հասունութեան նշանը:

2026-ի ընտրութիւնները պէտք էր դառնային ոչ միայն բողոքի, այլ նաեւ վերանայումի առիթ: Եթէ պատերազմէն, անվտանգային ճգնաժամէն եւ հասարակական խոր բեւեռացումէն ետք անգամ ընդդիմութիւնը չկարողացաւ շահիլ ընտրողներու մեծամասնութեան վստահութիւնը, ապա պարտաւոր է հարց տալ, թէ ինչո՛ւ:

Իրականութեան մէջ այս հարցումը նոր չէ: 2021-ի ընտրութիւններէն ետք նոյնպէս ընդդիմութիւնը կանգնած էր նման ընտրութեան առջեւ: Այն ատեն եւս մեծ ուշադրութիւն դարձուեցաւ իշխանութեան սխալներուն, ընտրական պայմաններուն եւ արտաքին ազդեցութիւններուն: Սակայն դժուար է ըսել, թէ ընդդիմադիր դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ խոր, կազմակերպուած եւ անկեղծ ինքնավերլուծում: Այդ պատճառով ալ զարմանալի չէ, որ հինգ տարի ետք գրեթէ նոյն հարցերը, նոյն բացատրութիւնները եւ մեծ մասամբ նոյն արդիւնքները կը կրկնուին: Երբ քաղաքական ուժ մը չի սորվիր իր նախորդ պարտութիւններէն, դժուար է ակնկալել, որ յաջորդ ընտրութիւններուն տարբեր արդիւնք ստանայ:

Օրերս այս նիւթին շուրջ զրուցեցինք գործընկերոջ մը հետ, որ ըսաւ. «Ընդդիմութիւն չկայ: Կան ընդդիմադիր ուժեր, որոնք նոյնքան մրցակից են իրարու, որքան` Քաղաքացիական պայմանագիրին»: Այս խօսքը առաջին հայեացքէն չափազանցուած կրնայ թուիլ, բայց դժուար է անոր մէջ ճշմարտութեան բաժին չտեսնել: Քանի դեռ ընդդիմադիր ուժերը աւելի շատ կը մրցին իրարու դէմ, քան կը համագործակցին հանրութեան վստահութիւնը շահելու համար, դժուար է ակնկալել, որ քաղաքացին զանոնք տեսնէ որպէս մէկ ամբողջական այլընտրանք:

Սակայն խնդիրը միայն միասնականութեան պակասը չէ: Աւելի հիմնարար հարցեր կը մնան անպատասխան: Ի՞նչ Հայաստան կ՛ուզէ կառուցել ընդդիմութիւնը: Ի՞նչ իրապաշտ արտաքին քաղաքականութիւն կ՛առաջարկէ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ` առանց վերադառնալու այն վասալամիտ մտածողութեան, որ տարբեր ձեւերով ուղեկցած է Հայաստանի քաղաքականութեան անկախութենէն ի վեր: Ինչպէ՞ս պիտի համադրէ ազգային երկարաժամկէտ նպատակները քաղաքացիներու առօրեայ անվտանգային, տնտեսական եւ ընկերային կարիքներուն հետ: Ինչպէ՞ս պիտի դառնայ ոչ միայն հակակշիռ, այլ նաեւ` վստահելի կառավարող այլընտրանք:

Ճեմարանի մեր սիրելի բնագիտութեան ուսուցիչ, ընկեր Միքին հաւանաբար այս հարցը պիտի դիտէր բնագէտի պարզ տրամաբանութեամբ. եթէ պատճառները չեն փոխուիր, արդիւնքներն ալ դժուար թէ փոխուին: «Մինչեւ ե՞րբ այսպէս» հարցումին իմ պատասխանս պարզ է. այսպէս պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ ընդդիմադիր ուժերը իրենց հիմնական խնդիրը միայն իշխանութեան մէջ կը փնտռեն:

Եթէ իսկապէս տարբեր արդիւնքներ կ՛ակնկալենք, ապա անհրաժեշտ է շատ աւելի խոր քաղաքական վերագնահատում մը: Անիկա չի կրնար սահմանափակուիլ ընտրական մարտավարութեամբ կամ կազմակերպական փոփոխութիւններով: Ան պէտք է ընդգրկէ` գաղափարները, ղեկավարութիւնը, կազմակերպական մշակոյթը, հանրութեան հետ յարաբերութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ քաղաքական մտածողութիւնը:

Այս յօդուածը այդ լայն քննարկումին միայն համեստ ներդրում մըն է: Այս բազմաբնոյթ հարցերը կը պահանջեն` հետագայ յօդուածներ, տարբեր քաղաքական մտածողներու լուրջ ներդրումը եւ բաց, ազնիւ բանավէճ: Բոլոր պատասխանները չունիմ, բայց խորապէս կը զգամ, որ մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ հիմնարար բաց մը կայ:

Թերեւս նոյնիսկ «ինքնաքննադատութիւն» բառը բաւարար չէ` նկարագրելու այսօրուան անհրաժեշտութիւնը: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ ինքնավերլուծութեան եւ քաղաքական վերագնահատման մասին, որոնք, դժբախտաբար, տասնամեակներ շարունակ լրջօրէն անտեսուած են: Որովհետեւ նպատակը միայն սխալներ ընդունիլը չէ, ինչ որ ցարդ լրջօրէն չէ կատարուած, այլ` վերաքննել գաղափարները, ռազմավարութիւնը, ղեկավարութիւնը, կազմակերպական մշակոյթը եւ հասարակութեան հետ ընդդիմութեան ունեցած կապը:

Այսպիսի կոչերը յաճախ կը մերժուին մէկ նախադասութեամբ. «Հիմա տեսաբանական հարցեր լուծելու ժամանակը չէ»: Բայց եթէ ոչ հիմա, ապա` ե՞րբ: Եւ եթէ ոչ ընդդիմադիր քաղաքական միտքը, ապա` ո՞վ: Ո՞վ պիտի կատարէ Հայաստանի քաղաքական եւ ազգային վերաիմաստաւորման այդ աշխատանքը:

Ազգայինը միայն անցեալը փառաբանելը կամ մեր մեծերուն յիշատակը տգեղ արձաններով մեծարելը չէ: Անոնց արժանի ժառանգորդը դառնալ կը նշանակէ մեր սերունդին բաժին ինկած պատասխանատուութիւնը ստանձնել` զարգացնելու նոր քաղաքական մտածողութիւն, ձեւաւորելու համոզիչ քաղաքական այլընտրանքներ եւ ճշդելու Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման ռազմավարական ուղղութիւնը: Կախարդական փայտիկներ չկան: Առանց այս մտաւոր եւ քաղաքական աշխատանքին` չենք կրնար ակնկալել, որ նոյն գաղափարները, նոյն գործելակերպը եւ նոյն մտածողութիւնը վաղը տարբեր արդիւնքներ տան: Այդ հիմնարար բացը լրացնելու աշխատանքը այլեւս անյետաձգելի է:

Այո՛, ճիշդ էիր, ընկեր Միքի: «Մինչեւ ե՞րբ այսպէս»: Մինչեւ այն օրը, երբ համարձակինք փոխելու մեր քաղաքական մտածողութիւնը: