Տարհանուած Արցախցիներու Առաջին Խումբերը Հասան Հայաստան. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կը Կազմալուծուի

23 սեպտեմբերին Արցախի տեղեկատուական շտապը տեղեկացուց, թէ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի հետ 20 սեպտեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն ներկայ դրութեամբ ի՛նչ աշխատանքներ կ՛իրականացուին:

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապի, կ՛իրականացուին Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն եւ տեղափոխում մնայուն տեղակայման վայրեր` բանակի կազմալուծման աշխատանքներուն զուգահեռ, որոնողական աշխատանքներ զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ, ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիրաւորներու ու հիւանդներու տեղափոխում Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններ` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ու ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ:

Բացի ատկէ, ներկայիս կը կատարուին նաեւ դէպի Արցախ մարդասիրական բեռներու, բժշկական պարագաներու, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ վառելանիւթի ներմուծում Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով` ռուս խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ, 24 սեպտեմբերին ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման աշխատանքներու մեկնարկ տրուած է, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ արցախահայութեան ապագային շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններ կազմակերպուած են:

Տեղեկատուական շտապէն կը յորդորեն քաղաքացիներուն պահպանել հանգստութիւնը, չմատնուիլ խուճապի եւ չտրուիլ սադրանքներու:

«Այս օրհասական պահուն իշխանութիւնները բոլոր որոշումներուն եւ զարգացումներուն մասին պարբերաբար պիտի իրազեկեն հասարակութիւնը», կը նշէ շտապը:

Այս միջոցին Հայաստանի կողմէ արցախահայութեան տրամադրուած եւ երկար ժամանակէ ի վեր Կոռնիձորի մէջ սպասող մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարերը երէկ վերադարձուեցան:

Բեռները տեղափոխուեցան Գորիս, այնտեղէն կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել անոնց տեղափոխութիւնը Արցախ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբին միջոցով, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբէն:

Ի սկզբանէ նախատեսուած էր այդ 400 թոն բեռը ռուս խաղաղապահներուն միջոցով տեղափոխել շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն:

Միւս կողմէ, երէկ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարեց, որ պիտի իրականացուի Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն պատճառով անօթեւան մնացած եւ Արցախէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած ընտանիքներու տեղափոխում Հայաստան` ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ:

Բնակչութեան միւս խումբերու տեղափոխման մասին Արցախի կառավարութիւնը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ տեղեկատուութեամբ:

Երէկ շտապօգնութեան 23 մեքենաներ մասնագէտներու ու Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխեցին ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիրաւորուած 23 քաղաքացի:

Աւելի քան 8 հազար քաղաքացի տեղահանուած է իր տունէն ազրպէյճանական զինուժի յարձակման պատճառով:

Ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ Շուշիի շրջանի Եղցահող համայնքի բնակիչները տարհանուած են, փաստացի մնացած են անօթեւան եւ ցանկութիւն յայտնած տեղափոխուելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն մօտ, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անոնք երէկ արդէն հասած էին Կոռնիձոր:

InfoPort.am-ի ունեցած տուեալներով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը երէկ այցելած է Իւանեանի օդակայան եւ այնտեղ պատսպարուած քաղաքացիներուն յայտնած, որ շուտով կարելի պիտի ըլլայ զանոնք տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն` Գորիս:

Ըստ աղբիւրին, Սեպտեմբեր 24-ին,  պետական միջոցներով Գորիս տեղափոխուեցաւ քաղաքացիներու առաջին խումբը: Այսօր ճանապարհը պիտի բացուի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք սեփական մեքենաներով պիտի կարենան լքել Արցախը:

Շահրամանեան նաեւ ըսած է, որ երկուշաբթի օր բաց պիտի ըլլան դրամատուները եւ քաղաքացիները պիտի կարենան այնտեղ գրաւադրուած իրենց ոսկեղէնը առանց գումար վճարելու վերցնել:

Ըստ աղբիւրին, առայժմ գործընթացը պիտի տեւէ երկու օր, հետագայի մասին տակաւին որոշումներ չկան:

Արցախէն Հայաստան տեղափոխուածներու կեցութեան կազմակերպումը պիտի չսահմանափակուի միայն Սիւնիքի մարզով: Ըստ անհրաժեշտութեան այլ մարզերու մէջ նոյնպէս կեցութեան վայրեր պիտի կազմակերպուին, «Արմէնփրես»-ին ըսած են Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբէն:

Աշխատանքային խումբի համաձայն, այժմ կ՛իրականացուի տեղափոխուող բնակիչներու առաջնային հաշուառում եւ կարիքներու գնահատում Կոռնիձոր համայնքին մօտ գտնուող կէտին մէջ:

Յայտնենք, որ Սեպտեմբեր 25-ի դրութեամբ, Արցախէն Հայաստան մուտք գործած է 4850 բռնի տեղահանուած քաղաքացի:

 

 

Comments are closed.